Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Մեսրոպեանի Աշակերտները Վերանորոգեցին Իրենց Մկրտութեան Խոստումները

$
0
0

mesrobian-mgrdoutioun-2_112416

Հինգշաբթի, 24 նոյեմբերին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ Սուրբ պատարագ եւ հոգեպարար արարողութիւն մը, որուն ընթացքին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերանորոգեցին իրենց մկրտութեան խոստումները` ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի, ուսուցիչներու, ծնողներու, ինչպէս նաեւ մասնակից աշակերտներէն շատերու կնքահայրերուն ու կնքամայրերուն:

Պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Իրենց պատգամները յղեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէ եւ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան:

Հոգեւորական հայրերը վեր առին մկրտութեան խորհուրդին եւ մկրտութեան խոստումի վերանորոգութեան նշանակութիւնը քրիստոնեայ մարդուն կեանքին մէջ: Անոնք շեշտեցին, որ դէպի գիտակցական տարիք իրենց յառաջացումին մէջ պատանիներն ու պարմանուհիները հրաւիրուած են յաւելեալ խանդով մը փարելու Աստուծոյ, կայանալու համար որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ` հաւատքով, յոյսով եւ սիրով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>