Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

$
0
0

yeghishe-1_120616

Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը  10:30-ին, Սիրան Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  յանձնախումբին կազմակերպած աւանդական տօնավաճառի բացման պաշտօնական  հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Ալվարդ  Գալօղլեանի:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց քոլեճի  Տիկնանց միութեան ատենապետ Ծովիկ Գէորգեան. ան հաստատեց, որ Տիկնանց  միութիւնը այս տարի եւս, ապաւինելով դպրոցի  ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին ու  աջակցութեան, փորձած է աւանդական  տօնավաճառին ընդմէջէն տօնական ուրախ ու  աշխուժ մթնոլորտ ստեղծել դպրոցին մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ալվարդ Գալօղլեանին, որ սիրայօժար ու առանց տատամսելու ընդունած է տօնավաճառի նախագահութիւնը:

Օրուան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար` շեշտելով, որ ինք Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը կը նկատէ շատ հարազատ` տրուած ըլլալով, որ  իր կողակիցը` Րաֆֆի Գալօղլեանը, այս կրթօճախէն շրջանաւարտ է ու իր կեանքի մէջ ունեցած յաջողութեան հիմը դրուած է այնտեղ: Ա. Գալօղլեան անդրադարձաւ նաեւ այն գոհունակութեան, որ նուիրողը կը զգայ, մանաւանդ երբ կը նուիրէ սրտանց ու առանց տատամսելու` հաւատալով տարուած աշխատանքին կարեւորութեան:

Քոլեճի տնօրէն Զօհրապ Ղազարեան իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով գիտական աշխարհի մէջ հայկականութեամբ յատկանշուող պտուղներուն, ցոյց տալով տօնավաճառի սեղաններուն վրայ տեղադրուած չոր ծիրանը, որ գիտականօրէն կը կոչուի prunus armeniaca, ու հաստատեց, որ հայկականը իսկապէս նաեւ պատուական է, եւ բոլորիս իրաւունքն է հպարտանալ մեր հայկականութեամբ ու պարտականութիւնը` զայն ծանօթացնել օտարին: Ապա տնօրէնը  բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հաստատեց, որ տօնավաճառին ներկայ կը գտնուին ու իրենց ներդրումը կ՛ունենան քոլեճի մեծ ընտանիքին բոլոր անդամները, իւրաքանչիւրը ի՛ր ձեւով, եւ այս մէկը յաւելեալ հմայք կու տայ տօնավաճառին ու տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէ  քոլեճին մէջ:

yeghishe-2_120616

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի նախագահ Սիրվարդ Գալօղլեանին, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն ու տօնավաճառին մասնակից բոլոր բարեկամներուն:

Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին   նախ մանկապարտէզի բոլոր դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին աշնանային երգեր, իսկ  նախակրթարանի չորրորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան ամանորի երգերով:

Ապա, ներկաները առիթ ունեցան այցելելու  տօնավաճառի սեղանները, ուր տեղադրուած էին հայկական զարդանմուշներ, գեղանկարներ, կաղանդի յատուկ կողովներ, ձեռագործներ, հայկական գինի, չոր մրգեղէն, խաղալիքներ ու նուէրի  յարմար այլազան իրեր:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>