Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշմար. Միեւնոյն Մետալին Երկու Երեսները

$
0
0

vaho_1417

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը 3 յունուար 2017-ին յայտարարեց, որ 15 յուլիս 2016-ի զինուորական յեղաշրջումի ձախող ու ձախողած փորձէն ետք 20 յուլիս 2016-ին երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը 19 յունուարին անգամ մը եւս պիտի երկարաձգուի: Մէկ օր ետք, Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց այդ որոշումը: Թէեւ կառավարութեան բանբեր, փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ որոշումը վերագրեց կառավարական հաստատութիւններուն մէջ կիւլենականներու ներկայութեան, սակայն ուշադրութենէ չի վրիպիր այն իրողութիւնը, որ նշեալ որոշումը որդեգրուած է 1 յունուարին Պոլսոյ մէջ գիշերային ակումբի մը դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումէն հազիւ 2 օր ետք:

Այդ յարձակումը կու գայ «արդարացնելու» եւ «աւելի համոզիչ» դարձնելու երկարաձգումը այն արտակարգ դրութեան, որուն պայմաններուն տակ գործէ զրկուած է 122.777 մարդ, աւելի քան 40 հազար ուրիշներ ձերբակալուած եւ տիրող «վհուկներու որս»-ի մթնոլորտին մէջ լռութեան մատնուած են ընդդիմախօսներն ու քննադատները:

Սակայն գոյութիւն ունի նաեւ մետալին միւս երեսը. էրտողանեան մենատիրութեան ամրապնդման ծառայող արտակարգ դրութիւնը այն նպատակն է, որ կ՛արդարացնէ 1 յունուարի «ահաբեկչական յարձակում»-ի արիւնալի թատրոնը: Այլ խօսքով` 1 յունուարի յարձակումն ու 3 յունուարի որոշումը փոխադարձաբար զիրար արդարացնող ու ամբողջացնող դէպքեր են, միեւնոյն մետալին երկու երեսները:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>