2016-ը համահայկական առումով եղաւ ծանր, բարդ իրավիճակներով լի, բայց բարեկարգումներու եւ սփիւռք-Հայաստան-Արցախ եռամիասնութեան պահպանման ու առաւել ամրապնդման ուղղուող տարի:
Հայաստանեան առումով, թէեւ մերթ ընդ մերթ գլուխ ցցեցին բողոքի ժողովրդային արտայայտութիւններ, այնուամենայնիւ երկրի իշխանութիւնները այդ բողոքները աչալրջութեամբ ընդունեցին ու կառավարութեան վերակազմութեամբ, սահմանադրական փոփոխութիւններու գործնական ու հեռանկարային քայլերու որդեգրումով, տնտեսական նոր քաղաքականութեամբ ու մանաւանդ երկրի բոլոր ոլորտներուն մէջ բարեկարգումներու կոչուած պետական ծրագիրներով երկրի ներքաղաքական կեանքին մէջ նկատառելի ոստում կատարեցին:
Արցախ աշխարհի մէջ եւս սահմանադրական բարեփոխումները ժողովրդավարական համակարգի բարելաւման պարագծումը ամբողջացուցին: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմով, թէեւ Ազրպէյճան ամէն ջանք ի գործ դրաւ խանգարելու Արցախի յառաջընթացն ու կայունութիւնը, այնուամենայնիւ հայոց բանակի խիզախ մարտիկներու հերոսութեամբ ետ մղուեցան անոր դաւադիր ծրագիրներն ու Արցախի սահմաններուն վրայ պինդ կանգնած հայ զինուորը հատու պատասխան տուաւ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան:
Համայն հայութիւնը իր զօրակցական արշաւներով նեցուկ կանգնեցաւ արցախեան 25-ամեայ յաղթանակին ու անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութիւնը:
Սուրիական առումով, փակուող տարին եղաւ արիւնալի ու ողբերգական տարի մը: Հայ համայնքը, յատկապէս Հալէպի մէջ, անցնող տարուան ընթացքին ունեցաւ մեծ թիւով զոհեր եւ նահատակներ: Նիւթական հսկայ վնասներուն կողքին, կենցաղային վատ պայմաններն ու մարդկային զոհերը, որոնց կողքին տնտեսական անել վիճակը, գաղութի հայութիւնը դժուար կացութիւններու դէմ յանդիման կանգնեցուցին:
Հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան նուիրուած Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութիւնը պսակադրումը եղաւ նուիրական այն գաղափարին, որուն նուիրուած հայ երիտասարդները իրենց ղեկավարին նահատակութեան դիմաց յուսահատելու փոխարէն առաւել մեծ յանձնառութեամբ շարունակեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը:
Համայնքի կազմակերպուած կեանքը շարունակուեցաւ` հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններուն: Դպրոցներ, եկեղեցիներ, միութիւններ շարունակեցին գործել ո՛չ միայն եռուն պահելու համայնքի ազգային կեանքը, այլեւ տէրը կանգնելու դարարմատ մեր համայնքի ազգային ժառանգութեան պահպանման յանձնառութեան:
Համայնքին թիւը նoսրացաւ, բայց ապրելու տենչը չմարեցաւ:
Աշխարհասփիւռ հայութեան ու հայաստանեան նիւթական օժանդակութիւններն ու զօրակցական կոչերը խթանեցին մեր գոյերթը:
Հալէպահայութիւնը հաւատքով սպասեց Հալէպի ազատագրումին: Ու երկար սպասումէ ետք, բախտաւոր օր մը Հալէպը ապրեցաւ ազատագրման ուրախութիւնը:
Հալէպի ազատագրումով, թէեւ սուրիական պատերազմը իր աւարտին չհասաւ, սակայն վերջ գտան հալէպահայութեան ապահովական ամէնօրեայ տագնապն ու ողբալի օրերը:
Հալէպի յաղթանակը ռազմավարական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ սուրիական տագնապի լուծման քաղաքական գործընթացին մէջ:
Իսկ հայութիւնը, որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը Հալէպի ու ողջ Սուրիոյ բնակչութեան, հաւատքով պիտի սպասէ Նոր տարուան` գէթ սկսելու վերականգնումի ծրագիրներու մշակման գործընթացին` ամոքելով իր ցաւերն ու սպիացնելով իր վէրքերը:
Թող 2017-ը խաղաղութեան տարի ըլլայ ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ համայն աշխարհին համար:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս. Ծնունդ: