Ամանորի առիթով գեղարուեստական տպաւորիչ ներկայացում մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ին Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանի սրահին մէջ, ուր ներկայ էին նախկին ու ներկայի ծնողներ եւ բարեկամներ:
Տօնական հանդէսը սկսաւ հանդիսավար Սեւան Կարապետեանի ողջոյնի խօսքով, որ տօնական օրերուն առիթով ամենաբարին մաղթեց ներկաներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինը սկսաւ Բ. կարգի կողմէ հայկական պարով մը, որմէ ետք կոկոն դասարանը իր մանկական զուարթ ձայնով դիւթեց ներկաները: Ը. դասարանի աշակերտները ընթերցեցին Լեւոն Բաշալեանի «Նոր զգեստը» պատմութիւնը: Գ. կարգի եւ ապա Ա. կարգի աշակերտները զուարթ երգերով ուրախութիւն տարածեցին ամէն կողմ: Յայտագիրի առաջին բաժինի աւարտին Դ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին թատրոն մը, որուն միջոցով խորհուրդ տուին ըլլալ ազնիւ, ներող ու միշտ սիրող: Կաղանդ պապուկը շատ նուէրներ բաժնեց, բայց տոպրակին նուէրները չվերջացան, որովհետեւ անոնք լեցուած էին սէրով:
Վարժարանի տիկնանց յանձնախումբի կատարած հիւրասիրութենէն ետք աշակերտները կրկին բարձրացան բեմ` ներկայացնելու յայտագիրին Բ. բաժինը: Հանդէս եկան ծաղիկ դասարանի աշակերտները կաղանդի երգերով: Թ. կարգի աշակերտները ընթերցեցին Ամանորի հայկական աւանդութիւններու մասին տեղեկութիւններ: Ապա Է. կարգի աշակերտները երգեցին ու պարեցին` ուրախանալով եւ ուրախացնելով ներկաները: Հանդէս եկան բողբոջ դասարանի աշակերտները, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը իրենց մանկական անմեղ ձայնով ու շարժումներով: Յետոյ Ե. կարգի աշակերտները պարեցին հայկական պար մը, եւ Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին ուրիշ թատրոն մը: Անոնք իրենց դերերով ներկաներուն փոխանցեցին Ծնունդի լաւագոյն պատգամը, որ կ՛ըսէ` աշխարհի վրայ միայն սէրն ու բարութիւնը իսկական արժէք են: Ուստի մեր լաւ եւ ուրախ վայրկեաններուն պէտք չէ մոռնանք աղքատները: Թո՛ղ միշտ բոլորին տուները ուրախութեան ճիչով լեցուին:
Յայտագիրի աւարտին վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար: Ապա երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն եւ բարեկամներուն, որոնք ընդմիշտ կը ջանան սատարել վարժարանի վերելքին:
Տօնահանդէսի աւարտին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զանազան ուտելիքներու եւ անուշեղէններու վաճառք` դպրոցի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: