ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Բարեգործութիւնը այնպէս կը վայելէ կնոջ սիրտին, ինչպէս երկնքի ցօղը դաշտի ծաղիկներուն»
ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԱՐՕՆԵԱՆ
Վստահաբար ԼՕԽ-ի վաստակաշատ ընկերուհի` Անժել Սապունճեան իր գործունէութեամբ, բարոյական եւ նիւթական ներդրումով դարձաւ բուժիչ ցօղը կարօտեալներուն:
40 օրեր առաջ, իր զաւակներուն տածած բացառիկ գուրգուրանքի ներքեւ ան փակեց իր աչքերը` մեզմէ առյաւէտ հեռանալով:
Անժել Սապունճեան լիբանանեան պատերազմի սկզբնաւորութեան գործեց «Նայիրի» մասնաճիւղին մէջ, Անթիլիասի ծովեզերեայ շրջանին մէջ, ուր հայերը տակաւին մօտակայ բլուրները չէին բարձրացած:
Հօր կողմէ սասունցի, մօր կողմէ էրզրումցի, ազգային ոգիով տոգորուած, չէր կրնար անտարբեր մնալ բարեսիրական գործին, երբ կարիքը ծաւալուն էր:
Ընկհ. Անժել «Նայիրի» մասնաճիւղի մէջ գործեց մինչեւ 1991` իբրեւ վարչական անդամ եւ իր ներդրումը ունեցաւ առաւելագոյն չափով:
1988 թուականէն առաջ, Ռապիէյի մէջ նախաձեռնող խումբ մը գոյութիւն ունէր եւ անդամարշաւի ձեռնարկած էր, անոնց մէջ էր Անժել Սապունճեանը, որ ընտանեօք փոխադրուած էր Ռապուէ: 21 փետրուար 1991-ին, Թագուհի Քէլէշեան, օրին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ, քաջալերեց Անժել Սապունճեան, որ մաս կազմէ հիմնադիր վարչութեան Ռապիէյի մասնաճիւղին, որ կոչուեցաւ «Արցախ» մասնաճիւղ: Վարչութեան ատենապետն էր Արշալոյս Տիապ, իսկ ինք դարձաւ փոխատենապետ եւ յաջորդ տարիներուն` ատենապետ:
Ան օժտուած էր կազմակերպական կարողութիւններով եւ գործեց «Արցախ» մասնաճիւղի մէջ կազմակերպելով նաւապտոյտ, երեկոյեան ընթրիքներ` մեծ գումարներ ապահովել, որպէսզի «Արցախ» մասնաճիւղը օգտակար դառնայ Շրջանային վարչութեան ուսումնական, ընկերային, առողջապահական կարիքներուն: Մասնաճիւղը օգտակար դարձաւ մասնաւորապէս այն մասնաճիւղերուն, որոնց նիւթական աղբիւրները սահմանափակ էին եւ կարիքները շատ:
Անոր մնայուն նպատակը եղած է համեստ խաւը չքաւոր վիճակէն դուրս հանել, որպէսզի կարօտեալներուն վիզը ծուռ չմնայ: Ան գիտէր նաեւ հայ մշակոյթին նպաստել` նիւթական հայթայթելով:
Իր եռանդը փոխանցած էր երիտասարդ ԼՕԽ-ականներուն, որոնք ներկայիս շատ աշխոյժ են եւ գործօն, կը շարունակեն գործել նոյն ոգիով, նորոգուած միջոցներով:
Ան իր զաւակներուն ալ փոխանցած է այդ ոգին, որպէսզի աւելի քաղցր ու խոր ապրումներով ոգեւորուին եւ օգտակար դառնան մեր գաղութի կարիքներուն:
Անժել Սապունճեան բազմաթիւ անգամներ ստանձնած է ձեռնարկներու հովանաւորութիւն, ինչպէս` Ձեռարուեստի ցուցահանդէսին, Ազգային Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի եւ «Նայիրի» մասնաճիւղի ձեռնարկներուն:
Շրջան մը, երբ գոյութիւն ունեցած է Ազունիէ բուժարանի Տիկնանց յանձնախումբը, հոն ալ իր ներդրումը ունեցած է: Եղած է նաեւ Ազգ. Ս. Խանամիրեան քոլեճի խնամակալութեան անդամ:
ԼՕԽ-ի մէջ նման ընկերուհիներու թիւը մեծ է, ոմանք բարոյական, ուրիշներ` նիւթական, շատեր ֆիզիքական, հոգեկան աջակցութիւն բերած են, մխիթարելու համար դժբախտ հոգիները մարդկային վեհ վերաբերմունքով, առանց վիրաւորելու կարիքաւորին արժանապատուութիւնը, բոլորովին կարեկցութեամբ մօտենալու ամէնուն:
Մեր պարտքն է յարգանք տածել նման բարեսէր ընկերուհիներուն նկատմամբ յուսալով, որ անոնց ազնիւ օրինակը կը դառնայ նոր սերունդներուն ներշնչումի աղբիւր, որպէսզի շարունակեն գործը, դառնալով մեր ժողովուրդին բալասանը:
Երբ մեր ընկերուհիները կամքի տէր, օժտուած` բարիի հաւատքով, յաւիտեանս կը բաժնուին մեզմէ, դարձեալ մեր պարտքն է շարունակել գործել նոյն ոգիով, նորոգուած ուժով, որպէսզի անոնք հանգիստ ննջեն եւ անոնց հոգիները երկնքին մէջ ժպտին…
Շա՛տ սիրելի ընկերուհի Անժել,
Հոգիդ ամենայն հանգստութեամբ հանգիստ ձեւով թող սաւառնի, որովհետեւ հոգիդ հարստացած հեռացար այս աշխարհէն եւ ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործը շարունակողներ կան, անոնք կը գործեն նոր ակօսներ բանալով: