Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Մեսրոպեանը Տօնեց Լիբանանի Անկախութեան Օրը

$
0
0

mesrobian-angakh-3_111816

Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած յուսատու ծանօթ զարգացումներու առթած դրական մթնոլորտը իր արտայայտութիւնը գտաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի այս տարուան անկախութեան օրուան տօնակատարութեան մէջ, որ կայացաւ ուրբաթ, 18 նոյեմբերին:

Աշակերտները հանդիսութեան մասնակցեցան մեծ խանդավառութեամբ` բեմէն թէ սրահէն, մեծ ոգեւորութիւն ստանալով նաեւ օրուան գլխաւոր պատգամէն, զոր փոխանցեց յատուկ այս առիթով վարժարան հրաւիրուած զօրավար Ժորժ Նատէր` Լիբանանեան բանակի յատուկ ուժերու հանգստեան կոչուած նախկին հրամանատարը:

Իր պատգամին մէջ զօր. Նատէր կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որպէս երկրի ապագայ քաղաքացիներու, տէր կանգնելու հայրենիքին եւ ժողովուրդին շահերուն եւ վստահելու զօրակցելու լիբանանեան բանակին` որպէս երկրի անկախութեան ամէնէն կայուն երաշխաւորը: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր լիբանանցի ինքզինք պատասխանատու պէտք է զգայ երկրին նկատմամբ եւ չզլանայ օրէնքով նախատեսուած իր քաղաքացիական պարտականութիւնները կատարել յանուն աւելի արդար եւ ապահով երկրի մը: Զօր. Նատէր ըսաւ, որ Լիբանան պարտաւոր է գործադրել իրապէս անկախ եւ ազգային քաղաքականութիւն եւ վերջ դնէ արտաքին ուժերու թելադրանքներով եղած գործողութիւններուն:

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կրթութեան եւ գիտութեան ճամբով այսօրուան աշակերտները պիտի կերտեն վաղուան Լիբանանի պայծառ ապագան, կայանալով որպէս ազատ մտքի եւ ազատ խղճի տէր քաղաքացիներ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` սրբօրէն պահպանելու միասնութեան, համերաշխութեան եւ փոխադարձ հանդուրժողականութեան գաղափարները, անոնց հիման վրայ ամուր պահելու համար լիբանանեան հայրենիքն ու ընկերութիւնը:

mesrobian-angakh-2_111816

Այս առիթով Կրէկուար Գալուստ վարժարանին կողմէ գնահատանքի յուշանուէր մը  յանձնեց զօր. Նատէրին:

Մեսրոպեանի արաբերէնի ուսուցիչ, հանդիսութեան կազմակերպիչներէն Ռուլա Սարգիս իր հերթին ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ոգեկոչեց անոր նահատակներուն յիշատակը: Այս առիթով ան յիշատակեց նաեւ Արցախի մէջ ինկած հայ զինուորները, որոնք նոյնպէս իրենց կեանքը նուիրաբերեցին յանուն հայրենի հողի ազատագրութեան եւ պաշտպանութեան:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով, Մեսրոպեանի «Ծիծեռնակ» մեծերու երգչախումբը կատարեց երկու երգեր` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, տարբեր դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին լիբանանեան աւանդական տապքէ պարեր, երկրորդականի խումբ մը աշակերտներ կատարեցին լիբանանեան աւանդական երգասացութեան կտոր մը` զաժալ, Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներ արաբերէն լեզուով ներկայացուցին  թատերական պատկեր մը` «Ինչ կը պահանջենք մեր կառավարութենէն 2016-ին» վերնագիրով, Ա., Բ. եւ Գ. դասարաններու աշակերտներ ներկայացուցին Լիբանանի համառօտ պատմութիւնը` լուսանկարաշարի մը ընկերակցութեամբ, աշակերտուհիներ Մարիա Եմէնեան (դաշնակ) եւ Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ) գեղեցկօրէն նուագեցին երաժշտական երկու կտորներ: Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Լիբանանի միասնութեան նուիրուած «Ուան Լեպընոն» երգով, զոր կատարեցին կրտսեր եւ աւագ դասարաններու աշակերտներ: Աշակերտութեան խօսքը փոխանցեց Վանեսսա Հատատ, օրուան հանդիսավարն էր Մեսրոպեանի աշակերտ Քրիսթէլ Գոշոյեան:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles