Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

«Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար». ՀՕՄ-ի Հայաստանի Միաւորը 25 Տարեկան Է

$
0
0

hom_120516

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը 25 տարեկան է: Կամաւորներու միջազգային օրուան առիթով 5 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ համախմբուեցան Հայաստանի համայնքներուն մէջ գործող ՀՕՄ-ի 47 մասնաճիւղերէ կամաւորներ: Յոբելեանական նախաձեռնութիւնը կը կրէր «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» խորագիրը:

Հայաստանի Հայ օգնութեան միութիւնը հիմնուած եւ պաշտօնական արձանագրուած է 1991-ին: Այսօր ՀՕՄ-ի աւելի քան 500 կամաւորներ բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ` ընդգրկելով կրթութեան, մշակոյթի, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ոլորտները: «Այս 25 տարիներուն ընթացքին ՀՕՄ-ի կամաւորները յաւելեալ ժամանակ ու աջակցութիւն ցուցաբերած են հայ ժողովուրդին` առանց որեւէ ակնկալիքի ու գնահատականի սպասելու», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Դիանա Յովսէփեան:

Անոր համաձայն, ՀՕՄ-ի կամաւորները մեծ աշխատանքներ կատարած են յատկապէս 2016-ի ապրիլեան պատերազմի օրերուն օժանդակութիւն ցուցաբերելով զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն ու վիրաւոր զինուորներուն: Այդ ընթացքին ՀՕՄ-ի ջանքերով մեծաքանակ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկուած է դիրքեր ու զօրամասեր:

ՀՕՄ-ի կամաւորները կը վկայեն, որ կազմակերպութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ընկերային ծրագիրներու իրականացման: Այս 25 տարիներուն 7927 որբ երեխաներ ՀՕՄ-ի ջանքերով գտած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հովանաւորներ, որոնք նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած են երեխաներուն մինչեւ անոնց չափահաս դառնալը: Ներկայիս այդ ծրագիրին մէջ կան 1197 ծնողազուրկ երեխաներ:

Յոբելենական ձեռնարկին ընթացքին ընկերային բնագաւառին մէջ կատարած աշխատանքներուն համար ՀՕՄ-ը պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան պատուոյ գիրով:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ ՀՕՄ-ին շնորհուեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն պարգեւ` Ոսկի յուշամետալ:

Արցախի մէջ կատարած աշխատանքներուն համար Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանի անունով ՀՕՄ-ը պարգեւատրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի յուշամետալով:

hom1_120516

hom2_120516

hom3_120516


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17158

Trending Articles