Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավճառը իր դռները պիտի բանայ 6 դեկտեմբերին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-սեփական մարզ համագործակցութեան ծիրին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Ս. Ծննդեան տօնավաճառի կազմակերպիչ Փիեռ Պաղտատեան նշեց, որ այցելողները այդտեղ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած բազմաթիւ իրեր կրնան գտնել: Մասնաւորապէս` յուշանուէրներ, տօնական զարդարանք եւ ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ քաղցրեղէնի լայն տեսականի` հրուշակեղէն, տուրմ, տարբեր պտուղներով պատրաստուած անուշահամ չիրեր եւ գինի: Այնտեղ պիտի վաճառուին նաեւ գիրքեր, բացիկներ եւ գրենական պիտոյքներ: Այս բոլորը այցելողներուն պիտի ներկայացուին Երեւանի Հիւսիսային պողոտային մէջ տեղադրուած իւրայատուկ տօնական տաղաւարներու մէջ:
«Տարուէ տարի տաղաւարներուն թիւը կ՛աւելնայ: Տարբեր ընկերութիւններու եւ առանձին անհատներու հետաքրքրութիւնը հետզհետէ ամէն տարի կ՛աճի: Այս տարի մօտ 40 տաղաւար պիտի ըլլայ: Ի դէպ, տաղաւար-կրպակներ պիտի տեղադրենք նաեւ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի բակին մէջ: Այս տարի մասնակցութիւն պիտի ըլլայ նաեւ Գիւմրիէն, պիտի ներկայացուի ձկնեղէն», ըսաւ Փիեռ Պաղտատեան:
Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կազմակերպերլու գաղափարը յառաջացաւ տարիներ առաջ, երբ Ֆրանսայի ապրող լիբանանահայ Փիեռ Պաղտատեան Նոր տարուան օրերուն Հայաստան եկաւ: Այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կազմակերպելու մշակոյթ չկար, մինչդեռ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ ատիկա տօնական ձեռնարկներու անբաժան մասն է:
Ս. Ծննդեան տօնավաճառը առաջին անգամ տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 2011-ին, Աշտարակի մէջ: Տօնավաճառը սկսած է 3 փոքր կրպակով: Ըստ Փիեռ Պաղտատեանի, այդ նախաձեռնութիւնը բաւական ուրախ անցաւ, մարդիկ քաջալերեցին, հետեւաբար ինք որոշեց այս գաղափարը շարունակել: Անկէ ետք տօնական այս նախաձեռնութիւնը շարունակուեցաւ Երեւանի մէջ` Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ:
«Այցելուներուն հետաքրքրութիւնը մեծ է: Կը յիշեմ, երբ տարիներ առաջ այդպիսի ձեռնարկներ սկսանք կազմակերպել, մարդիկ նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը ի՛նչ է: Եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող մեր հայրենակիցները աւելի լաւ կը պատկերացնէին, սակայն այսօր կրնանք ըսել, որ այստեղ նախատօնական եւ տօնական օրերուն շատերու սիրելի վայրը կը դառնայ», աւելցուց Փիեռ Պաղտատեան:
Մեր համաքաղաքացիները Ս. Ծննդեան տօնավաճառ կրնան այցելել 6 դեկտեմբերէն սկսեալ, սակայն պաշտօնական բացումը 10 դեկտեմբերին պիտի կատարուի: Փիեռ Պաղտատեան նշեց, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնավաճառը իր պատուոյ հիւրը պիտի ունենայ: Ամէն տարի կը հրաւիրուին այնպիսի մարդիկ, որոնք այդ տարուան ընթացքին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան մը կամ մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի պատիւն ու եռագոյնը բարձր պահած են: