Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տիրամայրը Կենաց Ծառն Է, Իսկ Յիսուս Մանուկը` Նուռը

$
0
0

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

img-20170104-wa0039

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ` Յիսուս Մանուկի ծնունդը յունուար 6-ին նշելը իր մէջ կը պարփակէ քաղաքական եւ կրօնական, ընկերային եւ այլ ազդակներ, որոնք  պատմութեան ընթացքին կերտած են հայ առաքելական եկեղեցւոյ ազգային իւրայատուկ դիմագիծը, որ զանազան միջոցներով կը դրսեւորուի մեր հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ: Ինչպէս` աւանդութիւններու, ծիսակատարումներու եւ կամ արուեստներու ճամբով:

Հանդիպելով հայկական արուեստին եւ քրիստոնէութեան կրօնքին արտայայտման քառուղիին վրայ, «Ազդակ» հակիրճ զրոյց մը կ՛ունենայ «Նոազ Արք» գեղանկարչական տան հիմնադիր տնօրէն եւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին հետ, որ կ՛անդրադառնայ հայ կերպարուեստին մէջ Յիսուս Քրիստոսի կերպարի եւ անոր դրսեւորման ոճերու, ինչպէս նաեւ` հայ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու հասարակ յայտարարներուն:

Յիսուս Քրիստոսի կերպարը հայ կերպարուեստի մէջ

«Ծնունդ», Ճաշոց, 1460 թ.

«Ծնունդ», Ճաշոց, 1460 թ.

«Հայ կերպարուեստին մէջ Յիսուս Փրկիչի կերպարը ի յայտ կուգայ մանրանկարչութեան, պատկերաքանդակի, որմնանկարչութեան եւ գեղանկարչութեան ընդմէջէն: Մանրանկարչութեան մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնը կը ներկայացուի երեք թեմաներով` Աւետման, Յիսուս մանուկի ծնունդին ու մոգերու երկրպագութեան եւ վերջապէս` Տիրամայրը մանկան հետ: Այս վերջինին զուգահեռ, երբեմն նաեւ պատկերուած կ՛ըլլայ Սուրբ ընտանիքը, այսինքն պատկերին կը միանայ հայր Յովսէփը, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ Աստուածածնի մայրը` Աննան»:

«Ծնունդը եւ մոգերու երկրպագութիւնը», Աւետարան, 1332 թ.

«Ծնունդը եւ մոգերու երկրպագութիւնը», Աւետարան, 1332 թ.

«Պատկերաքանդակներու պարագային,  միջնադարեան նշանաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը Մոմիկ վարդպետին Նորավանքի ճակտոնապատին պատկերած գործն է: Հոն կ՛երեւին Հայր Աստուած եւ անոր կողքին` Յիսուս Քրիստոսը: Յիսուսի կերպարին մենք կը հանդիպինք  նաեւ Ամենափրկիչ խաչքարերուն վրայ, ուր արուեստագէտները Յիսուսի կերպարը աւելի կենսունակ եւ հաղորդիչ դարձնելու համար մեծաւ մասամբ շեշտը դրած են Խաչեալին տառապանքին վրայ ու երբեմն կերտած են նոյնիսկ արիւնաքամ Յիսուսներ»:

Այս պարագային դիմագիծը ինչպէ՞ս կ՛երեւի

«Պէտք է նշել, որ քրիստոնէութեան տարածման առաջին հանգրուանին իւրաքանչիւր ազգ Յիսուս Քրիստոսի կերպարը կը պատկերէր իր ազգային տեսքով: Մենք ալ Յիսուս Քրիստոսը նկարած ենք որպէս հայ: Հայ եւ օտար արուեստի մէջ սրբապատկերներու կարեւոր տարբերութիւներէն մէկը այն է, որ մեր սուրբերու պարագային անոնց աչքերուն մէջ կը տեսնենք ահազանգի ու տագնապի վիճակ մը: Մեր խաչեալ Յիսուսի կերպարները շատ աւելի տառապած են, քան միւսները. այս մէկը կու գայ մեր պատմութենէն, այսինքն, ըլլալով օտար տիրութիւններու տակ, հայ մանրանկարիչները միշտ ապրած են ըլլալ-չըլլալու անդոհանքն ու  տագնապը. ինչպէ՛ս թշնամիներէն նաեւ ունեցած են այն վախը, թէ ինչպէս պիտի պահեն պահպանեն արուեստի եւ մշակոյթի այս հարստութիւնը: Ոչ հայ մանրանկարիչներէն շատեր այս տագնապը գրեթէ չեն ունեցած, եւ ատոր համար ալ անոնց գործերուն մէջ արտայայտչականութեան նոյն ուժգնութիւնը չենք նշմարեր»:

Հաւատքի դերը

«Աստուածամայրը մանկան հետ», Էջմիածինի Աւետարան, 989 թ.

«Աստուածամայրը մանկան հետ», Էջմիածինի Աւետարան, 989 թ.

«Սրբանկարներու պատկերման մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ սրբանկարիչին հաւատքը: Եթէ հաւատացեալ չէ սրբանկարիչը, իր պատկերած սրբանկարը անհոգի դուրս կու գայ: Գուցէ ոմանք վիճին` ըսելով, որ նկար մը ընկալելը եւ անոր հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը ենթակայական է եւ իւրաքանչիւր անհատ տարբեր ձեւով կ՛ըմբռնէ արուեստին հետ կապը: Այս ճիշդ է, երբ խօսքը կը վերաբերի առհասարակ արուեստին, բայց  սրբանկարչութեան պարագային որքան ալ տաղանդն ու վարպետութիւնը իրենց շինիչ դերը կատարեն, հաւատքը կենսական նշանակութիւն ունի թէ՛ սրբանկարիչին, եւ թէ՛ արուեստասէրին  համար:

«Հայկական սրբանկարները իւրայատուկ են նաեւ իրենց կենաց ծառով: Իւրաքանչիւր երկիր կամ ազգ ունի իր կենաց ծառը, որ կը հանդիսանայ այդ երկրին ամէնէն պտղատու ծառը:  Հայերուն կենաց ծառը նռնենին է: Մեր մանրանկարչութեան մէջ նռնենիին վրայ բազմիցս նկարուած է Տիրամայրը` Յիսուս մանուկը գիրկը: Այս իմաստով կենաց ծառը, այսինքն նռնենին, կը համեմատուի Տիրամօր հետ եւ Յիսուս մանուկը, պտուղը` նուռին հետ: Իսկ նուռէ պատրաստուած գինին` Յիսուսի արեան հետ: Գրիգոր Նարեկացի Տիրամօր կերպարը կը համեմատէ կենաց ծառին հետ` նշելով, որ Տիրամայրը անմահութեան ծառն է: Հեթանոսութեան ժամանակ Անահիտ դիցուհիին ատրուշանին խուրձ մը ցորեն եւ նուռ նուիրելու աւանդութիւնը ունէին հայերը: Այն ժամանակ նուռը Անահիտ դիցուհիին կուրծքերուն խորհրդանիշն էր, իսկ նուռի հիւթը` դիցուհիին կուրծքէն եկած կաթը` անմահական նեկտարը: Այս սովորութիւնը հեթանոսութենէն անցաւ քրիստոնէութեան: Ապագային, Հայաստանի մէջ բնակլիմայական պայմաններու բերումով  նուռը փոխարինուեցաւ խաղողով: Այս պատճառով մինչեւ օրս միայն հայերը Տիրամօր տօնին առթիւ կը կատարեն խաղողօրհնէք»:

Հայ ժողովուրդը իր բնազդով մօտ եղած է
քրիստոնէական արժէքներուն

«Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով, Աստուած իր միածին որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի փրկէ իր զաւակները անոնց գործած մեղքերէն եւ լուսաւորէ անոնց հոգեմտաւոր աշխարհը: Յիսուս եկաւ լուսաւորելու, որովհետեւ ինքն է լոյսը»:

«Ըստ հայկական դիցաբանութեան, արեւը կը ծնի լոյսէն եւ ոչ թէ լոյսը արեւէն, եւ անոր համար ալ հայերս աւելի լուսապաշտ եղած ենք ու պաշտած  լոյսի աստուածը` Միհրը:

«Պատկերացուցէ՛ք, որ Հայաստանի մէջ գտնուած երկու հելլենական տաճարները, մէկը Արտաշատի մէջ, միւսը Գառնի տաճարը, նուիրուած են Միհրին, լոյսի աստուածութեան: Նոյնիսկ Էջմիածնի խորանի տակ յայտնաբերուած ատրուշանը, ըստ կարգ մը հնագէտ պատմաբաններու, նուիրուած պէտք է ըլլայ Լոյսի պաշտամունքին: Այս ենթադրել կու տայ, որ լոյսի աստուածութիւնը հայերուն քով արդէն վաղուց նետած է իր արմատները»: Կայ աւելին: Ցարդ յայտնաբերուած աշխարհի հնագոյն տաճարը շումերական է` Էրիտու, որ նոյնպէս նուիրուած է լոյսի պաշտամունքին: Խնդիրը այն է, որ մերօրեայ հնագէտ-լեզուաբաններէն շատեր այնքան շատ առնչութիւններ կը գտնեն զոյգ մշակոյթներու եւ յատկապէս շումերերէնի ու հայերէնի միջեւ, որ ենթադրել կու տան, թէ Շումերները հակական ցեղ մըն էին:

«Իսկ, ըստ հիթիթական արձանագրութիւններուն, Միհրը ծնած է Աղի ծովակէն, որ Վանայ լիճին կը համապատասխանէ: Ուրեմն Յիսուս Քրիստոսի իբրեւ լոյս գալն ու մեր լուսապաշտ ըլլալը եւս դիւրացուց հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան դարձը»:

Այլ ազդակներ

img-20170104-wa0033

«Քրիստոնէութեան խորհրդանիշ խաչն ալ  յառաջացած է հայկական աշխարհէն: Համաձայն մեր նախնադարեան ժայռապատկերներու տուեալներուն, հայերը խաչապաշտ եղած են քրիստոնէութենէն առաջ: Հայկական ժայռապատկերներուն վրայ բազմիցս կը տեսնենք խաչի խորհրդանիշը, որ կրակի, անմահութեան, Աստուծոյ եւ յաւիտենականութեան խորհուրդը կը փոխանցէ: Երկու փայտեր իրարու քսելը խաչի ձեւը յառաջացուցած է, իսկ քսելուն իբրեւ հետեւանք կրակ յառաջանալը նաեւ լոյսի յառաջացումն է` խաչէն: «Սվասդիկան» եւս  յառաջացած է խաչէն` իր չորս թեւերով, որոնք  ժամանակի ընթացքին վերածուած են ութ կամ աւելի թեւանի անմահութեան նշանի:

«Գիտենք, որ մինչեւ Հռոմի քրիստոնէութեան դարձը քրիստոնէութեան նշանը ձուկն էր: Մինչ այդ, հայ ժողովուրդը դարեր առաջ իսկ կը պաշտէր վիշապաքարեր, որոնք մեծաւ մասամբ ձուկի կերպարներ էին: Այդ վիշապաքարերուն կարեւոր մէկ թիւին վրայ խաչ կը գտնուի: Ապագային այս վիշապաքարերը դարձած են խաչքարերուն հիմքը ու պաշտուած քրիստոնեայ հայերու կողմէ:

«Հայկական այլ արժէքներ ալ զուգահեռներ ունին քրիստոնէական արժէքներուն հետ, ինչպէս` հայ ժողովուրդին էութեամբ բարի ըլլալու հանգամանքը: Այս մէկը կ՛ըսեմ նկատի ունենալով հայկական առասպելները, ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ մեր թագաւորներուն նկարագիրը: Օրինակ, Մեծն Տիգրանը, աշխարհակալ ըլլալով հանդերձ, բռնատէր մը չէր: Այս իմաստով Սասունցի Դաւիթը (որ մեր ազգային նկարագիրը կը մարմնաւորէ) ներողամիտ, բարի եւ վեհանձն մէկն էր:

«Հոս կարեւոր է նշել, որ նոյնի՛սկ միաստուածութեան գաղափարը քրիստոնէութենէն առաջ գոյութիւն ունէր հայկական բարձրաւանդակին վրայ: Եգիպտական Թէլ Ամարնայի բեւեռագիր սալիկները կը վկայեն, որ միաստուածութեան գաղափարը Մովսէս մարգարէէն առաջ Եգիպտոս տարած է Նեֆէրթիթին, որ Միտանի երկրի Տուշրատտաս թագաւորին աղջիկն էր:

Տակաւին կան այլ նախաքրիստոնէական երեւոյթներ եւս, ինչպէս` «Թուխ Մանուկ»-ի պաշտամունքը եւ կամ Վահագնի Ծնունդը:

Այս բոլորը ձեւաւորեցին (երբեմն գիտակցաբար, երբեմն ալ ենթագիտակցաբար) Յիսուսի կերպարը հայ կերպարուեստի մէջ, իբրեւ հոգեմտաւոր սրբազան լոյսի աղբիւր եւ իբրեւ Հայր Աստուծոյ Միածին Որդի:

«Քրիստոսը գահի վրայ», Էջմիածինի Աւետարան, 989 թ.

«Քրիստոսը գահի վրայ», Էջմիածինի Աւետարան, 989 թ.

Հայկական բարձրաւանդակին վրայ, սկսեալ նախնադարէն, մշակութային շղթան չէ կտրուած: Դարեր շարունակ կարելի եղած է ստեղծել հայկական հարուստ մշակութային շերտեր: Ժամանակն ու պայմանները այս հարստութիւններէն միայն բաժին մը հասցուցած են Ք.Ե. 2017 թուական: Ներկայիս սփիւռքեան պայմանները աւելի քիչ հնարաւորութիւն կու տան այս հարստութեան փոխանցման, բայց եւ այնպէս, մշակութային, կրօնական, արուեստի հողերը հարթակ կը դառնան ապահովելու ազգային արժէքներու շարունակականութիւնը, իսկ անոնց ուսումնասիրութիւնն ու վերլուծումները մեր ազգային ինքնութիւնները աւելի կը բիւրեղացնեն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>