«Հոգու պարտք» հասարակական կազմակերպութեան եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին պատրաստած «Արցախ քարտէսագիրք»-ը վերջերս հանրութեան ներկայացուած է: Այս բացառիկ աշխատութիւնը եռալեզու է` հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն: Անիկա նաեւ համակարգչային տարբերակով Հայկական ճարտարապետութիւն ուսումնասիրող հիմնադրամի կայքին մէջ տեղադրուած է:
Ասիկա Արցախին վերաբերող խնդիրները գիտական, սակայն աւելի հակիրճ ձեւաչափով ներկայացնող աշխատանք մըն է, որուն մէջ գտնուող իւրաքանչիւր քարտէս կը ներկայացնէ Արցախի (ներառեալ` Արցախի բռնագրաւուած հիւսիսային հատուածը) պատմութեան տարբեր ոլորտները` երկրամասի հայկականութիւնը մատնանշող առաւելաբար օտարազգիներու կազմած քարտէսներու խումբի մը մատուցումէն սկսեալ մինչեւ ազգաբաշխման (1914 թուական), գրչօճախներու, կրթական հաստատութիւններու, բերդերու, պաշտօնական կառոյցներու, կամուրջներու եւ պատմական յուշարձաններու վայրերը ներկայացնող քարտէսներ:
Քարտէսագիրքի պատրաստութեան աշխատանքները իրականացած են Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ տրամադրուած դրամաշնորհի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցանքի ծիրին մէջ:
Ինչպէս կը նկատէ «Հոգու պարտք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Շողինէ Յովհաննիսեան, այս աշխատութեան առաքելութիւնը Արցախի պատմութեան, մշակոյթին եւ զանազան այլ նիւթերուն հայ հասարակութիւնը հաղորդակից դարձնելն է, յատկապէս` Արցախի խնդիրով ի պաշտօնէ զբաղող քաղաքական գործիչներուն, ինչպէս նաեւ` մեր ճշմարտութիւնը պարզապէս օտար հանրութեան ներկայացնելու քարոզչական նպատակներուն:
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան կը նկատէ, որ Արցախին վերաբերող որեւէ աշխատութիւն, պատմական եւ մշակութային բնոյթի ուսումնասիրութիւն կարեւոր է, որովհետեւ այս առումով շատ նիւթ կայ: Յատկապէս պատմական յուշարձաններուն մասին կ՛օգտագործուին Շահէն Մկրտչեանի` տակաւին 1980-ական թուականներուն լոյս տեսած գիրքերը: Վերջին տարիներուն աւելի շատ լոյս տեսած են Արցախի ազատամարտին, քան պատմական անցեալին եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած աշխատութիւններ: Սամուէլ Կարապետեան այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատած է յատկապէս քարտէսագրութիւնը, քանի որ մէկ էջի վրայ կարելի է այնքան տեղեկութիւն փոխանցել, որքան` ամբողջ գիրքի մը մէջ:
«Արցախ քարտէսագիրք»-ին միջոցով տարբեր ոլորտներ կ՛արծարծուին, անիկա կրնայ օգտակար ըլլալ մշակութաբաններու, պատմական յուշարձաններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներու, ձեռագրագէտներու եւ Արցախի կրթօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուողներու համար:
«Արցախ քարտէսագիրքը» համարօտ ակնարկով մը կը սկսի` ներկայացնելով Արցախի պատմութիւնը` հնագոյն ժամանակաշրջաններէն սկսեալ մինչեւ մեր օրեր: Սամուէլ Կարապետեան կը նշէ, որ տակաւին 1865 թուականէն եւրոպացի մասնագէտներէն մէկը իր կազմած քարտէսին մէջ գործածած է ոչ թէ Ղարաբաղ, այլ Արցախ անուանումը: Սամուէլ Կարապետեան լուսարձակի տակ առաւ, որ Արցախ անուանումը օտարազգիներուն ծանօթ է տակաւին 19-րդ դարէն, ուստի պէտք չէ նահանջել Արցախ աշխարհագրական միաւորի անունին շրջանառութենէն:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ ֆինանսաւորուած այս ծրագիրը համակարգող Գայեանէ Մանուկեան կը նշէ, որ պատմական յիշողութիւնը հայրենասիրական դաստիարակութեան բաղադրիչներէն մէկն է, իսկ հայրենիքի տարածաժամանակային ընկալումը անոր կարեւոր սիւներէն է, այսինքն հայրենիքը պատմական ո՛ր ժամանակաշրջանին ի՛նչ քաղաքական նպատակներ ունեցած է: «Այս առումով քարտէսագիրքերը կարեւոր դեր ունին: Առաւել եւս եթէ խօսքը Արցախի պատմական քարտէսագիրքի մասին է, որ հասցէագրուած է ոչ միայն հայ, այլեւ` օտարազգի ընթերցողին: Վստահ ենք, որ այս ծրագիրով կեանքի կոչուած Արցախի քարտէսագիրքը հայ աշակերտին, ուսումնասիրողին, քաղաքացիին, դիւանագէտին եւ զինուորին սեփականութիւնը պիտի դառնայ», ըսած է Գայեանէ Մանուկեան: