Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայկազ Թրթռեանի Խօսքը Լեւոն Գարմէնի Ծննդեան 100-Ամեակի Եւ Մահուան 50-Ամեակի Առթիւ Կազմակերպուած Գրական Երեկոյին

$
0
0

1224carmen9

Բաբելոնեան Տոմար

«Իմ մէջս է աննահանջ դառնութիւնը, իմ մէջս է աննահանջ յուսախաբութիւնը, եւ իմ մէջս է նաեւ աննահանջ խանդավառութիւնն ու սէրը:
Ես խառնուրդն եմ մութին ու լոյսին:
Իմ հոգիիս մէջ արթուն կը հսկէ Աստուած մը եւ սատանայ մը… Սէրն ու ատելութիւնը:»

Եկէք տեսնենք, թէ սփիւռքի մէջ մեր գրականութիւնը ի՞նչ վիճակ կը ներկայացնէր, երբ Լեւոն Գարմէն, 1947-ին, իր «վայրկեաններ»-ով կը մտնէր գրական անդաստանէն ներս:

Իրեն սերնդակից աւելի քան 25 բանաստեղծներ իրենց 40-է աւելի տաղարաններով արդէն գրաւած էին հրապարակը եւ ստեղծած գրական մթնոլորտ մը` ապահովելով իրենց համար առաւել կամ նուազ չափով, որոշ համբաւ մը: Յիշենք քանի մը անուններ.-

Արմէն Անուշ.- Օրերուն հետ.  Դարերու երգը
Վահէ Վահեան.- Արեւ անձրեւ.  Ոսկի կամուրջ
Եղիվարդ.- Մագդաղինէն մեղրամոմէ.  Անցորդը
Ա. Ծառուկեան.- Առագաստներ
Մ. Իշխան.- Տուներու երգը.  Կրակը
Ե. Պոյաճեան.- Սէր եւ վիշտ
Ժագ Յակոբեան.- Գաղտնի Ճամբան. Մեղրալուսին

Բոլորն ալ կ՛երգէին Եղեռնի որբերգութիւնը եւ անկէ փրկուած խլեակներուն վերակենդանութեան շունչը. կը փորձէին Եղեռնով կորսուածը վերականգնել իբրեւ յուշ, իբրեւ հայրենի հող, իբրեւ աւանդոյթ ու ազգային ոգի:  Ստեղծուած էր ազգային նկարագիր բուրող գրականութիւն մը` իբրեւ կարօտ, ազգովին ապրելու կամք ու ճիգ. յաճախ լալկան տրամադրութիւններով, երբեմն ալ պայքարելու, յաղթանակելու անսպառ վճռակամութեամբ:

Լեւոն Գարմէն չեկաւ այս ստեղծուած մթնոլորտը աւելի ճոխացնելու, աւելի զարգացնելու. իր ձայնը ներդաշնակօրէն խառնելու այս ընդհանրական համերգին:  Ան ուշ եկաւ, ճիշդ է, բայց եկաւ երկար պատրաստութենէ ետք:  Եկաւ կատարելապէս տիրապետած համաշխարհային մտային շարժումներուն թէ՛ արուեստի, եւ թէ՛ իմաստասիրական կալուածներուն մէջ:  Որքան դիպուկ են Պարոյր Սեւակի սա երկու տողերը Լ. Գարմէնի պարագային.- «Անոնք ուշ, ուշ կու գան, բայց` երբեք ուշացած:»

Լեւոն Գարմէն իր սերնդակիցերէն բաւական ուշ եկաւ, բայց եկաւ մեր գրական կալուածին մէջ նոր հանք մը պեղելու, նոր ակօս մը բանալու, նոր երանգ մը աւելցնելու: Իր գրականութեան նիւթը ոչ ազգն է, ոչ հայրենի հողը, ոչ կարօտը, ոչ բնութիւնը կամ սէրը. իր գրականութեան նիւթը մարդն է. սովորական, պարզ մարդը, իր ներքին պայքարներով, իր անկարելի բաղձանքներով, իր ցնծութիւններով:

Լեւոն Գարմէն իր սերնդակիցներուն միակ մարդերգակ (հիւմանիստ) բանաստեղծն է. եւ ասիկա իր գլխաոր արժանիքներէն մէկն է:

Ըստ Լեւոն Գարմէնի խոստովանութեան, իր մէջ կ՛ապրին երկու էութիւն, երկու ես. մէկը Աստուծոյ ներկայացուցիչն է, միւսը` սատանային:  Այս երկու եսերը խելօք չեն նստած իր մէջ, այլ մնայուն պայքարի մէջ են. երբեմն մէկը կը տիրէ հրապարակին, երբեմն` միւսը:

Լաւագոյնը պիտի ըլլայ թերեւս, ինձմէ աւելի, խօսեցնել զինք` բացատրելու համար այդ ներքին պայքարը. կը մէջբերեմ.

«Արդ սպառած քայքայիչ տաժանքէն այս գուպարին,
Մեղապարտի մը հանգոյն, դեռ կը կրեմ հոգւոյս մէջ երկու եսերս անողորմ
Ինչպէս խաչ մը շիրիմին:

Կամ

Հոգի՜ս, հոգի՜ս, ո՞ր գեհենի բոցերուն
Կը տանիս զիս արշաւովդ այս աննկուն.
Դուն անողոք բռնակալն իմ եսիս,
Ըսէ՛, ըսէ՛, ո՞ւր կը տանիս այսպէս զիս:

Հոգի՜ս, հոգի՜ս ըսէ ինծի յանուն ինչո՞ւ
Մրրկաշունչ խռովքդ այս ահարկու.
Ըսէ, ինչո՞ւ չապրիլ կեանքը այս պզտիկ
Բոլորին հետ, բոլորին պէս երջանիկ:

Լեւոն Գարմէն 1947-էն առաջ, երբ լոյս տեսաւ իր առաջին հատորը, աշխատակցած է կարգ մը թերթերու, ինչպէս` «Յուսաբեր», «Նայիրի», «Ակօս» եւ այլն: Վստահաբար իրեն համար շատ դժուար եղած է իր ներքին աշխարհը բանալ հանրութեան առջեւ: Ան իր տաղարանը կը բանայ այսպէս. «Դրան ետին մութ» քերթուածով.-

Ոչ ոք չկրցաւ
դեռ մինչեւ այսօր
բանալ երկաթեայ դռնակն այս ժանգոտ
ոչ ոք չկրցաւ…

Եւ յիմարօրէն
դեռ մարդ մը այստեղ`
դրան ետին մութ
կը սպասէ յոյսով:

Մարդ մը կայ այնտեղ
դրան ետին մութ
մարդ մը առանձին,
կարօտով մ՛անհուն դեռ կը սպասէ լուռ…

Տէր, թող մարդն այդ մռայլ
բանայ երկաթեայ դուռը ժանգոտած:

Լեւոն Գարմէնի գրականութեան գլխաւոր նիւթը գլխագիր մարդն է, գլխագիր ըսելով կատարեալ ըսել չեմ ուզեր, այլ մարդ արարածը, որ կրնայ հայ ըլլալ, թուրք ըլլալ կամ ճափոնցի, կրնայ բժիշկ ըլլալ, ատաղձագործ կամ բեռնակիր, կրնայ կղերական ըլլալ կամ ոճրագործ:

Ի՞նչ կը մտածէ ինք մարդու մասին.- Գիտութիւնը, որ քսաներորդ դարու կէսերուն նուաճած է հիւլէն, իր առարկայապաշտ մօտեցումով կը յաւակնի նուաճել նաեւ մարդը եւ որքան կատարելագործէ իր փորձարկութիւնները, այնքան կը հեռանայ այն կէտէն, ուրկէ սկսած էր. իսկ ենթակայական վերլուծումն ալ զինք կը տանի իմաստասիրութեան, կը ստեղծէ զԱստուած եւ սատանան եւ մարդը կը մնայ աննուաճելի, անբացատրելի եւ անհասկնալի, այսինքն անծանօթ:

Նիւթի ոչ մէկ դասաւորում կայ իր գրականութեան մէջ, այսինքն` յայտնի չէ ուրկէ կը սկսի, ո՞ւր կ՛ուզէ երթալ, չեմ ըսեր ո՞ւր վերջանալ, որովհետեւ երբեք չի վերջանար: Իր գրականութիւնը շարք մըն է ապրումներու, որոնք արձանագրուած են ըստ վայրկեանի, խառն ի խուռն, ամբողջական պոռթկումով մը, այնքան անկեղծ, այնքան զօրաւոր, որ կարծես փորագրուած ըլլան ժայռերու վրայ:

Ո՛չ մէկ դասաւորում, ոչ մէկ ներդաշնակութիւն, ատկէ, թերեւս, իր երկրորդ հատորին անունը` «Բաբելոնեան տոմար»:

Հեզասահ, դիւրին ընթեռնլի չէ Լեւոն Գարմէնի գրականութիւնը: Սայաթ Նովայի ըսածին պէս` «Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է». զայն ընթերցելու համար ճիգ ու կեդրոնացում պէտք է, զայն հասկնալու համար որոշ զարգացում, փորձառութիւն նոյնիսկ, պատմութեան ու գիտութեան ծանօթութիւն պէտք է: Ան նման չէ իր սերնդակիցներէն Մ. Իշխանի, Արամ Հայկազի ու անոնց նմաններուն հաճելի, յուզիչ, սիրտ լեցնող գրականութեան:  Անոր ընթերցումը անցեալին, պատմութեան կամ սիրոյ աշխարհին մէջ հանդարտ, խաղաղ պտոյտ մը չէ, այլ դէպի լերկ լերան մը գագաթը` դժուարին վերելք մը:  Հեզասահ Եփրատ մը չէ անոր գրականութիւնը, այլ գահավիժող անկումներով ժայռերու բախումներով առլցուն Արաքս մը: Ոչ մէկ գրքունակութիւն կամ հռետորաբանութիւն:  Անկրկնելի ու իւրայատուկ ոճ:  Այս բոլորը, անկեղծ, ինքնաբուխ, այլ ոչ` բռնազբօս, արուեստական, որ յաճախ հեղինակը կը տանի ամբարտաւանութեան:

Լեւոն Գարմէն եթէ չկրցաւ իր գրականութեամբ իմաստասիրական դպրոց մը կամ որոշ հայեցողութիւն մը ստեղծել, գոնէ յաջողեցաւ իմացական բովանդակութեան ճաշակը ներմուծել մեր գրականութեան մէջ. նոր կանչ մը, նոր հրաւէր մը բանալ գրողներուն առջեւ:

Բանաստեղծ Լեւոն Գարմէնը ճանչնալէ վերջ, փորձենք ճանչնալ նաեւ Մարդ Լեւոն Ստեփանեանը, եթէ երկուքը տարբեր անուններով կը կոչեմ, ինծի համար գոնէ, երկուքը բաւական տարբեր անձնաւորութիւններ են իրարմէ:

Ես չեմ կարծեր, թէ որքան ալ խորանանք Լեւոն Գարմէնի գրածներուն մէջ եւ փորձենք անոնցմով ճանչնալ Լեւոն Ստեփանեանը, պիտի յաջողինք հոն հասնիլ, որքան Լեւոն Ստեփանեան կը ճանչնայ ինքզինք. ուրեմն ահաւասիկ ան ի՛նչ կ՛ըսէ ինքնիր մասին. կը մէջբերեմ` յապաւումներով.- «Այս եւ ապագայ տողերը կ՛ուրուագծեն մարդու մը կեանքը, որ իր ներքին ասպնջականութեան մէջ` միշտ հեգնեց զայն սկեպտիկօրէն: Չուզեց հաւատալ սահմանաւորումներու. չուզեց իր անձին մէջ եղծանուիլ ու սիրել այն, ինչ որ չէր սիրեր էութեամբ: … Յաջողեցաւ քողարկել իր տառապանքը ուրիշներու տեսողութենէն…  Ան մնաց իր մէջ, հոգ չէ թէ միշտ կենդանի եւ գործօն…: Ինք մերժեց ցաւակցութիւնը մարդոց, քալեց յաղթական կեանքի պողոտաներէն…: Այս կը պահանջէր իր միտքը, իսկ հոգի՞ն: Այդ իրն էր, իր սեփական հայրենիքը, ուր կար ժառանգական հողը իր պապերուն…  Իր սեփականատէրի գիտակցութիւնը չէր հանդուրժեր որեւէ ոտնձգութիւն»:

Լեւոն Ստեփանեան կը հաւատար, որ մարդուն մէջ կան զիրար լրացնող եւ նոյն ատեն զիրար ժխտող երկու բեւեռներ` միտքը եւ հոգին, որոնք տեւական պայքարի մէջ են, մէկուն յաղթանակը միւսին պարտութիւնն է, ասկէ կը ծնին մեր տառապանքներն ու ցնծութիւնները:  Այդ երկուքին ալ պէտք է տալ իր բաժինը, այսինքն կեանքը ապրիլ ե՛ւ մտքով, ե՛ւ զգայարանքներով:  Հասնիլ այդ երկուքին ներդաշնակութեան կեանքին մէջ, մարդկութեան գերագոյն իղձն է, որ սակայն երազ պիտի մնայ:

Լեւոն Ստեփանեան «կեանքէն եկած կեանքին գացող տղայ մըն է` շեշտ ու վճռական նայուածքով. կը սիրէ կեանքը իր ամբողջական մերկութեամբ. կը սիրէ խմել. կիները իր կեանքի լուսամուտէն ներս ինկան զգայարանքներու խանդավառութեամբ»:

Ան կը խուսափէր կեանքը ապրիլ այնպէս, ինչպէս ընդհանրապէս ընդունուած է ապրիլ ընկերութեան կողմէ: Ան կը ջանար ստեղծել իրեն համար իւրայատուկ ապրելակերպ մը եւ այդ ապրելակերպը, չըսելու համար իր կեանքի իմաստասիրութիւնը, երբեք չէր թելադրեր կամ քարոզեր ուրիշներուն. կը սիրէր բոլորին հետ ըլլալ, խառնուիլ ամբոխին, բայց բոլորին մէջ իւրայատուկ ըլլալ, ինքնիրեն համար ըլլալ:

Այս ձգտումը արուեստական բռնազբօսիկ չէր:  Իրեն համար նախընտրելի էր այն միջավայրը կամ շրջանակը, ուր մարդիկ մէկը միւսին կրկնութիւնը չեն, զիրաքս եղածի պէս` նոյն մտածելակերպով, նոյն զգացումներով, նոյն հայեցողութիւններով:  Պատկերաւոր ձեւով` նոյն ծաղիկներով կազմուած ծաղկեփունջ մը նուազ գեղեցիկ է, բազմատեսակ ծաղիկներով կազմուած ծաղկեփունջէ մը: Ինք կը հաւատար, որ աշխարհի վրայ չկան երկու անձեր, որոնք նոյնը ըլլան իրենց արտաքինով, իրենց ձայնով իսկ, ա՛լ ո՞ւր մնաց` իրենց ներքին աշխարհով: Ուրեմն ամէն մարդ պէտք է աշխատի իր էութիւնը արտայայտել, ինքզինք ըլլալ:

Բոլորին վկայութեամբ ազնիւ, խոնարհ, այլ պատկառազդու, ընկերասէր, մտերմիկ` փոքրին ու մեծին հետ. չորս կողմը վստահութիւն, հանդարտութիւն, խաղաղութիւն սփռող մարդը եղաւ Լեւոն Ստեփանեան:

Իբրեւ իրական հայրենասէր եւ գաղափարական գործիչ, Լեւոն Ստեփանեանի կերպարը պիտի փորձեմ ներկայացնել Հայաստանի մասին գրած իր բանաստեղծութիւններէն եւ զինք մօտէն ճանչցող ընկերներու վկայութիւններէն:  Անոր մանկութիւնը իր ծննդեան առաջին օրերէն կազմաւորուած է հայրենաշունչ ընտանիքի մը մէջ:  Խօսքը Հայաստանին ուղղելով կը գրէ.-

Չտեսայ քեզ, չճանչցայ, բայց հոսեցար դուն անվերջ
Օրօրոցիս քովն ի վար` շրթներէն մօրս բարի:

Տարիներ վերջ, դուն հօրս բառերուն մէջն էիր միշտ,
Մերթ աւերակ մխացող եւ մերթ դաշոյն մը ցցուած:

Գուցէ այսօր, կամ վաղը, բայց անկասկած օր մը դուն
Պիտի պատռես վարշամակն, քողարկուած քու դէմքիդ,
Որպէսզի մենք անյագուրդ ըմպենք լոյսը աչքերուդ:

Լեւոն Ստեփանեան «յարգանդէ մօր իւրոյ» հայրենասէր էր, իրեն համար հայրենասիրութիւնը իր երակներուն մէջ շրջող արիւնէն կու գար, իր մօր կաթով փոխանցուած էր իրեն եւ ինք կը խղճար, կ՛ափսոսար (որովհետեւ ինք ատելութիւն չունէր հոգիին մէջ) այն մարդոց համար, որոնք հայրենասիրութիւնը առեւտուրի վերածած են:

Բաբգէն Փափազեան կը վկայէ.- 1947 էր, ներգաղթի շրջան, Լեւոնին հետ հանդիպեցանք – Պաղտատի մէկ փողոցին մէջ – երիտասարդի մը, որ ինծի խաղընկեր եղած էր մանկութեանս. կը ճանչնար նաեւ Լեւոնը: Հրաւիրեց մեզի սուրճ մը առնելու իր գրասենեակը: Հոն սուրճին հետ «վայելեցինք» նաեւ իր հայրենասիրական քարոզները: Երբ դուրս ելանք գրասենեակէն, Լեւոն պոռթկաց. «Հէյ անիծած աշխարհ… մարդիկ, որ հայրենիք բառին իմաստը չեն գիտեր, իրենց բերանն իսկ չէին առներ զայն երէկ, մարդիկ, որ ոչ Ռուբէնի անունը լսած են, ոչ Արամ Մանուկեանի, մարդիկ, որոնք Անտոքա Սարին տեղը չեն գիտեր, հաւանաբար Արագածին ինչ ըլլալն իսկ չեն գիտեր, այսօր ելած են մեզի, հայրենասիրութեան դաս տալու… եւ կը կարծես, թէ այդ խօսքերը ըսողը ինքը կ՛երթա՞յ Հայաստան…  Չհաւատաս, ասոնք բոլորը շուկայի հայրենասէրներ են. հայրենասիրութիւնը ծախու ապրանք է իրենց համար այս օրերուն. սրիկայ, սրիկայ աշխարհ»:

Երանելի ժամանակներ…

Լեւոն Ստեփանեան եղաւ տիպար գաղափարական, անձնազոհ ու նուիրեալ մարտիկը Դաշնակցութեան շարքերուն. այդ մասին ահա Գերագոյն մարմնի անդամներէն Պերճ Մսրլեանի վկայութիւնը.- «Շուրջ մէկ տարի է արդէն, որոշուած էր, որ Լեւոն Ստեփանեան Պէյրութ գար եւ ստանձնէր «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը:  Ինք սիրով եւ գոհունակութեամբ ընդունած էր հրաւէրը: Ամիսներ կ՛անցնէին եւ Լեւոն չէր գար. ստուգուեցաւ, որ Լեւոն չէր գար, որովհետեւ չէր հաշտուեր այն գաղափարին հետ, որ կուսակցական գանձէն թոշակ պիտի ստանար:  Ինք, որ տարիներ շարունակ քարոզած էր, որ դաշնակցական ընկերը ոչինչ պէտք է սպասէ Դաշնակցութենէն, այլ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ առանց սակարկելու անոր տալու իր ժամանակը, իր մտաւոր ու ֆիզիքական կարողութիւնները, իր նիւթականը:  Հիմա ինք ինչպէ՞ս Դաշնակցութեան գանձէն դրամ առնէր, թէկուզ իբրեւ թոշակ:

Ան իբրեւ դաշնակցական, երբեք չձգտեցաւ դիրքի, համբաւի ու աթոռի: Ան գործեց հոն, ուր ժողովուրդը պէտք ունէր իրեն, ուր կարծեց, թէ ինք կրնայ օգտակար ըլլալ: Ահա այդ մասին Անդրանիկ Ուրֆալեանի վկայութիւնը:

«Երբ 1963-ի կուսակցութեան Գերագոյն ժողովին, կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատու պաշտօններէն մէկը առաջարկուեցաւ անոր, Լեւոն համեստօրէն մերժեց: Երբ պնդուեցաւ, թէ պարտաւոր է ընդունիլ, համեստ այդ տղան դարձաւ կատաղի ու ամեհի: Դատապարտեց այդ մտածումն իսկ, որ պիտի հեռացնէր զինք իր շրջանէն, որ այնքան պէտք ունէր իրեն»:

Իբրեւ հրապարակագիր ի՞նչ արժանիքներ ունէր Լեւոն Ստեփանեան, հարկ չկայ բառերով բացատրելու. վայրկեան մը եթէ անդրադառնանք, որ 1966-ին, երբ Լիբանանը ամբողջ սփիւռքի ամէնէն բեղուն ու խանդավառ մշակութային եւ մտաւոր կեդրոնն էր, եւ «Ազդակ»-ի իբրեւ խմբագրապետ կը հրաւիրուէր Լեւոն Ստեփանեանը, ամէն ինչ բացատրուած կ՛ըլլայ կարծեմ:

Իր մահն ալ ուրիշ ողբերգութիւն մը եղաւ: Պետրոս Դուրեանի ըսածին պէս ան զրկուեցաւ ո՛չ միայն կեանքէն, այլ նաեւ իր հարազատներու իր սիրելիներու արցունքէն:  Դաշնակցականի ճակատագիր:

Մինչեւ հիմա ես խօսեցայ Լեւոն Ստեփանեանի մասին: Իր յիշատակը յարգելու համար հաւաքուած ենք հոս: Հիմա ինք թող խօսի մեզի: Ան տեղ մը գրած է «Յիշատակներով ապրիլը աղքատութեան նշան է»: Ասիկա պատգամ մըն է ապրողներուս. եկէք ձեռնարկենք իր «խօսք» բանաստեղծութիւններու անտիպ հատորը հրատարակելու, հարստացնելու համար մեր կեանքը, աւելի եւս պայծառացնելու համար անոր վսեմ յիշատակը, հայ գրականութիւնը ճոխացնելու համար, վստահաբար, թանկագին, հազուագիւտ տաղարանով մը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>