Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

ՀՕՄ-ի Միջշրջանային Վարչութիւններուն Ժողովը

$
0
0

pr14-8

Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով եւ Քանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան հիւրընկալութեամբ, շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի միջվարչական ժողովը` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ նախկին կեդրոնական վարչութեանց անդամներուն հետ` ներկայութեամբ անցեալ կեդրոնական վարչութեանց չորս ատենապետներուն` Շաքէ Մինասեանի, Վանուհի Իսաջանեանի, Յասմիկ Տէրտէրեանի եւ Վիգի Մարաշլեանի:

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին ժողովը բացուեցաւ Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, ՀՕՄ-ի քայլերգով, որուն յաջորդեց ներկաներու ծանօթացում, ապա Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Գարոլին Շմաւոնեան, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր շրջանի, մասնաճիւղի եւ անդամի, որ կը շարունակէ ՀՕՄ-ի համամարդկային առաքելութեան գործադրումը սփիւռքեան ու հայրենի տարածքներէ ներս:

«Ի վերջոյ ի՞նչ է ՀՕՄ-ի առաքելութիւնն ու տեսլականը, եթէ ոչ` ժողովուրդի կեանքը բարելաւելու միջոցներ ստեղծել մեր լաւագոյն ջանքերով,- ըսաւ ան: – Մեր ՀՕՄ-ուհիները, արժանի իրենց կոչումին, կը շարունակեն օգնութեան ձեռք երկարել հոն, ուր որ կարիքը կայ: Այս իրողութիւնը փաստուեցաւ անցեալ ապրիլին, Արցախի քառօրեայ պատերազմին, երբ վարչութիւնս կոչ ուղղեց իր անդամներուն եւ համայն ժողովուրդին` Արցախի հայութեան օգնութեան հասնելու: Մենք ձեռնածալ չմնացինք»:

Ատենապետը ծանրացաւ հարցերու վրայ, որոնք այսօր, 107-րդ տարեդարձի սեմին, ՀՕՄ-ը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին` անդամարշաւ` շարքերը ոգեւորելու եւ հզօրացնելու համար,  նիւթական ապահովելու նորանոր միջոցներ ի գործ դնել` ՀՕՄ-ի տնտեսական առօրեան աւելի հեզասահ դարձնելու հեռանկարով, հիմնադրամը ուռճացնել` պատրաստ ըլլալու համար անակնկալ տագնապներու դիմագրաւման, վերարժեւորել ՀՕՄ-ի ծրագիրները` անոնց շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով եւ  քարոզչական նպատակներով օգտագործել բարելաւուած միջոցներ` միութեան վարկը առաւել եւս բարձրացնելու նախանձախնդրութեամբ:

Շմաւոնեան շարունակեց. «Պատկերացուցէ՛ք, որ 107 տարիներ առաջ ՀՕՄ-ը սկսաւ Նիւ Եորքի մէկ մասնաճիւղով եւ այսօր ունինք 213 մասնաճիւղեր` 27 երկիրներու մէջ:  Յարափոփոխ այս համաշխարհային պայմաններուն մէջ մեր պարտականութիւնն է վա՛ռ պահել ՀՕՄ-ի տեսլականը: Ու վերջապէս, կողք-կողքի, միասնակա՛ն ճիգերով յաջողութեամբ պսակել մեր աշխատանքները»:

pr14-1f

Շմաւոնեան իր խօսքը աւարտեց` յիշեցնելով, որ այս հանդիպումը աւանդական մեր ժողովներէն չէ:  Կեդրոնական վարչութեան ակնկալութիւնն է ժողովականներու անկաշկանդ ներդրումը` քննարկման դրուած հարցերու առնչութեամբ, եւ անոնց փորձառութենէն օգտուելով, միասնաբա՛ր լուծումներ գտնել ՀՕՄ-ի կազմակերպական կառոյցը ամրապնդելու եւ յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարով:

Երկրորդ խօսք առնողը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն էր:  Ան բարձր գնահատեց ՀՕՄ-ի տարած լայնածաւալ, համաշխարհային աշխատանքները` յատկապէս շեշտելով Արցախի եւ Սուրիոյ տագնապները, ուր ՀՕՄ-ը առաջիններէն եղաւ օգնութեան ձեռք երկարելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն:  Առաւել եւս շեշտեց Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերաշինութեան ծրագիրը, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ Արցախի մեր հայրենակիցներուն:

Ապա ներկաները պաստառի վրայ, սահիկներու ընդմէջէն դիտեցին Կեդրոնական վարչութեան 2015-2016 տարեշրջանի միամեայ աշխատանքները:

pr14-7f

Ժողովին օրակարգը շարունակուեցաւ Շրջանային վարչութեանց հակիրճ զեկոյցներով. հերթականութեամբ բեմ հրաւիրուեցան Աւստրալիոյ,  Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի ատենապետերը` Նորա Սեւակեան, Ռեբեքա Պէրպէրեան, Թալին Տաղլեան եւ  Արմինէ Կարապետեան:  Ժողովականները լսեցին ընկերուհիներուն զեկոյցները, որոնք կը պատասխանէին Կեդրոնական վարչութեան կողմէ միաւորներուն ուղղուած երեք հարցումներուն` ա) Միաւորի գործունէութեան հիմնական յաջողութիւնն ու անյաջողութիւնը (լուսաբանութիւն), բ) մարտահրաւէրներ, գ) տեղական գաղութին վերաբերումը ՀՕՄ-ի նկատմամբ:

Հետաքրքրական էր լսել, թէ որքան կը տարբերին միաւորներուն առօրեայ գործելակերպերը, մինչ աւելի նոյնանման են անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Չորս շրջաններն ալ կեդրոնացան կազմակերպութիւնը արդիականացնելու, երիտասարդներ ներգրաւելու եւ նոր անդամներու այժմէական ծրագիրներ մշակելու պահանջներուն վրայ, միշտ ակնկալելով ներկայ փորձառու անդամներուն ներդրումը:

Ժողովին երկրորդ մասը վարեց Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան` օրակարգ ունենալով ՀՕՄ-ի մարտահրաւէրներն ու ռազմավարութիւնը` անդամարշաւի, նիւթական կարիքներու, հանրային յարաբերութիւններու, ծրագիրներու մշակման, ու կազմակերպչական հարցերու այժմէական մարզերէն ներս:

Տէրտէրեան իր ներկայացումը կատարեց սահիկներու ընդմէջէն` միշտ ակնկալելով ներկաներուն տեսակէտները, եւ լուրջ քննարկման ենթարկելով իւրաքանչիւր մարտահրաւէր:  Հարցադրուեցան նոր սերունդը ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ ներգրաւելու պահանջն ու իրատես ակնկալութիւնները, եւ նոր ծրագիրներ ու նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու կարողականութիւնը: Որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն` լեզուական դժուարութիւնները, հայ լեզուն եւ մեր դարաւոր մշակոյթը պահպանելու առկայ միջոցները, դաստիարակչական ծրագիրներու յարատեւութիւնը:  Ֆինանսական գետնի վրայ` ՀՕՄ-ի հիմնադրամի ամրապնդման կարեւորութիւնը:  Քարոզչական տեսակէտով` 21-րդ դարու արդիական մեքենան լաւագոյն ձեւով օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը` շրջաններու եւ Կեդրոնական վարչութեան արթուն հաղորդակցութիւնը, ե-նամակի հասցէներու այժմէականացումը, եւ վերջապէս, Արցախի քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, ապրիլ 2016-ին սկսած «Crowd Funding»-ի եւ ապա «Classy» միջոցառումներու օգտագործումը:

Տէրտէրեան շեշտեց, թէ որպէս միջազգային բարեսիրական կնոջական կազմակերպութիւն, անհրաժեշտ է միշտ պատնէշի վրայ կանգուն ըլլալ` կարենալ  դիմագրաւելու համար նորանոր մարտահրաւէրներ: Հայ օգնութեան միութիւնը տարածքային սահմաններու վրայ հիմնուած չէ, այլ ներկայ է հոն, ուր կ՛ապրի եւ կը շնչէ հայ ժողովուրդը:

Խմբական աշխատանքներու ընդմէջէն ժողովականները ուղղակի կամ անուղղակի իրենց ներդրումը ունեցան ժողովին արդիւնաւորման մէջ:

Օրուան աւարտին Կեդրոնական վարչութիւնը, գիտակցելով հանդերձ, որ հարցերը կարելի չէր մէկ օրուան մէջ լուծել, գիտակցելով հանդերձ, որ տրուած ժամանակը բաւարար չէր այսքան լայնածաւալ օրակարգ մը ամբողջացնելու, եկաւ այն եզրակացութեան, որ արդիւնքը դրական էր, եւ եզրափակեց` ըսելով, թէ աշխատանքը ընթացքի մէջ է, եւ ընդհանուր ծրագիր մը պատրաստելու սկզբնական քայլերը առնուած էին:

Յաջորդող օրերու ընթացքին, նոյեմբեր 14-17, Մոնրէալի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան  Կեդրոնական վարչութեան լիագումար նիստը, ուր քննարկուեցան Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման վերջին տուեալները, սուրիահայութեան եւ մանաւանդ հալէպահայութեան առնչուող վերջին տագնապալի իրադարձութիւնները, անմիջական օժանդակութիւն հասցնելու կարելիութիւնները, ՄԱԿ-ի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ի գործունէութեան ընթացքը եւ ծիրը ընդարձակելու կարելիութիւնները, եւ ընդհանրապէս` ՀՕՄ-ի աշխատանքներն ու մնայուն ծրագիրները ու միութեան շրջանային կառոյցներու հիմնախնդիրները:

Նիստերէն անկախ, ժողովականները ներկայ գտնուեցան Մոնրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառի պաշտօնական բացումին, այցելեցին եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող տունը, որ Քանատայի ՀՕՄ-ուհիներու ջանքերով դարձած է հանդերձի եւ տնային անհրաժեշտ պիտոյքներու մթերման կեդրոն մը` Սուրիահայ գաղթականներու կարիքները ապահովելու համար եւ ճաշասեղաններու շուրջ բոլորուած` վայելեցին մտերմիկ ընկերային մթնոլորտ:

Բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը` Կեդրոնական վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քանատայի թեմակալ առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Քանատայի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, Մոնրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն ցուցաբերած հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեանց անդամներուն եւ իւրաքանչիւր մասնակիցի բարոյական եւ նիւթական ներդրումներուն համար, առանց որոնց` կարելի պիտի չըլլային նոյեմբեր 12-ի շաբաթավերջի եւ անոր յաջորդող շաբթուան արդիւնաւէտ նիստերը:

 

Մոնրէալ, Քանատա

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>