Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գալուստ Սահակեանն Ու Լէոնիտ Քալաշինքով Քննարկած Են Փոխադարձ Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցեր

$
0
0

kalousd-sahakian_leonid-kalashinkov_122416

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 22 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ երկիրներու գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշինքովի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Ըստ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին, խորհրդարանի նախագահը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները աւանդական բարեկամութեան դարերու հարուստ պատմութիւն ունին, եւ անոնք երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական փոխադարձ գործակցութեան համար կայուն հիմք կը հանդիսանան:

Գալուստ Սահակեան ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան առնչութեամբ: «Մենք կը դատապարտենք այդ հրէշային ահաբեկչական գործողութիւնը եւ կը սկսինք ռուս ժողովուրդին վիշտը», ըսած է խորհրդարանի ղեկավարը:

Երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման ծիրին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է օրէնսդիր մարմիններու դերը:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնակցային ու ռազմավարական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջազգային խորհրդարանական կառոյցներուն մէջ համագործակցութիւնը եւ փոխադարձ շահաւէտ մօտեցումներով հանդէս գալը:

Լէոնիտ Քալաշինքով բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնն ու միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, որոնք խարսխուած են բարեկամութեան կայուն հիմերու վրայ:

Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ երեւանեան նիստին ընթացքին արտայայտուած կարծիքներն ու առաջարկները պիտի նպաստեն երկու պետութիւններու խորհրդարաններու հետագայ միացեալ աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Քննարկուած են նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր եւս:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>