Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պէտք Չէ Մոռնանք Զաստուած Ու Պէտք Չէ Մոռնանք Մեզի Եկող Մեր Փրկիչը…

$
0
0

bishop-shahe-panossian_1517

Կանգնած նոր տարուան մը սեմին, երախտագիտութեամբ մեր շնորհակալութիւնները կը յայտնենք մեր Աստուծոյն, որ ահաւասիկ, անցնող տարեշրջանին եւս մեզ բոլորս պահեց ու պաշտպանեց տեսակաւոր վտանգներէ ու փորձութիւններէ եւ առիթ ընծայեց, որ Սուրբ ծննդեան հոգեպարար մթնոլորտին մէջ, մենք կարենանք դարձեալ դիմաւորել մեզի եկող մարդացեալ Փրկիչը:

Այսօր, Տիրոջ փառքը դարձեալ կը ծագի մեր երկնակամարին վրայ, այլ սակայն արդեօք մեր կեանքին մէջ տեղ ու ժամանակ ունի՞նք մեզի եկող Փրկիչին համար:

Ղուկասու Աւետարանին մէջ հետեւեալ բառերով կը պատմուի Ս. Ծննդեան հրաշալիքը.

«Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը‚ զոր փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ‚ որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար: Այնտեղ‚ դաշտերուն մէջ հովիւներ կային‚ որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՛ընէին: Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ» (Ղուկաս 2:7-9):

Անկասկած, տօնական մթնոլորտի մէջ, կեանքը պահ մը աւելի քաղցր ու հմայիչ կերպարանքով կը ներկայանայ բոլորիս, այլ սակայն իրողութիւնը այն է, որ այսօր ալ, Ս. Ծննդեան դէպքէն դարեր ետք եւս, մենք ո՛չ միայն չենք յաջողիր պատշաճօրէն դիմաւորել մեզի եկող Փրկիչը, այլեւ մեզի եկող Փրկիչն ալ կը դժուարանայ իջեւանելիք տեղ մը գտնել մեր սրտերուն մէջ: Այո՛, Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի երեկոյեան, Տիրոջ փառքը դարձեալ կը ծագի մեր աշխարհին վրայ, այլ սակայն, մերօրեայ կերուխումի ու խրախճանքներու ժխորին մէջ, մոռցուած է աշխարհ եկող Փրկիչը եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդը փոխարինուած է այնպիսի աշխարհիկ սովորութիւններով, որոնք հոգեւոր արժէքներու խաւար ստեղծած են մեր հոգիներուն մէջ եւ մեծաւ մասամբ մեզ պարպած Աստուծոյ կեանքէն ու շնորհքէն:

Վստահաբար, ժամանակին հետ եկող նորարարութիւնները, նոր ճաշակ, նոր գաղափարներ ու նոր տեսութիւններ շատ բան կու տան մեր աշխարհին, այլ սակայն, յիշենք, որ այդ բոլորը ո՛չ Փրկիչ եւ ո՛չ ալ փրկութիւն կրնան բերել մեզի: Ահաւասիկ, գիտական բացառիկ նուաճումներով ու տեսակաւոր նորութիւններով յատկանշուող մեր դարաշրջանը, պարտէր ըլլալ ուրախութեան եւ երջանկութեան ժամանակաշրջան. այլ սակայն, հակառակ մեր ընկերութեան ձեռք բերած բոլոր իրագործումներուն, այսօր, ամբողջ աշխարհը անձկութեան ու տառապանքի մէջ է, որովհետեւ մեծաւ մասամբ մենք պարպուած ենք Աստուծոյ կեանքէն ու հաւատքէն:

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Կեանքի յառաջդիմութիւն, գիտական նուաճումներ ու նոր տեսութիւններ ժամանակին հետ պիտի գան ու երթան, եւ այդ բոլորը մենք պիտի ապրինք. սակայն այդ բոլորին դիմաց, պէտք չէ մոռնանք զԱստուած, պէտք չէ մոռնանք մեր Փրկիչը, որ ներկայ պէտք է գտնուի մեր առօրեային մէջ ու իր մնայուն տեղը ունենայ մեր հոգիին մէջ: Իրմով միայն մենք կրնանք աշխարհի անցուդարձերուն մէջ իմաստութեամբ զանազանել չարն ու բարին, զատորոշել ճշմարիտն ու նենգը, եւ իրմով քալել դէպի լուսաւոր հորիզոններ:

Յիշենք, որ մեր Փրկիչը ինք կու գայ մեզի, ինք կը փնտռէ մեզ, ինք թանկագին կը նկատէ մեր հոգին եւ ինք կը ջանայ բնակիլ մեր մէջ: Եւ հոն, ուր ինք ներկայ է, հոն սէր, ներդաշնակութիւն եւ խաղաղութիւն կը տիրէ. հոն թախիծը ժպիտի կը փոխուի, հոն նոր եւ կենսալից կեանք մը սկիզբ կ՛առնէ: Հոն, ուր իջեւան կը գտնէ Միածինը, հոն հոգիներուն մէջ իջած խաւարը կը փարատի եւ մեռելութիւնը կեանքի կը փոխէ: Ան կը ծնի մեզի համար, մեր մէջ ապրելու ցանկութեամբ, որպէսզի մենք ալ յաւիտեանս ապրինք իրեն հետ:

Մեր հոգիներուն մէջ ընդունինք մեզի եկող Փրկիչը, որպէսզի սրբութիւն ու տեւող երջանկութիւն հաստատուի մեր կեանքին մէջ: Այլապէս, առանց մեր կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան, առանց բարոյական եւ հոգեւոր ապրումի գիտակցութեան, սայթաքումի ենթակայ արարածներ ենք եւ մեզի հետ անկումի կ՛առաջնորդենք նաեւ մեր ընկերութեան կեանքը:

Օթեւան ըլլանք իրեն, որպէսզի մարդացեալ Աստուածը ճշմարտապէս գահակալէ մեր հոգիներուն մէջ, այլակերպէ մեր նկարագիրը եւ պայծառակերպէ մեր կեանքին ընթացքն ու նկարագիրը: Աստուծոյ Հոգիին բնակարանը ըլլանք, որպէսզի մեր կեանքին բերենք խաղաղութիւն եւ երկրի վրայ պահենք Աստուծոյ շունչն ու հոգին:

Ամանորի ու Ս. Ծննդեան բարեբաստիկ տօներուն առիթով, ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցող Աստուծոյ ու մարդուն հանդիպումէն շնորհք, սրբութիւն եւ խաղաղութիւն ծնի մեր հոգիներուն ու մեր կեանքին մէջ:

Տօնական այս առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ մեր աղօթքը առ Աստուած ուղղելով կը խնդրենք, որ վերջ գտնեն մեր ընկերութիւնը ալեկոծող դժուարութիւններն ու խռովութիւնները եւ խաղաղութեան հրաշքը դարձեալ կեանք առնէ մեր աշխարհին մէջ:

Թող Աստուծոյ շունչը առատօրէն թափանցէ բոլորի սրտին մէջ, աստուածային բարիքներ պտղաբերին մեր առօրեային ու մեր աշխատանքներուն մէջ, որպէսզի սերունդէ-սերունդ մենք կարողանանք ըլլալ հաւատք, ներշնչում եւ խոյանք ունեցող ազգ, որ հայ եկեղեցւոյ հաւատքի դարաւոր խարիսխին վրայ, սրբութեամբ ու հաւատարմութեամբ կը վարէ իր կեանքը եւ կը պահպանէ իր գոյութիւնը:

ԱՂՕԹԱՐԱՐ`
ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>