ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 25-ը յիշարժան, սակայն մոռցուած թուական մըն է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: 4 նոյեմբեր 1988-ին էր, որ նախագահ Ռոնալտ Ռիկըն Շիքակոյի Օ՛Հեր օդակայանին մէջ, 40 տարիներ ուշացումով, ստորագրեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ 9 դեկտեմբեր 1948-ին 44 անդամ պետութիւններու կողմէ ընդունուած ցեղասպանութեան մասին հռչակագիրը («Պայմանադրութիւն կանխարգիլելու եւ պատժելու ցեղասպանութեան ոճիրը», այսուհետեւ` «Հռչակագիր») որդեգրելով, օրէնքի ուժ տալով անոր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իսկ 25 նոյեմբեր 1988-ին նախագահ Ռիկըն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին պաշտօնական յղումով տեղեակ պահեց միջազգային կառոյցը` վերջնականապէս վաւերացուցած ըլլալով Ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի «Հռչակագիրին» Միացեալ Նահանգներուն կողմէ ընդունիլը, սակայն` որոշ «վերապահութիւններով»: Կ՛արժէ յիշել, որ նախագահ Ռիկըն 1981 ապրիլին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` իբրեւ եղելութեան:
Ինչո՞ւ համար այս հոլովոյթը 40 տարի տեւեց եւ ի՞նչ հանգրուաններէ անցաւ: Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Հերի Թրումըն ՄԱԿ-ի որոշումէն երկու օր ետք, 11 դեկտեմբեր 1948-ին, ստորագրեց «Հռչակագիրը» եւ վեց ամիս ետք` 16 յունիս 1949-ին վաւերացնելու թելադրանքով յղեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին: 1949-1970 ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը ձգձգեց հարցին քննարկումը, մինչեւ 19 փետրուար 1970, երբ նախագահ Նիքսըն թելադրեց ծերակոյտին` վերարծարծել «Հռչակագիր»-ի վաւերացման քննարկումը: Յանձնախումբը կատարեց քննարկումներ եւ նոյն տարին դրական յանձնարարութեամբ զայն փոխանցեց ծերակոյտին` առ ի վաւերացում, սակայն` առանց արդիւնքի: Այնուհետեւ, 1971, 1973, 1976 եւ 1978 թուականներուն ծերակոյտը կրկին զլացաւ վաւերացնել «Հռչակագիր»-ը` մինչեւ 19 փետրուար 1986, երբ ծերակոյտը 83 թեր եւ 11 դէմ ձայներու քուէարկութեամբ վաւերացուց զայն իբրեւ «Փրոքսմայր օրէնք» ճանչցուած այս «Հռչակագիր»-ը:
![Ուիլիըմ Փրոքսմայր](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/12/%D5%88%D6%82%D5%AB%D5%AC%D5%AB%D5%A5%D5%B4-%D5%93%D6%80%D5%B8%D6%84%D5%BD%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D6%80.jpg)
Ուիլիըմ Փրոքսմայր
Ո՞վ էր Ուիլիըմ Փրոքսմայր (1915-2005): Ուիսքանսըն նահանգը ներկայացնող, մարդկային իրաւանց ջատագով դեմոկրատը, 1957-1989 շարունակաբար, յաճախ մեծ ժողովրդականութեամբ կ՛ընտրուէր ծերակոյտի անդամ: Յատկանշական էր իր քննադատութիւնը Վիեթնամի պատերազմին, բայց ան մասնաւորաբար կը բնորոշուի իբրեւ «Հռչակագիր»-ի վաւերացումը պահանջող մղիչ ուժը ծերակոյտին մէջ: Ամէն տարի ան կոչ կ՛ուղղէր ժողովուրդին նամակներ յղելու ծերակուտականներուն, որպէսզի «Հռչակագիր»-ին վաւերացման ի նպաստ քուէարկեն: 1972-1973 թուականներուն, երբ մասնագիտութեան համար Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէի, ընդառաջելով անոր կոչին` Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը արծարծող բովանդակութեամբ մասնակցութիւն բերի այս նամակարշաւին:
1967 թուականին ան երդում տուաւ, որ մինչեւ «Հռչակագիր»-ին վաւերացումը` ամէն օր այդ մասին ելոյթ պիտի ունենար ծերակոյտին մէջ, եւ իրապէս ան 19 տարուան ընթացքին 3211 անգամ ճառախօսեց ի նպաստ վաւերացումին` մինչեւ «Հռչակագիր»-ին ընդունումը:
Միացեալ Նահանգներու կողմէ «Հռչակագիր»-ին վաւերացումը, հոգ չէ թէ` որոշ «վերապահութեամբ», արդիւնքն է Ուիլիըմ Փրոքսմայրի հետեւողական աշխատանքին եւ անընկճելի կամքին: Իսկ «վերապահութիւնները» ընդհանրապէս կը վերաբերին իրաւաբանական, դատական իրաւասութեան եւ օրինական իշխանութեան հարցերուն, ոչ թէ Ցեղասպանութեան ըստ էութեան սահմանումին:
Յատկանշական է թուականի զուգադիպութիւնը Յարութ Սասունեանի` «Ամերիկացիներուն միայն 35 տոկոսը տեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին» գրութեան, («Ազդակ», 24 նոյեմբեր 2015) եւ հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ արդիւնքը, եթէ նշուած հարցախոյզին նաեւ պատասխանուէր «Տեղեա՞կ ես որեւէ ցեղասպանութեան մասին» հարցումին:
25 նոյեմբեր 2015