Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ամանորեան «Շրջապտոյտ» Պուրճ Համուտի Թաղերուն Մէջ

$
0
0

img-20170104-wa0005

Շաբաթ, 31 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը ազգային, հայրենասիական եւ ծննդեան երգերու նուագակցութեամբ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի հայահոծ թաղամասերը` Արաքս, Մարաշ, Արմենիա պողոտայ եւ զանազան այլ թաղամասեր, ուր արժանացաւ ժողովուրդին բարձր գնահատանքին:

Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ նախաձեռնուած ամանորեան շրջապտոյտը գեղեցիկ առիթ մըն էր թէ՛ ՀՄԸՄ-ականներուն, եւ թէ՛ ժողովուրդին համար, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ականներ իրենց հոգեկան գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը գտան ժողովուրդին ուրախութեան ու գնահատանքի ծափողջոյններուն մէջ:

Սոյն նախաձեռնութեամբ, ՀՄԸՄ անգամ մը եւս ընդգծեց, թէ հայ երիտասարդութիւնը ներկայ է ամէնուրեք` թէ՛ հոգեւոր, եւ թէ ազգային բոլոր նախաձեռնութիւններուն` փաստելով, որ ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ մնալ այն տունը, ուր կը փոխանցուին ազգային ու հոգեւոր բոլոր արժէքները:

Կեցցէ՛ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>