Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ Լոռիի Մարզին Մէջ 20 Ընտանիք Բնակարան Ստացած Է

img_7753

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի ֆինանսաւորմամբ եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին կողմէ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ Լոռիի մարզին մէջ 20 ընտանիք բնակարան ստացած է:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան հիւրընկալուած են Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքը բնակող Սուքիասեաններուն կողմէ:

«Հինգ տարի առաջ, երբ Վանաձոր կը գտնուէինք` երկրաշարժէն կորուստ ունեցած 20 ընտանիքի բնակարան նուիրելու համար, կ՛ակնկալէինք վակոն-տնակի մէջ մեծցող սերունդին տխուր, յուսահատած հայեացքը աստիճանաբար փոխարինուած տեսնել լուսաւոր ժպիտով: Կոտրուած հոգեբանութեամբ մեծցող երեխան երկիր զարգացնելու բաւականաչափ ներուժ չի կրնար ունենալ: Յստակօրէն պատկերացնելով իրավիճակը` ձգտեցանք իրականացնել մէկ այլ ծրագիր եւ օգտակար ըլլալ նոր ընտանիքներու: Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ին հետ համագործակցութեամբ մենք յաջողեցանք կրկնապատկելու երջանիկ ընտանիքներուն թիւը: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ մետաղական վակոն-տնակի մէջ անցուցած կեանքի դժուար պայմանները այլեւս ստուերի նման չեն հետեւիր հարազատ հողի վրայ ամրանալ ձգտող ընտանիքներուն», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Յայտնենք, որ բնակարանաշինութեան ծրագրի իրականացման համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մօտաւորապէս 105 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է:

Թոմ Հենքս Պիտի Աջակցի «Հայաստանի Մանուկներ» Հիմնադրամին

tom-hanks_120716

Թոմ Հենքս յայտարարած է, որ պիտի աջակցի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի բարեսիրական հաւաքին: Հիմնադրամի` Դիմատետրի պաշտօնական իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթին մէջ օսքարակիր դերասանը կոչ կ՛ուղղէ աշխուժ կերպով մասնակցելու 9 դեկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք նախաձեռնութեան:

«Բացայայտեցէ՛ք ձեր հայկական արմատները, եւ եթէ դուք հայ չէք, պարզապէս միացէ՛ք անոնց «Չիփրիանի»-ի մէջ: Շնորհակալութիւն եւ Աստուած օրհնէ ձեզ», ըսած է դերասանը:

Յիշեցնենք, որ 2000 թուականին հիմնուած «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը կ՛աշխատի հայկական գիւղական վայրերու մէջ երեխաներու ապագային համար պայմաններ ստեղծելու` կրթութեան, առողջութեան, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ: Հիմնադրամի ծրագիրները կը նպատակադրեն ստեղծելու կայուն կարելիութիւններ` աճի եւ յառաջընթացի մէջ:

Ռուսիա Եւրոպականի Փոխարէն Հայկական Աղ Պիտի Ներածէ

Ռուսիա, եւրոպականի փոխարէն, հայկական արտադրութեամբ աղ պիտի ներածէ: Երեւանի աղի գործարանը կ՛արտադրէ «Էքսթրա» տեսակի կերակուրի աղ, որ լիովին կ՛ապահովէ Հայաստանի պահանջը եւ կարելիութիւն ունի աւելցնելու իր արտածման քանակը: Այս մասին կը յայտնէ «Միր 2»-ը:

Գործարանը աղ կ՛արդիւնաբերէ ամսական ընդամէնը 5 օր, սակայն այդ մէկը բաւարար է Հայաստանի պաշարները անընդմէջ համալրելու համար: Աղը կ՛արդիւնաբերուի հորերէն, ապա աղի ջուրի վիճակով կ՛ուղարկուի վերամշակող կեդրոն:

Հայաստանի մէջ աղի պաշարները կը հասնին միլառաւոր թոներու, որ կը բաւէ առնուազն հարիւրաւոր տարիներ: Ձեռնարկութիւնը պատրաստ է արտածելու արտադրութիւնը դէպի դրացի երկիրներ, նաեւ` Ռուսիա: Աղի գործարանը տարեկան 15 հազար թոն աղ կ՛արտադրէ: Ռուսիա արտածելու պարագային աղի արտադրութիւնը կարելի է աւելցնել 3-4 անգամ:

Ռուսիոյ համար հայկական աղը եւրոպականէն աժան պիտի ըլլայ: Գերմանիոյ մէջ արտադրուող 1 քիլոկրամ աղին արժէքը 2 եւրօ է, իսկ Երեւանի մէջ արտադրուածը` 30 սենթ:

«Շատ կը խօսուի այն մասին, որ հայկական արտադրութեամբ աղը կրնայ փոխարինել ուքրանականը: Բանն այն է, որ Ուքրանիա կ՛արտադրէ առաջին կարգի քարաղ: Իսկ մենք կ՛արտադրենք «Էքսթրա» տեսակի աղ, որ որակով կը գերազանցէ Ուքրանիոյ մէջ արտադրուածը», ըսած է գործարանի նախագահ Արեգ Ղուկասեանը:

Հաղորդենք, որ ընկերութիւնը օժտուած է նոր սարքաւորումներով, որոնք նախատեսուած են արտածման ծաւալներու ապահովման համար: Այժմ Հայաստան աղ կ՛արտածէ Վրաստան, Միացեալ Նահանգներ, Զուիցերիա եւ Ճափոն:

«Նուռ 2» Համահայկական Երիտասարդական Գրական Մրցոյթը Ամփոփուած Է

nour_120716

Ազգային գրադարանի մեծ դահլիճին մէջ նոյեմբեր 30-ին տեղի ունեցած է «Նուռ 2» համահայկական երիտասարդական գրական երկրորդ մրցանակաբաշխութիւնը:

Ծրագիրը նախաձեռնած է «Համահայկական երիտասարդական շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը` Հայաստանի Գրողներու միութեան հետ միատեղ եւ Հայաստանի մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Համահայկական երիտասարդական շարժում»-ի մամլոյ ծառայութենէն:

«Համահայկական երիտասարդական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կառլեն Խաչատրեան նշած է, որ նախաձեռնելով այս մրցոյթին` նպատակ ունեցած են խթանել երիտասարդներու մշակութային կեանքին մասնակցութիւնն ու նպաստել անոնց հոգեւոր-մշակութային զարգացման: Ծրագրին հիմնական թիրախ խումբը գրական ոլորտի մէջ գործունէութիւն ծաւալող երիտասարդներն են, որոնք այսօր ճանաչման, խրախուսման եւ, ամէնէն կարեւորը, հրատարակութեան հարց ունին:

Սահմանուած է 3 անուանակարգ, իսկ իւրաքանչիւրը ունի երեք մրցանակային տեղ: Սակայն մրցանակային տեղեր չզբաղեցուցած մասնակիցները ձեռնունայն չեն հեռացած. Բոլոր հեղինակներն ալ ստացած են հաւաստագրեր, նուռի խորհրդանիշով նուէրներ, գիրքեր, իսկ մրցանակային տեղերը գրաւած մասնակիցները, այս բոլորէն զատ, ստացած են նաեւ փայտէ ՆՈՒՌ:

Յիշեցնենք, որ ձեռնարկը կը կազմակերպուի երկրորդ անգամն ըլլալով, առաջինը 2013-ին էր:

2017-ի «Աւրորա» Մրցանակաբաշխութիւնը, Երեք Օրուան Փոխարէն, Պիտի Տեւէ Աւելի Քան Մէկ Ամիս, Ճ. Քլունի Կրկին Պիտի Մասնակցի

avrora_120716

«Աւրորա» մրցանակաբաշխութիւնը 2017 թուականին պիտի տեւէ ոչ թէ 3-4 օր, այլ` մէկ ամիսէն աւելի: 2017 թուականին «Աւրորա» մրցանակի հիմնական ձեռնարկները պիտի սկսին ապրիլ 24-ին եւ պիտի աւարտին մայիս 28-ին: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Ջիլաւեանը:

«Մենք պէտք է ընդլայնենք «Աւրորա»-ի ձեւաչափը: Աւելի շատ ձեռնարկներ կատարուին ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ աշխարհի մէջ: Այս գծով մեր աշխատանքը դժուարացնող որոշում կայացուցած ենք` «Աւրորա»-ն պիտի տեւէ ոչ թէ 3-4 օր, այլ` մէկ ամիսէ աւելի: Մրցանակաբաշխութեան պիտի սկսինք ապրիլ 24-ին եւ պիտի աւարտենք մայիս 28-ին եւ մրցանակաբաշխութեան օրը պիտի տեղեկացնենք մրցանակակիրներուն: Անոր մէջ մենք կը տեսնենք խորհրդանշութիւն` մահէ մինչեւ կեանք, դժոխքէ մինչեւ յաղթանակ, յուսահատութենէ մինչեւ յոյս», ըսած է Ջիլաւեանը:

Ջիլաւեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ 2017 թուականին «Աւրորա« մրցանակի յաւակնորդներուն անունները պիտի յայտարարուին ապրիլ 24-ին, յաւակնորդներէն մէկը մայիս 28-ին Երեւանի մէջ պիտի ճանչցուի 2017 թուականի «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր: Դափնեկիրը եւ յաւակնորդները պիտի որոշէ «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնախումբը` 66 երկիրէ ներկայացուած 558 առաջարկուած անուններէն:

Ջիլաւեանը նաեւ յայտնած է, որ ըստ այս պահի տուեալներուն, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Ճորճ Քլունին կրկին պիտի մասնակցի մրցանակաբաշխութեան:

Հարցումին, թէ 2017 թուականի ապրիլին խորհրդարանական ընտրութիւններն են, որմէ ետք Հայաստանի մէջ սովորաբար քաղաքացիական աշխուժութիւն պիտի նկատուի, արդեօ՞ք այդ մէկը չի խանգարեր մրցանակաբաշխութեան, Ջիլաւեանը ըսած է, որ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին, եւ իրենք յոյս ունին, որ որեւէ քաղաքական իրադարձութիւն «Աւրորա»-ի համար բացասական խորապատկեր չի ստեղծեր:

Յիշեցնենք, որ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութեամբ «Աւրորա» մրցանակը ստեղծուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունով եւ իբրեւ երախտագիտութիւն զանոնք փրկողներուն:

2016 թուականի ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ կայացած «Աւրորա» անդրանիկ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Պուրունտիի «ՐԵՄԱ» հիւանդանոցի եւ Խաղաղութեան տան հիմնադիր Մարկարիթ Փարանքիցէն դարձաւ մրցանակի առաջին դափնեկիրը:

Հայկական Քարահունջը` Աշխարհի Լաւագոյն Ամէնէն Հին Աստղադիտարաններու Տասնեակին Մէջ

karahounch_120716

Հայաստանի Քարահունջ մեկալիթեան համալիրը ճանչցուած է աստղերը դիտելու համար  աշխարհի 10 լաւագոյն վայրերէն մէկը:

Աշխարհի լաւագոյն ամէնէն հին աստղադիտարաններու ցանկը կազմած է լուսանկարիչ Պապակ Թաֆրեշին` ըստ «Նէյշընըլ Ճիոկրաֆիք» կայանին:

Համալիրը յայտնի է նաեւ «Զօրաց քարեր» անուանումով եւ կը ներառէ 223 քար ու հրաշալի վայր է Օրիոն (Հայկ) համաստեղութիւնը դիտելու համար: Հեղինակին խօսքով, քարերէն քանի մը հատը մինչեւ 10 թոն կը կշռեն ու անոնց վրայ կլոր անցքեր կան:

Աշխարհի լաւագոյն ամենահին աստղադիտարաններու ցանկին մէջ են նաեւ Չաքօ կիրճը` Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքօ նահանգին մէջ, Փորթուգալի մէջ գտնուող Քրոմլեխ Ալմենտրիշ մեկալիթեան համալիրը, «Մեթէորներ» եկեղեցիները Յունաստանի մէջ, Ալամուտ ամրոցի աւերակները` Իրանի մէջ եւ այլն:

Մատենադարանին Կողմէ Մօտաւորապէս 7000 Ձեռագիր Հրապարակուած Է

img5_20141222212434

Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներէն մօտ 7000-ը արդէն հրապարակուած է: Միաժամանակ հրապարակուած է նաեւ 100 հազար միաւոր արխիւային վաւերագրեր: Այս մասին յայտնած է Մատենադարանի տնօրէնի նորագոյն արհեստագիտութիւններու եւ հրատարակչական հարցերու գծով խորհրդական, տպագիր եւ ձեռագիր հաւաքածուներու հրապարակման աշխատանքներու պատասխանատու Գուրգէն Գասպարեան:

Ան նշած է, որ արխիւային վաւերագրերը կը թուայնացուին ըստ պատուէրի, պահանջի, ձեռագիրները` ըստ գոյքահամարի, հերթականութեան:

«Երբեմն ձեռագիրները կը հրապարակենք նաեւ ըստ պատուէրի: Հայագէտները կը պատուիրեն ուսումնասիրողներուն, երբ անոնք որեւէ նիւթի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղին», աւելցուցած է ան:

Գ. Գասպարեանի խօսքով, Մատենադարանին մէջ կայ 22 հազար ձեռագիր, որուն մէկ երրորդը արդէն իսկ հրապարակուած է: «Այսպիսի ընթացքով  շարունակելու պարագային, հաւանաբար 6-7 տարուան ընթացքին ձեռագրային ամբողջ հաւաքածոն կը հրապարակենք», ըսած է ան:

Նշենք, որ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու հրապարակման աշխատանքները սկսած են 2007-2008 տարիներուն: Տարիներու ընթացքին Մատենադարանը ձեռք բերած է հրապարակման համար նախատեսուած նոր սարքեր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17150

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>