Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17570

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Տնօրէնը Տեսակցութիւն Ունեցած Է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

$
0
0

aram-i-in-iran_islam_121916

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Իպրահիմիի հետ:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան եւ պետական ու հոգեւոր ներկայացուցիչներ:

Հանդիպման քննարկման նիւթ դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յարաբերութիւնները Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը: Քննարկման աւարտին ժողովականները միաձայնութեամբ յայտարարեցին «Բռնութեան եւ ահաբեկչութեան նկատմամբ իսլամութիւնը եւ քրիստոնէութիւնը հասարակաց նոյն կեցուածքը ունին» միասնական տեսակէտը:

Արդարեւ, ժողովականներ կարեւորութեամբ շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կապերը  քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շարունակականութիւնը ապահովելու հրամայականը եւ անոր համաշխարհային մակարդակի վրայ տարածումը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17570

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>