ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ձիաւորներ կանաչ ճիւղերով կը տողանցեն Անկախութեան հրապարակին շուրջբոլորը, իւրաքանչիւրը երկիւղածութեամբ, սլացիկ կոճղին վրայ կը հաստատէ իր բերած ճիւղերու խուրձը, յաջորդ պտոյտով մը նորերը բերելու համար: Նոր հասկացողութեամբ տօնածառի արարում, ծիսական արարողութիւն մը կ՛ընթանար աննախադէպ միջավայրի եւ տարեթիւի մը մէջ:
… Եւ ահա Ամանորի սահմանագիծին հրաւէրի լուրը կը թակէ ու կը շոյէ իւրաքանչիւրին լսողութիւնը.- Անկախութեան, հրապարակի հսկայ տօնածառին շուրջ դեկտեմբեր 31-ի գիշերը իւրաքանչիւրս, այսինքն` բոլոր-բոլորս հրաւիրուած ենք հիւրասիրուելու խորովածով:
Հրապարակին հսկայ հարթակը` բոլորին հսկայ սեղան:
Հասած է պահը: Սփիւռքահայ ուսանողներուս համար, բնաւ ալ հարց չէ եղած Նոր տարին դիմաւորելը: Մեր ուսանողական հանրակացարանները միշտ ալ հսկայ տօնահանդէսի մէջ եղած են, ուրախ տօնական եռուզեռը, Ամանորի ամբողջ տեւողութեան, երբեք անծնող, որբացած ուսանողի հոգեվիճակը զգացնել չէ տուած մեզի: Ոչ սեղանը, ոչ ալ աւանդական ուտելիքի բացակայութիւնը մտածելու առիթ տուած է: Ընկերական մթնոլորտը շատ յաճախ թեթեւցուցած եւ սփոփած է տունէն հեռու ըլլալու ցաւը: Չորս Ամանոր յաջորդաբար, բոլորովին առանձին, բայց միաժամանակ հարիւրաւոր ինծի նման ուսանողներու հետ անցընելէ ետք, առաջին տարին էր, որ, իբրեւ նորակազմ ընտանիք, պիտի դիմաւորէի հայրենի Ամանորը:
Կ՛ընդառաջենք այս հսկայ համայնական հրաւէրին: Գողտրիկ, համեստ աղանդերի մեր սեղանը անմիջապէս կը լքենք` հասնելու համար մեզի համար աննախադէպ խրախճանքին:
Այդ օրերուն հայրենի մեր երկիրը գոյատեւելու, սահմաններ ճշդելու, անկախանալու, զարթնումի նոր հանգրուանի մը մէջ կը ծփար, մերթ խորերը, մերթ բարձունքներ: Հանելուկային, անակնկալներով լեցուն ծովու մը մէջ, մենք եւս անմասն չէինք կրնար մնալ այս բոլորէն: Սակայն ամէնէն ցնցողը կրակի գօտիէն նահատակ ֆետայիներուն` Երեւան ժամանումը կ՛ըլլար: Դագաղները կը շրջէին հոծ բազմութեան հետ, վերջին անգամ իրենց սրբացած ու անմահացած դիմագիծերը դրոշմելու իւրաքանչիւրիս հոգիին ու սրտին մէջ, այնտեղ դաջուելու, մեզի հետ ապրելու համար:
Ծանր օրեր էին… բառերով նկարագրելը միշտ ալ կրնայ նաեւ անոնց իսկութենէն շատ բան պակսեցնել…:
Մարդ արարածը օժտուած է ինքնամխիթարութեան յատուկ պարգեւով: Մայրաքաղաքի կեդրոնը կը խայտայ, բոլորը հեւքով կը սպասեն դիմաւորելու Ամանորը: Մինչ մեր հրապարակ հասնիլը, խորովածը արդէն իսկ սպառած էր, բայց վիթխարի, խորհրդաւոր եւ լուսաւոր ծառը իր ներկայութեամբ բարի հովանաւորի մը պէս հեռուէն կը ժպտար: Ամէն կողմ ուրախ քրքիջներ, երաժշտութիւն, առաւելաբար հայրենասիրական եւ ֆետայական երգեր կը հնչէին…:
Կը հանդիպինք մեզի նման ուսանողներու: Տօնածառի շուքին տակ միասին ժամանակ անցընելէ եւ իրարու շնորհաւորական մաղթանքներ փոխանցելէ ետք, կ՛որոշենք վերադառնալ տուն, այսինքն` մեր հանրակացարանի սենեակը (սփիւռքահայ ուսանողները այն ժամանակ իրաւասութիւն չունէին սեփական կամ նոյնիսկ վարձու տուն, սենեակ ունենալու. օրէնք էր, զոր պարտաւոր էինք յարգել):
Ջերմաստիճանը զերոյէն բաւական ցած էր, սաստիկ ցուրտ. այդ ժամուն թաքսի գտնելը անհնարին էր, իսկ «բաբախ» վճարովի անձնական մեքենայ նստիլը, թէեւ շատ սովորական երեւոյթ էր այդ օրերուն, այնուամենայնիւ այդ մէկը եւս դարձած էր անգտանելի:
Մօտաւորապէս ամբողջ ժամ մը թաքսի կանգնեցնելու ապարդիւն փորձերէ ետք, յանկարծ ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէ: Կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցին Ամանորը, եւ իբրեւ վճարովի թաքսիի վարորդի, հասցէն կը բացատրենք` Հանրակացարաններ, Երկրորդ Մասիւ, 4-րդ մասնաշէնք: Վարորդը ինքզինք կը ծանօթացնէ ըսելով. «Ծանօթանանք` Փայլակ», ու կը մեկնէ ձեռքը: Իրարու ձեռք սեղմելէ քանի մը վայրկեան ետք արդէն Սայեաթ Նովա պողոտայի վրայ ենք, եւ վարորդը, խճողումը ձեւով մը յաղթահարած, յանկարծ կ՛արագացնէ իր ընթացքը` յարելով. «Նստելուց յետոյ ուր գնալը դուք չէք որոշեր», եւ շատ կտրական կ՛աւելցնէ. «Ես եմ որոշում, գնում ենք մեր տուն եւ վերջ»:
Մեր մերժողական բոլոր ջանքերը ապարդիւն կը մնան: Ղեկը անոր ձեռքն է, ազդալոյսերուն բազմիցս կը փորձեմ դուռը բանալ քմահաճ այս վարորդէն ազատելու համար, բայց անիմաստ: Դռները կեդրոնական կղպանքով կղպուած էին, իսկ իմ անհանգիստ ըլլալս իբրեւ տեղեկանք ներկայացնելս անիմաստ եւ տեղ չհասնող միջամտութիւն էր:
– Նոր տարի է, իսկ դուք տուն չունէք, կը գնանք մեր տուն, մի լաւ քէֆ կ՛անենք,- կարեկցական շեշտով մը կը բացագանչէ Փայլակ:
Մինչ մեր անտեղի ջանքեր վատնելը, ինքնաշարժը կը սկսի սլանալ դէպի մեզի համար անծանօթ շրջան մը: Մօտաւորապէս կէս ժամ մեր կիսահարբած վարորդը կը փորձէ լռեցնել մեր թախանձագին աղերսները, ձայնասփիւռի կոճակը աջ ու ձախ կը պտտցնէ, մեզի ս՜ ս՜ ս՜ ս ըսելով: Անծանօթ հնչիւններ կը սփռուին արդիական ինքնաշարժի ձայնասփռման ալիքներէն, օտար բառեր, նոյնիսկ ինծի կը թուի, թէ հեռախօսային կապեր են, որոնց կցկտուր բառերով պատասխանելու փորձեր կը կատարէ Փայլակ: Այս բոլորը անհասկնալի ու վախազդու ըլլալու աստիճան կը յուզէ մեզ: Թանձր մառախուղ է մեր շուրջբոլորը, անտեսանելի մութ, իսկ ապակիներուն գոլորշիացած մակերեսի լուսանցքներէն կարելի կ՛ըլլայ կռահել դուրսի ամայի եւ անապատային տարածքը: Շրջանին ուր ըլլալը կը հարցնենք, ոչ մէկ պատասխան. «Քիչ մնաց» կը յարէ ամէն անգամ, երբ փորձենք մեր ուր հասնիլը կամ դէպի ուր ուղղուիլը ստուգել:
Ձիւնի ստուարացած շերտերը ճեղքելէ եւ բաւական աջ ու ձախ խարխափելէ ետք, մեր շունչերը պահած, կը հասնինք իրենց տուն, որուն հասցէն ցարդ անյայտ կը մնայ ինծի:
Տափակ միապաղաղ կտուրներով, հատուկենտ կառոյցներ, կողք-կողքի նստած անհրապոյր, աղքատիկ արտաքինով, միայարկանի տուներ: Վերջապէս փոքրիկ մեր վանդակին դուռը կը բացուի, բայց ստիպուած անկէ դուրս եւս պարտաւոր էինք ենթարկուիլ իրեն` մեր քմահաճ բռնակալին: Կը յառաջանանք: Կարծեցեալ դրան չհասած, ան իրար ետեւէ բարձրաձայն կը թուարկէ մէկէ աւելի անուններ, որոնցմէ ոչ մէկը կը յայտնուի: Ոտքով կը հրէ կիսախարխուլ դուռը, որ անմիջապէս կը բացուի: Մենք ստիպուած կը հետեւինք իրեն: Ներսը խոր մթութեան մէջ հազիւ նշմարելի կը դառնայ տան ներսի սահմանը, որ, ըստ երեւոյթին, խոշոր սենեակէ մը բաղկացած էր: Ելեկտրականութիւնը անջատուած էր: Յատակին քանի մը ներքնակի վրայ կողք-կողքի քնացած են ութ-տասը տարեկան եւ քիչ մը աւելի մեծ երեխաներ, որոնք Փայլակի բամբ ձայնէն, գոչիւններէն, «այ մարդ վեր կացէք»-ներէն, կը սկսին կամաց-կամաց շփել իրենց արտեւանունքները: «Երեխաներս են,- կ՛ըսէ. մօտաւորապէս հինգ կամ վեց երեխայ, որոնցմէ միայն երեքը կ՛արթննան: Աչքիս ծայրով կը դիտեմ սենեակը, ուրկէ միայն արգահատելի տեսք եւ ահաւոր խեղճութեան հոտ կը բուրէ: «Եկէք սեղան, պասուց տոլմա ունենք», կը բացագանչէ: «Իսկ տանտիկի՞նը որտեղ է» հարցումիս կը պատասխանէ. «Հիւանդանոց. գիշերապահ հերթապահ է, առաւօտուն կը գայ, կը մնաք, կը ծանօթանաք»: Կ՛անդրադառնամ, թէ կատարելապէս գերեվարուած ենք: «Հիմա նստէք սեղան, մի լաւ խմելու ենք», կ՛ըսէ Փայլակ` մեր քիչ առաջուան ահաբեկիչը, որ քոնեակ մը կը բանայ, իսկ պասուց տոլմային, որ մինչ այդ ինչ ըլլալուն անծանօթ էի, կը ծանօթանամ եւ կը փորձեմ համտեսել ձեւացնել:
Լամբի աղօտ լոյսի ելեւէջներէն կ՛ուրուագծուին երեխաներուն անխնամ հագ ու կապը, լացակումած դէմքերը, որոնց կը միախառնուի տանտիրոջ ծայր աստիճան գոհ եւ յաղթական կերպարանքը` բոլորովին հակասական պատկեր մը ստեղծելով: Կ՛որոշենք մնալ իրենց հետ, կը տեղաւորուինք բացակայ տանտիկինով սեղանին շուրջ, կը սեղմուինք մեր վերարկուներուն մէջ` պաղէն չսառելու համար: Հայկական գեղեցկութեամբ, զարմացկոտ հայեացքներով, կարմրաթուշ երեխաները Նոր տարին չէին դիմաւորած, իրենց հայրը սպասելէն յոգնած եւ յուսահատած քնացած էին, կը մօտենամ, կը փաթթուիմ, կը նստեցնեմ մեր կողքին. կը ծանօթանանք, քանի մը մանկական ամանորեայ երգեր կ՛երգենք միասին, ետքը կը վերադառնան անկողին: Մինչ կը խոստանամ յաջորդ օր անպայման Ձմեռ պապիին հետ իրենց նուէրներ ղրկել, պայմանաւ որ պարոն Փայլակ չարգիլէր մեր մեկնումը…:
Քանի մը ժամ ետք Փայլակ կրկին խարխափելով մեզ մեր տունը կը հասցնէ: Երկրորդ Մասիւի զառիվերը բաւական դժուարութեամբ կը բարձրանանք, մինչ ղեկը մերթ ան եւ մերթ մենք կը ստանձնենք: Թանձր մառախուղի ընկերակցութեամբ, նախախնամական հրաշքով մը կը հասնինք անվթար: Զինք մեր համեստ սեղանէն հիւրասիրելէ եւ դառն սուրճով մը սթափեցնելէ ետք, ճամբու կը դնենք` հալէպաբնակ քոյրիկիս եւ եղբայրիկիս համար իմ պատրաստած խաղալիքներով…:
Փայլակին լուսաշող դիմագիծերով երեխաները որքա՞ն ուրախացան այդ խաղալիքներով, հարցական կը մնայ ինծի: Բայց գոնէ ես, անզուգական, խորհրդաւոր եւ արկածախնդրական Ամանոր մը անցուցած եղայ այդ ցուրտ ու ահեղաշունչ տարին:
11 դեկտեմբեր 2014, Հալէպ