Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Աշխարհի Մէջ Հինգ Միլիառ Մարդ Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

$
0
0

harut-sassunian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ ամիս իմ խմբագրականին մէջ տեղեկացուցած էի «Զոկպի» հետազօտական կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքներուն մասին, ըստ որոնց, ամերիկեան հասարակութեան միայն 35 տոկոսը տեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ես կը կարծէի, թէ ատիկա ցած ցուցանիշ է` ակնկալելով, որ աւելի մեծ թիւով ամերիկացիներ պէտք էր իրազեկուած ըլլային Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Որոշ ընթերցողներ իրաւացիօրէն մատնանշեցին, որ 35 տոկոսը երբեք ցած ցուցանիշ չէ, քանի որ`

1. Կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 300 միլիոն հաշուող բնակչութեան մէկ երրորդը (առնուազն 100 միլիոն ամերիկացի) տեղեակ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

2. Ամերիկացիներուն մեծ մասը տեղեակ չէ նոյնիսկ այժմ կատարուող իրադարձութիւններուն մասին, ո՛ւր մնաց` ցեղասպանութեան մը, որ տեղի ունեցած է հեռաւոր երկրի մը մէջ, մէկ դար առաջ:

Այս շաբաթ պիտի ուզէի ներկայացնել արդիւնքները այլ կարեւոր հարցախոյզի մը, որ կատարած են ֆրանսական երկու խումբեր` «Ֆոնտափոլ»-ի (Քաղաքական նորարական հիմնադրամ) եւ Շոայի յիշատակի հիմնադրամը` աշխարհի 31 երկիրներու մէջ: Այս միջազգային հարցախոյզին ընթացքին 33 հարցում ուղղուած է 24 լեզուով 16-29 տարեկան 31,172 երիտասարդներու` տարբեր միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններու, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անոնց գիտելիքներուն եւ բնութագրման վերաբերեալ:

Ստորեւ ներկայացուած են կարեւոր հատուածներ 164 էջ կազմող միջազգային հարցումէն, որ հրապարակուած էր ֆրանսերէն.

– Միջին հաշուով, 31 երկիրներու մէջ հարցուածներու 90 տոկոսը ընդունած է, որ Հրէական ողջակիզումը ցեղասպանութիւն էր, իսկ 77 տոկոսը համարած է, որ 1,5 միլիոն հայերու կոտորածը թրքական կառավարութեան կողմէն եւս ցեղասպանութիւն էր: Ասիկա բաւական բարձր ցուցանիշ է, քանի որ 100 տարի անց այդ բարբարոսական ոճրագործութիւններուն մասին յիշողութիւնները կը  շարունակեն վառ մնալ աշխարհի երիտասարդ սերունդի գիտակցութեան մէջ:

– Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեակ անձերուն տոկոսը աւելի բարձր է եւրոպացիներու մօտ (86 առ հարիւր). առաջին հորիզոնականի վրայ է Ֆրանսան (93 առ հարիւր), անոր կը յաջորդեն Յունաստանը (90 առ հարիւր), Մեծն Բրիտանիան (68 առ հարիւր) եւ Միացեալ Նահանգները (64 առ հարիւր): Զարմանալի չէ, որ ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ (33 առ հարիւր): Սակայն այս ցուցանիշը այնքան ալ յուսահատեցնող չէ, ինչպէս կը թուի առաջին հայեացքէն:

Հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան դարաւոր ժխտման յօրինուածքին` պետական հսկայական միջոցներու օգտագործումով, հրաշք կարելի է համարել, որ թուրք երիտասարդներու մէկ երրորդը` տասնեակ միլիոնաւոր թուրքեր կը մերժեն իրենց կառավարութեան քարոզչութիւնը` առանց  վարանելու կամ վախի ճիշդ պատասխան տալով հարցումը իրականացնողներուն: 33 առ հարիւրը նաեւ ցոյց կու տայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած են թուրք ազատականներու եւ մտաւորականութեան փոքր ծիրէն  դուրս:

– Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երիտասարդներու տոկոսային յարաբերութիւնը միւս 26 երկիրներուն մէջ հետեւեալն է. Աւստրալիա (67 առ հարիւր), Աւստրիա (85 առ հարիւր), Պելճիքա (81 առ հարիւր), Գերմանիա (83 առ հարիւր), Դանիա (81 առ հարիւր), Էսթոնիա (81 առ հարիւր), Սպանիա (86 առ հարիւր), Իսրայէլ (88 առ հարիւր), Իտալիա (87 առ հարիւր), Լաթվիա (84 առ հարիւր), Լեհաստան (87 առ հարիւր), Լիթվիա (70 առ հարիւր), Խրուաթիա (87 առ հարիւր), Քանատա (71 առ հարիւր), Հնդկաստան (51 առ հարիւր), Հոլանտա (76 առ հարիւր), Հոնտուրաս (87 առ հարիւր), Ճափոն (68 առ հարիւր), Զուիցերիա (87 առ հարիւր), Չեխիա (74 առ հարիւր), Չինաստան (80 առ հարիւր), Ռումանիա (72 առ հարիւր), Ռուսիա (84 առ հարիւր), Սերպիա (86 առ հարիւր), Ուքրանիա (65 առ հարիւր) եւ Ֆինլանտա (83 առ հարիւր):

– Ռուանտայի թութսիներու ցեղասպանութիւնը` հութուներու կողմէն, երրորդ ամէնէն բարձր (76 առ հարիւր) հանրային իրազեկուածութիւնը ունի 31 երկիրներու մէջ, աւելի քիչ` քան Հրէական ողջակիզումը եւ  Հայոց ցեղասպանութիւնը` հակառակ անոր աւելի ուշ` 21 տարի առաջ տեղի ունենալուն…

– Հարցուածները տարբեր տոկոսային յարաբերութեամբ դասակարգած են հետեւեալ իրադարձութիւնները` իբրեւ ցեղասպանութիւն, թէեւ` անտեսելով Քամպոտիոյ ցեղասպանութեան գոյութիւնը.

1. Միացեալ Նահանգներու կողմէ հիւլէական ռումբեր նետելը Ճափոնի Հիրոշիմա եւ Նակասաքի քաղաքներուն վրայ, 1945 թ., 70 առ հարիւր:
2. 1937 թ. Նանկինի ջարդերը Չինաստանի մէջ` Ճափոնի կայսերական բանակին կողմէ, 66 առ հարիւր:
3. Ափրիկեան եւ ասիական երկիրներու գաղութացումը Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, 55 առ հարիւր:
4. 1932-33 թուականներու սովը Ուքրանիոյ մէջ, 41 առ հարիւր:
5. 1943 թ. սովը Հնդկաստանի մէջ, 37 առ հարիւր:

Վերոնշեալ թիւերը ցոյց կու տան, որ 31 երկիրներու մէջ երիտասարդներու` Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկացուածութեան մակարդակը աւելի բարձր է, քան` այս հինգ պատմական արհաւիրքներուն:

Այս միջազգային հարցախոյզին կարեւորագոյն  յայտնութիւնը` Թուրքիոյ կառավարութեան ակնյայտ պարտութիւնն է Ցեղասպանութեան ժխտման տեւական պայքարին մէջ, ոչ միայն միջազգայնօրէն, քանի որ վերջերս աճած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն թիւը, այլ նաեւ` երկրին մէջ, քանի որ թուրք երիտասարդներուն մէկ երրորդը նոյնպէս կը ճանչնայ զայն…

Վերջապէս, եթէ ենթադրենք, որ ուսումնասիրուած երկիրներու ամբողջ բնակչութիւնը ունի երիտասարդներու գիտելիքներուն նոյն 77 առ հարիւրը, կրնանք հաշուարկել, որ այդ 31 երկիրներուն մէջ ապրող չորս միլիառ մարդոցմէ երեք միլիառը տեղեկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Մենք կրնանք նոյն կերպով այդ 77 տոկոսը տարածել ամբողջ աշխարհի 7,25 միլիառ բնակչութեան վրայ, այսինքն աւելի քան 5 միլիառ մարդ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը…

Թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>