Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայերէն Խօսինք Եւ Հայերէն Կարդանք

$
0
0

hayeren-khosink_11017

ՊԵՏԻԿ

Ինծի համար այսօր մեծ մտահոգութիւն դարձած է այն իրավիճակը, որ այլեւս հայերէնը սրընթաց նահանջի մէջ է: Այլեւս շատ սովորական է «բարեւ»-ի տեղ լսել «պոնժուր» կամ «հայ», նոյնիսկ սովորական դարձած «ցատքեցայ»` փոխան «ցատքեցի», իսկ աւելի անընդունելին, երբ մեր հայկական ռատիօ-հաղորդումները ըլլան շատ սահուն ընթերցումներ, բայց երբեք հայկական հարազատ առոգանութեամբ:

Մեր լեզուն բացառապէս հարուստ է երեսունութ տառերով եւ իւրաքանչիւր տառ ունի իր կշիռը եւ ամէն մէկ բառ կը պարտադրէ շեշտաւորում մը: Դժբախտաբար շատեր կ՛անտեսեն կամ պարզապէս չեն գիտեր: Երբ բառ մը կը վերջանայ «կ» տառով, օրինակ` «պանդոկ», կարելի չէ կարդալ «պանդոք»:

Եթէ անվերադարձ կորսնցուցինք Հալէպը` հայերէնի մեր երկու օճախներէն մէկը, Պէյրութը` մեր երկրորդ օճախը, խաթարուած, կը նմանի յանգած ջահի մը:

Ակնարկ մը համատարածին վրայ ու այլեւս չենք գտներ երկիր մը, ուր հայերէնը կը պահէ իր հարազատութիւնը: Արմէն Անուշի, Շանթի ու Աղբալեանի օրերը կը մնան միայն յիշատակ: Իսկ թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, պիտի ընդունինք, որ հոն հայերէն չեն խօսիր… երեւակայել, որ մեր անմեղ ստեպղինը հոն կ՛ըլլայ «գազար», որ ոչինչով կը տարբերի արաբերէն «ճազար»-էն` եգիպտական հնչումով:

Տակաւին նոր հողին յանձնեցինք Յակոբ Կիւլոյեանը` ասմունքի արքան, որ արժեւորուած է ոչ իր սահուն ու անվրէպ արտասանութեան, այլ հայերէն ճշգրիտ առոգանութեան եւ շեշտի տեղադրութեան համար. անոր բերնին մէջ հայերէնը կը դառնար այնքան հմայիչ եւ մեծասքանչ:

Յո՞ երթաս հայերէն…

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>