Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրումը լուրջ վտանգ պիտի դառնայ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ռուսական թերթի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Պատասխանելով այդ հարցումին, թէ տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման որքա՞ն հաւանականութիւն կայ, Սարգսեան ըսած է. «Ազրպէյճանի հետ զինուած հակամարտութեան վերսկսիլը շատ հաւանական է: 1994 թուականին եռակողմ ձեւաչափով (Հայաստան, Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ) զինադադարի վերաբերեալ համաձայնագիր մը ստորագրուած է: Դժբախտաբար, 1994 թուականէն ի վեր Պաքուն արդէն աւելի քան 20 տարուան ընթացքին կը խանգարէ խաղաղութեան գործընթացը: Աւելի՛ն, հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներ փնտռող միջազգային հանրութեան, ի դէմս Մինսքի խմբակի համանախագահներու, բոլոր ջանքերը միշտ կը ձախողին»:
Պաշտպանութեան նախարարը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ այս տարուան ապրիլին Ազրպէյճանը մեծածաւալ ռազմական յարձակումի մը ձեռնարկեց Լեռնային Ղարաբաղին դէմ, ինչ որ կատարեալ ձախողութիւն արձանագրեց: «Մենք մեր աշխատանքը կը հիմնենք ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութեան վարկածով: Ի միջի այլոց, շատ ակնյայտ է, որ Հայաստանին եւ տարածաշրջանի երկիրներուն ձեռնտու չէ հակամարտութեան հաւանական այս լարուածութիւնը: Երեւանը` որպէս Լեռնային Ղարաբաղիանվտանգութեան երաշխաւոր, ստիպուած պիտի ըլլայ ներգրաւուիլ այդ բախման մէջ: Իսկ միեւնոյն ժամանակ հաւանական է, որ պատերազմի վերսկսիլը շատ լուրջ սպառնալիք հանդիսանայ ամբողջ Հարաւային Կովկասին համար», յայտարարած է Վիգէն Սարգսեան: