Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
Հայոց հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` նորին սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ:
Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով խօսելէ ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր ու եկեղեցանուէր ծառայութեանց մասին, արտայայտուեցաւ նորին սրբութեան գահակալութեան 20 տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն մասին:
Երիտասարդներուն ուղղած հարցումներուն պատասխանելէ առաջ վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին եւ կարեւոր տեղին մասին ազգային ու եկեղեցական իրականութենէն ներս: Ան շարունակեց` ըսելով. «Ոչ թէ երիտասարդութեան մասին պիտի խօսինք, այլ երիտասարդներուն հետ պիտի խօսինք», հրաւիրելով երիտասարդները սոյն հանդիպումը վերածելու զրոյց-քննարկման:
Երիտասարդները, իրենց կարգին, Սուրիոյ տագնապին, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Սիսի կաթողիկոսարանի դատին կրօնաբարոյական ու ընկերային մարզերու հետ առնչութիւն ունեցող զանազան հարցեր տուին վեհափառ հայրապետին:
Նորին սրբութիւնը սոյն հարցումներուն սպառիչ եւ լուսաբանող պատասխաններ տալէ ետք, կարեւորութեամբ խօսեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի եւ գործընթացի կարեւորութեան ու զարգացումին մասին` յիշեցնելով, որ` «Այս դատը համայն հայութեան դատն է, եւ ո՛չ թէ սոսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Երիտասարդները նոր աւիւն պէտք է ներարկեն ու մասնակից դառնան ընդհանրապէս Հայ դատին եւ մասնաւորաբար Սիսի կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն եւ գործընթացին մէջ»: