Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սրտերու Նոր Տօնը

$
0
0

karaguezian_1517

«Ամէնքը, որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, զորս հովիւները իրենց կ՛ըսէին: Բայց Մարիամ այս բոլոր բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր»:

(Ղուկ. 2.18, 19)

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը նոր լոյսի եւ նորոգող յոյսի տօն է մեզի համար: Ան մեզի կու գայ նոր «Աստղ»-ի երեւումին եւ «Տիրոջ փառք»-ին յիշեցումով, ինչպէս նաեւ նոր «Ծնունդ»-ի մը լուրով: Եւ, մենք կարիքն ու կարօտը ունինք այդ նորին:

Նորը` մեզի համար ընդհանուր փոփոխութիւնը կը թուի ըլլալ յաճախ: Կ՛ուզենք «նոր» վիճակներ, «նոր» կացութիւններ եւ կարելիութիւններ, քանի որ դժգոհ ենք մեր «հին» ու «հինցող» վիճակներէն, կացութիւններէն եւ կարելիութիւններէն: Դժգոհ ենք անոնց ստեղծած անձկութիւններէն եւ ցաւերէն, դժգոհ` անոնց տուած ձանձրոյթէն եւ առթած վախերէն: Մեր «նոր»-ով` կը խորհինք փոխել այդ բոլորը եւ ազատիլ անոնց` մեր վրայ դրած պատասխանատուութիւններէն: Ուստի, կը փորձենք այդ վիճակները մոռնալ մեր խրախճանքներուն մէջ, կամ` զանոնք ծածկել մեր նորաձեւութիւններով:

Մեր այս ջանքերը ո՛չ կը փոխեն իրականութիւնը, ո՛չ ալ կրնան մեզ ազատել անկէ: Առաւելագոյնը, ասոնք մեզի պիտի տան ժամանակաւոր զուարճութիւն, կեղծ խաղաղութիւն եւ շինծու ապահովութիւն. քիչ ետք` նոյն այդ վիճակները եւ կացութիւնները վերստին պիտի տիրեն մեր եւ մեր շրջապատին վրայ:

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդով մարդկութեան եկած «Նոր»-ը սրտերու հարց է: Անոր բերած լոյսն ու յոյսը կը հրաւիրեն մեզ Զայն ընդունելու մեր սրտերուն մէջ, «պահելու եւ մտածելու» այնպէս` որ նորոգուի մեր էութիւնը. Ան մեր սրտերուն մէջ վերածուի մշտահոս աղբիւրի` նոր կեանք եւ նոր որակ հաղորդելով մեզի, ինչ ալ ըլլան մեր վիճակները, կացութիւնները եւ կարելիութիւնները:

Այն ատեն «Նոր» աչքով պիտի նայինք ամէն բանի եւ մեր «մտքին (սրտին) նորոգութեամբ պիտի նորոգուինք» տեւապէս: Մեր շուրջ տիրող վիճակները, կացութիւնները եւ կարելիութիւնները դժգոհութեան պիտի չառաջնորդեն մեզ, այլ` առիթ պիտի ըլլան նոր ծառայութեան եւ հոգածութեան, բոլոր անոնց համար, որոնք մեր Տիրոջ կը կարօտին: Այն ատեն` մենք պիտի վայելենք կատարեալ ուրախութիւն, ճշմարիտ խաղաղութիւն եւ անջնջելի ապահովութիւն:

Մեր աղօթքն ու մաղթանքը հայրենիքի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդին եւ աշխարհին ա՛յս է, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին մէջ. թող Բեթղեհէմի մսուրին Մանուկը մեր սրտերը նորոգէ Իր «Նոր» լոյսով եւ մշտական յոյսով:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>