ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ-ԵԱՐԱԼԵԱՆ
Պատերազմը ահաւոր բան է: Աւելի ահաւոր է, երբ ան միայն երկու յստակ կողմերու միջեւ չէ, այլ` բազմաթիւ բացայայտ եւ վարագոյրի ետեւ գործող կողմերու միջեւ ընթացող ու մարդկային երեւակայութեան ամէն սահմանները անցնող քանդում է:
Ընդունուած իրականութիւն է, որ պատերազմի մէջ յաղթող կողմ չ՛ըլլար: Միայն պատերազմը կը յաղթէ: Եւ ճիշդ է, մասամբ: Պատերազմը կորուստի վերնագիր է. կեանքերո՛ւ կորուստի:
Սուրիոյ պարտադրուած պատերազմը բացառութիւն չի կազմեր: Հարիւր հազարաւոր զոհեր, վիրաւորներ, հաշմանդամներ եւ գաղթականներ արձանագրուեցան: Երկիրի մէկ մասին ենթակառոյցը ամբողջովին քանդուեցաւ: Պատմական յուշարձաններ գետնին հաւասարեցան: Արեան մէջ ապրող սերունդ մը յառաջ եկաւ: Իւրաքանչիւր բնակիչի կեանք այս պատերազմէն ազդուած է:
Կորուստներուն ցաւը կարելի չէ ամոքել: Թեթեւցնելու փորձերը, համոզուած եմ, հազիւ յաջողին միայն առժամաբար մեղմացնել զայն: Ինչպէ՞ս մոռնալ զոհուած հարազատի ցաւը, թեթեւցնել հաշմանդամին վիճակը, միացնել տարտղնուած ընտանիքները… Քարէ կառոյցները կը վերակառուցուին, բայց մարդկային կորուստները անփոխարինելի են:
Հալէպի յաղթանակին մէջ պարտութիւն տեսնողները, հասկնալիօրէն, այս համոզումով կ՛առաջնորդուին:
Սակայն, պատերազմին նպատակը միայն քանդում եւ տեղահանում չէ: Իսկ այսօրուան պատկերը առաւելաբար այդ մօտեցումով դիտելը մարդկային է, բայց արդար չէ:
«Պատերազմ» երեւոյթին քիչ թէ շատ ծանօթ մարդիկ այս իրականութիւնը գիտեն: Անոնք գիտեն նաեւ, որ պարտութեան կամ յաղթանակի չափանիշը իրականացած նպատակներու ծաւալն է:
Ա՛յս դիտանկիւնէն` Հալէպ յաղթած է: Հալէպցին, բազմազան դժուարութիւններու տոկալով, յաղթած է մահը իրեն պարտադող կողմերուն:
Սուրիոյ եւ շրջանային մակարդակով` Հալէպ յաղթած է պարտադրուած պատերազմին ու ահաբեկչութեան երեւոյթին: Խաբկանքը չունինք հանգիստ շունչ քաշելով մտածելու, որ ահաբեկչական արարքները վերջ գտած են: Երբե՛ք: Գաղտնիք չէ, որ յաջորդ հանգրուանին ահաբեկչական գործողութիւններ պիտի ըլլան: Բայց, Հալէպ Ռաքքա մը պիտի չդառնայ. եւ վե՛րջ: Պիտի չդառնայ այն, ինչ որ բազմաթիւ կողմեր, ներառեալ մե՛ր դարաւոր թշնամին, կ՛երազէին տեսնել:
Միջազգային մակարդակով` Հալէպ հաստատեց երկբեւեռ համակարգի վերածնունդը: Քաղաքական խրթին վերլուծումներէ հեռու եմ: Սակայն կարելի է ըսել, որ այսպիսով աշխարհը որոշ հաւասարակշռութեան կը մօտենայ: Այս իմաստով, այո՛, Հալէպի վերջին զարգացումները նշանակալի են:
Հալէպն ու իր բնակիչները բազմաթի՜ւ խոչընդոտներու դիմաց կանգնած են:
Պատերազմը բացասական նոր երեւոյթներ ծնաւ, որոնք աւելնալով նախկիններուն վրայ, առօրեան կը դժուարացնեն: Անոնց լուծումները արագ պիտի չըլլան: Զինեալները, կաշառակերութիւնը, ագահութիւնը, արեան հոտը, վրէժխնդրութիւնը եւ այլն մէկ օրէն միւսը պիտի չվերանան:
Սուրիոյ պատերազմը տարիներ կրնայ շարունակուիլ: Նժարը, պայմաններուն համեմատ, այս կամ այն կողմ կրնայ թեքիլ: Բնական է: Բայց մէկ բան յստակ է. դիտելու շրջանակը ընդարձակելով պիտի տեսնենք, որ ՀԱԼԷՊ ՅԱՂԹԵՑ եւ վերականգնելու ամէ՛ն տուեալ ունի: Հալէպ` յաղթանակին մէջ պարտութիւն տեսնելու փորձերուն ալ պիտի յաղթէ: Անկասկա՛ծ:
Դեկտեմբեր 25, 2016