Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սիրոյ Սեղան Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

$
0
0

aram-i-in-iran_siro-seghan_121816

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան ու վեհափառ հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան` Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ  Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեան, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական  եւ Իրանի մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանի ներկայացուցիչները, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, հոգեւորականներ, ազգայիններ եւ բարերարներ:

Սիրոյ սեղանի բացման խօսքը կատարեց Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Ժոզեֆ Մեհրապեան: Ապա հերթաբար խօսք առին սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամՎարդան Վարդանեան, Ատրպատականի թեմի Թեմական խորհուրդի անդամ Արմինէ Վահրամեան, Թեհրանի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Կարապետեան, որոնք իրենց խօսքին մէջ ողջունելով վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը, կարեւորութեամբ անդրադարձան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան:

Խօսք առաւ նաեւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որ իր խօսքի աւարտին Թեհրանի թեմին կողմէ յուշանուէր յանձնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Սիրոյ սեղանին փակումը կատարեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, որ իր խօսքին մէջ յիշեց, որ «նոյնիսկ եթէ վարչական հասկացողութեամբ տարբեր երեք թեմերու կը բաժնուի իրանահայ գաղութը, մեզի համար գոյութիւն ունի մէ՛կ իրանահայութիւն` որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն: իրանահայ երեք գաղութներն ալ իրենց ամբողջութեան մէջ մէ՛կ են, որովհետեւ նոյն հասարակաց հարցերը, մտահոգութիւնները, մարտահրաւէրները կ՛ապրին, եւ բնականաբար աշխատանքներն ու ծրագիրները անհրաժեշտ են, որ միասնաբար դիտուին, քննարկուին, արժեւորուին` յարգելով իւրաքանչիւր թեմի ներքին դրուածքը»: Աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան նուիրումին մասին խօսելով` նորին սրբութիւնը յայտնեց, թէ «Անթիլիասի համար անձը իր մէջ արժէք չէ, այլ արժէք կը դառնայ, երբ իր հոգիէն, սրտէն, մտքէն կայծ մը, հմայք մը, տեսիլք մը, ոգի մը կու տայ ի խնդիր հաւաքականի, եւ այդ հաւաքականը մեր հայրենիքն է, մեր ազգն է, մեր եկեղեցին է: Մեր  անձերէն վեր ու վեհ հաւաքականը մենք ունինք` որպէս մեր ծառայութեան առաքելութեան դաշտը»:

Աւարտին ներկաներ դարձեալ շնորհաւորեցին նորին սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակը եւ սիրոյ սեղանը վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետին «Պահպանիչ»-ով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>