Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Զարթօնք»-ի…«Ըուէյքընինկ»-ը (Դրամին Երկու Երեսները)

$
0
0

 

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Միայն ողջունել կարելի է «Սարդարապատ» գրախանութի գաղափարը` անգլերէնի թարգմանել ու հրատարակել Մալխասի կոթողական գործը` «Զարթօնք»-ը:

Նոյնքան ողջունելի ու որակաւոր է թարգմանութիւնը` Սիմոն Պէօճէքեանի կողմէ:

Հայկական ազատագրական պայքարի գլխագիր Վէպը կարելի է համարել Մալխասի այս գործը, իր առասպելականի հասնող հերոսներով` Լեւոն, Սոնա, Թոփալ Սատանայ եւ բազում ուրիշներ: Մեր գեղարուեստական արդի գրականութեան մէջ քիչ չեն ազատագրական պայքարէն ներշնչուած, կամ այդ թեմայով գրուած ստեղծագործութիւններ: Հրաշալի գործ է, օրինակի համար, Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարսը»` ներշնչուած Ռուբէնի զինուորներէն Յովանի ապրած ողբերգութենէն: Մեր գեղարուեստական գրականութեան գոհարներէն է նաեւ Խաչիկ Դաշտենցի  «Ռանչպարների կանչը», ուր կը տողանցեն նոյն Ռուբէնի նկարագրած հերոսական կերպարները, Տարօն աշխարհի առիւծասիրտ մարտիկները:

Գրականութիւնը մաս կը կազմէ ժողովուրդի մը ինքնութեան, անոր դիմագիծին: Կը ստեղծէ ու կը մշակէ իւրայատուկ հոգեկերտուածք: Կը յղկէ, ձեւ ու կերպարանք կու տայ այդ ինքնութեան: Միւս կողմէ` գրականութիւնը արտայայտութիւնն է նոյն այդ ժողովուրդին նկարագիրին, ազգային հոգեկերտուածքին եւ իւրայատկութեան: Ընդունուած ճշմարտութիւն է սա:

Եւ ուրեմն, այս ներքին տրամաբանութեամբ կը բացատրուի «Զարթօնք»-ը անգլերէնի թարգմանելն ու հրատարակելը` զայն հասանելի դարձնել… անգլիախօս ընթերցողներուն ու մանաւանդ` անոր երիտասարդ խաւին: Նոյն այս անգլիախօս, կամ հայերէն լաւ չգիտցող սերունդն է, որ այս ձեւով առիթը պիտի ունենայ անմիջականօրէն կապուելու մեր ազատագրական պայքարի հրաշալի դրուագներուն, անդրադառնալու Խորենացիի այն դիտարկումի ճշմարտացիութեան, որ թէեւ մենք «փոքր ածու» ենք եւ թիւով շատ քիչ, բայց մեր լեռնաշխարհին մէջ եւս կան արութեան բազմաթիւ գործեր, որոնք յիշատակութեան արժանի են:

«Արութեան բազում գործերու» այս գաղափարը մտածողութիւն կը ստեղծէ, հայու ազգային ինքնութիւն կը զարգացնէ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ:

Ամէն ճիգ պէտք է թափել` կարելի եղածին չափ լայնօրէն տարածելու համար «Ըուէյքընինկ»-ի թարգմանուած «Զարթօնք»-ը: Կասկած կամ վարանում` միայն վնասակար կրնան ըլլալ այս աշխատանքի բնագաւառէն ներս:

Դարձնենք դրամին միւս երեսը:

Ամերիկայի մէջ, հայկական ամէնօրեայ դպրոցը իր ետին ունի յիսուն տարուան պատմութիւն մը: Թէեւ մէկ ձեռքի մատներու վրայ կը համրուին Արեւելեան Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոցները (փակուելու երկու ողբերգական փաստերով` Պոսթընի շրջանին մէջ), անդին, սակայն, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ` Լոս Անճելըս, Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ, համեմատաբար աւելի դրական է պատկերը:

Համեմատաբար ըսինք, որովհետեւ մինչ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ հայութեան թիւը կը գնահատուի քանի մը հարիւր հազարով, հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու թիւը չի հասնիր մէկուկէս տասնեակի: Քանի մը տարի առաջուան տուեալներով, հայկական ամէնօրեայ դպրոց յաճախող աշակերտներու թիւը մօտաւորապէս վեց հազար էր (այսօր, երկու դպրոցներու փակումէն ետք, հաւանաբար նուազած է այդ թիւը): Իսկ հանրային դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներու թիւը կը գնահատուէր առնուազն յիսուն հազարով (ճիշդ կարդացիք, յիսո՛ւն հազար):

Միւս կողմէ սակայն, հարցը կը կայանայ ոչ միայն հայկական դպրոցներու անբաւարար թիւին, այլ նոյնինքն հայկական դպրոցներէն ներս հայոց լեզուի դասաւանդումի անբաւարար որակին մէջ:

Չյայտարարուած, չխօսուած, սակայն ակնառու մօտեցում մը կայ, որ կարելի է հետեւեալ բանաձեւումով ներկայացնել` «Կարեւորը հայկական ոգին զարգացնելն է»: Բայց ո՞ւր եւ ե՞րբ կատարուած են այն քննարկումները, որոնք մեզ առաջնորդած են այս եզրակացութեան (որ ինքնին հաշուի առնուելիք տեսակէտ է. բայց… տեսակէտ մըն է): Առանց հայերէն լեզուի որակաւոր դասաւանդումի` ոգիի ամրապնդումը կը կաղայ: «Զարթօնք»-ը թարգմանեցինք, լա՛ւ ըրինք, ճի՛շդ ընտրութիւն էր եւ թարգմանելիութեան իմաստով` «կարելի» իրագործում էր: Բայց ինչպէ՞ս թարգմանել «Տատրագոմի Հարսը», «Ռանչպարների կանչը», Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» կամ Համաստեղի պատմուածքները` առանց կորսնցնելու մանաւանդ վերջինին մէջ մարմնաւորուած Խարբերդի համն ու հոտը, բովանդակութիւնը:

Կ՛ուզեմ ճիշդ հասկցուիլ. նոյնիսկ եթէ պահ մը ընդունինք, որ գոհացուցիչ մակարդակի վրայ են հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու հայոց լեզուի դասաւանդման որակը եւ արդիւնքը, «Զարթօնք»-ը դարձեա՛լ պէտք էր թարգմանել (ի սէր ամերիկահայութեան անգլիախօս  զանգուածին):

Անմիջապէս ըսեմ, որ այս յօդուածագիրին նպատակը քննադատելը չէ, այլ պարզապէս հարցերը արծարծելն է, որպէսզի կարենանք լուծումներու առաջնորդող գործընթաց մը սկսիլ: Քննելի հարցերէն են` հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու անբաւարար թիւը, հայոց լեզուի դասաւանդումի անբաւարար որակը, որակեալ ուսուցիչներու անբաւարար թիւը, հայկական վարժարաններու հիմնական առաքելութիւնը, վարչական ու կրթական կառավարումը:

Այս հարցերը ազատ ու հանգիստ կերպով քննարկելու ժամանակը շատոնց հասած պէտք է նկատել: Մեզի պէտք չէ պակսին այս հարցերը լուծելու կամքը եւ տեսլականը:

Այս իմաստով ալ «Զարթօնք»-ը մեզ նոր տեսակի… «ըուէյքընինկ»-ի կրնայ առաջնորդել: Այն ատեն է, որ այս թարգմանութիւնը, իբրեւ երեւոյթ, իրագործում կրնայ ըլլալ: Այլապէս, կրնայ պարտութեան փաստի վերածուիլ:

12 նոյեմբեր 2015

vrproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>