Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Վատիկանի գնահատումով, զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը, որ կը յատկանշուի Միջին Արեւելքի մէջ լիբանանեան պետութեան ունենալիք դերակատարութեամբ:
Ըստ Վատիկանի, Լիբանան իր քրիստոնեայ Ա. իշխանութեամբ պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ Միջին Արեւելքի յարանուանական տագնապներն ու շրջանին նկատմամբ միջազգային քաղաքական տարակարծութիւնները զսպելու առումով:
Իր կարեւորութեան համար Լիբանան անցեալ շաբթուան ընթացքին դարձաւ Ֆրանչիսկոս պապին օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկը:
Այս շրջագիծին մէջ պապը ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որմէ ստացաւ ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկագիր մը` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան մասին:
Ռայի պատրիարքին տեղեկագիրը ընդգրկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին մանրամասն նկարագրական մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ նախագահական ընտրութենէն ետք երկրին մէջ տիրող լաւատեսութիւնը եւ քրիստոնեայ համայնքին մէջ շօշափելի դարձած հանգստութիւնը:
Պապը Ռայի պատրիարքէն իմացաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող դժուարութիւններուն, քաղաքական տարբեր ուժերուն կեցուածքներուն, սուրիացի գաղթականներու հարցերուն պատճառով երկրին դիմագրաւած լուրջ մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանին չզօրակցելու ու զայն լքելու իրականութեան մասին:
Ռայի պատրիարքը իր տեղեկագիրին ընդմէջէն ներկայացուց շրջանին եւ Լիբանանի հարեւան երկիրներու տագնապներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն իրավիճակին, անոնց տառապանքներուն, անոնց ապագային վերաբերեալ տիրող վախին ու անորոշութեան, շրջանի քաղաքականութեան մէջ անոնց դերակատարութեան բացակայութեան, անոնց սպառնացող վտանգներուն, ինչպէս նաեւ անոնց կրած չարչարանքին մէջ միջազգային ընտանիքին ունեցած դերակատարութեան:
Իր տեղեկագիրին մէջ Ռայի պատրիարքը կեդրոնացաւ նաեւ արեւելեան եկեղեցիներուն հովուական հարցերուն, այլ խօսքով` անոնց ներքին իրավիճակին եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ:
Ռայի պատրիարքին կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին ներկայացուած այս կէտերը Վատիկանի համար գաղտնիքներ չէին, յատկապէս այն առումով, որ Վատիկան եւս իր դերակատարութիւնը ունեցած էր Լիբանանի նախագահական թափուր դրութեան վերջ տալու իմաստով եւ այդ առաքելութեան մէջ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա շատ աշխուժ էր:
Վատիկանին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին նաեւ, որ Լիբանանի ճակատագիրին հանդէպ անցեալին տիրող մտավախութիւնը սկսած է հետզհետէ փարատիլ, որովհետեւ մէկ կողմէ երկիրը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ մը, որ իր ազգային դերակատարութիւնը վերստանձնած է, մինչ այլ հանրապետութիւններ փուլ կու գան:
Վատիկանի մտավախութիւնները փարատող մէկ այլ տարբերակ է նաեւ այն իրականութիւնը, որ Լիբանան կը շարունակէ ինքզինք հեռու պահել շրջանին պատերազմներէն, եւ քաջաբար կը դիմադրէ ահաբեկչութեան` կանխարգիլելով անոր ընդարձակումը:
Վատիկան քաղաքական տագնապը ապահովական վտանգներէն չ՛անջատեր: Ընդհակառա՛կն, ան նկատած է, որ նախագահական թափուր կացութիւնը կրնար Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան վնաս հասցնել, եւ պատերազմն ու ՏԱՀԵՇ-ի ընդարձակումը քրիստոնէութեան ամէնէն ամուր բերդին մէջ կրնար հրդեհ բռնկեցնել:
Բայց եւ այնպէս Վատիկան համոզուած է, որ Լիբանանի քրիստոնեաներուն կացութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն կացութեան նման չէ, որովհետեւ քրիստոնեայ լիբանանցիները սորված են դիմադրել, անոնք ունին աշխարհագրական եւ ժողովրդագրական կարողութիւններ` տոկալու եւ դիմանալու, եթէ վտանգը մօտենայ իրենց:
Այս բոլոր ազդակները կը համակեն Վատիկանը, որ կը փորձէ համբերութեամբ եւ յոյսով վարուիլ յաջորդ փուլին հետ, նկատի ունենալով, որ ի վերջոյ դրական տուեալները տապալած են ժխտականը:
Յառաջիկայ փուլին համար Վատիկան իր ձգտումները կը կեդրոնացնէ հետեւեալ հինգ կէտերուն վրայ.
Ա) Հանրապետութեան նորընտիր նախագահին զօրակցիլ` զայն նկատելով երկրին պետը, ինչպէս նաեւ` Արեւելքի միակ քրիստոնեայ նախագահը: Հանրապետութեան նախագահը նկատել օրինականութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը` ի մտի ունենալով, որ քրիստոնեաները չեն կրնար պետութենէ դուրս գոյատեւել` ապրելով տագնապալի ընկերութիւններու մէջ, որովհետեւ պետութիւնը տկարանալու պարագային քրիստոնեաներն ալ կը տկարանան:
Բ) Գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը, որովհետեւ Վատիկանի համար այդ համաձայնագիրը շատ կարեւոր է` երկրին իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը եւ իսկական ու ամբողջական գործակցութիւնը երաշխաւորելու իմաստով:
Վատիկանի կարծիքով, Թաէֆի համաձայնագիրը հաւասարութիւն կ՛ապահովէ եւ անոր խախտումը կը նշանակէ մուտք գործել դէպի անորոշութիւն, ինչպէս նաեւ այս կամ այն ուժին կողմէ այլոց վրայ իշխանութեան բանեցում: Հետեւաբար պէտք է Թաէֆի գործադրութիւնը ապահովել եւ կառչած մնալ անոր սկզբունքներուն:
Վատիկանի համար գնահատելի է նաեւ նախագահ Աունի արտասանած երդման ճառը, ինչպէս նաեւ` անոր վարքագիծը, որ երկրին սահմանադրութիւնը իր մանրամասնութիւններով գործադրելու շօշափելի փաստ մըն է:
Գ) Հանրապետութեան նախագահը պէտք է իր իրաւունքները գործադրէ, ինչպէս նաեւ ամրապնդէ զանոնք, որպէսզի կարենայ իր պարտականութիւնները կատարել: Վատիկանի համար այս մէկը շատ կարեւոր է եւ հիմնական` զանազան պատճառներով: Քրիստոնեայ նախագահը պէտք է ընդհանրապէս լիբանանցիներուն եւ յատկապէս սիւննի եւ շիի յարանուանութիւններուն միջեւ իրաւարարի դերակատարութիւն ունենայ` արգիլելու համար միջյարանուանական լարուածութեան եւ պատերազմի բռնկումի Լիբանանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը կը հզօրացնէ իշխանութեան մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը, որովհետեւ անոնք կը հարստացնեն իշխանութիւնը եւ այդ դերակատարութենէն հրաժարիլը Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար աղիտալի անդրադարձ կրնայ ունենալ:
Դ) Վատիկան Լիբանանի մարոնի համայնքէն կը պահանջէ Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն, յատկապէս գաղթականներուն նեցուկ կանգնիլ, մաղթելով, որ Լիբանանը կ՛ըլլայ աշխարհագրական այն վայրը, ուրկէ այդ գաղթականներուն տունդարձը կ՛ապահովուի պատերազմէն ետք: Վատիկան կը մերժէ, որ Լիբանանը ըլլայ գաղթականներուն դէպի Արեւմուտք փոխադրութիւնը ապահովող ժամանակաւոր կեցութեան վայր մը, եւ այս մասին Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա յայտնած է Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած կաթողիկէ պատրիարքներու եւ առաջնորդներու 50-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին:
Ե) Վատիկան իր օրհնութիւնը կ՛ընծայէ միջլիբանանեան որեւէ համաձայնութեան, յատկապէս` միջքրիստոնէական փոխըմբռնումներուն:
Վատիկանի այս կեցուածքը կը դրսեւորուի Ռայի պատրիարքին կողմէ հանրապետութեան նախագահին եւ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեամբ:
Վատիկան կոչ կ՛ուղղէ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը ընդարձակել, որովհետեւ արգիլուած է վերադառնալ քրիստոնեաներուն միջեւ եղբայրասպան կռիւներուն:
Նշենք, որ նախագահ Աունի կողմէ Վատիկան կատարուելիք այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպումին կարելիութիւնը առկայ կը դառնայ, երբ Լիբանան Վատիկանի մէջ ունենայ իր լիազօր դեսպանը, որովհետեւ պապը ոչ մէկ նախագահ կ՛ընդունի առանց դեսպանի ներկայութեան:
Հարիրի Եւ Ազեւետօ Եպս. Կ՛ընդգծեն Լիբանանեան Ազգային Համակեցութեան Եւ Համերաշխութեան Կարեւորութիւնը
Միւս կողմէ, անցեալ շաբաթ Լիբանան ժամանեց Վատիկանի մշակութային հարցերու պատասխանատու Քարլոս եպս. Ազեւետոն, որ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ շարք մը հոգեւորականներու հետ:
Այդ հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրի հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Վատիկանէն ժամանած բարձրաստիճան հոգեւորականը, որուն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ:
Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ դատախազ Մոհամետ Ասսաֆ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Արթիւր Նազարեան, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Միշել Ֆարաոն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ, վերապատուելի Հապիպ Պատըր, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ մշակութային մարզերու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հոգեւորականներ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ազեւետոյի Լիբանան կատարած այցելութեան եւ «Պէյրութ չենց» փառատօնին անոր բերած մասնակցութեան համար:
Հարիրի յայտնեց, որ «Պէյրութ չենց» փառատօնը երկար ատենէ ի վեր կը կազմակերպուի լիբանանցիներուն կողմէ, «եւ մենք շնորհակալ ենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը ձեզի գործուղած է ներկայ գտնուելու այս փառատօնին եւ վկայելու Լիբանանի իսկական դիմագիծը, որ կը դրսեւորուի իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեամբ, ինչպէս նաեւ` վկայելու, որ Լիբանան ինքզինք կը վերագտնէ», ըսաւ ան:
Հարիրի նշեց, որ իրեն համար պատիւ է Վատիկանի բարձրաստիճան հոգեւորականը հիւրընկալել իր բնակարանին մէջ, աւելցնելով, որ ինք մնայուն կերպով կը փափաքի լիբանանցիները համախմբուած ու համեարշխ տեսնել:
Իր կարգին, Ազեւետօ եպս. շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիի` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար, ինչպէս նաեւ` ներկայ բոլոր անձնաւորութիւններուն ցուցաբերած բարեկամական ոգիին համար:
Ան մաղթեց, որ Լիբանան իր ներկայութիւնը լիբանանցիներուն նկատմամբ Ֆրանչիսկոս պապին յարգանքը կը ցուցաբերէ` բարձր գնահատելով սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի օրինակելի հիւրընկալումը, ինչպէս նաեւ անոնց համակեցութիւնը` լիբանանեան ընկերութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերուն համերաշխութեան շնորհիւ:
Այս առիթով Ազեւետօ մէջբերեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ Լիբանան աւելի քան երկիր է. ան պատգամ է Արեւելքին եւ Արեւմուտքին համար:
«Ֆրանչիսկոս պապը կը գնահատէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած սրտբաց հիւրընկալութիւնը, որ խոր սիրոյ, ինչպէս նաեւ տարբեր մշակոյթներու եւ կրօններու նկատմամբ յարգանքով վարուելու մեծ կարողութիւն է, որ իր կարգին կը ստեղծէ խաղաղութեան աշխարհ մը», ըսաւ ան:
Ազեւետօ եպս. շեշտեց, որ ինք մեծ սիրով ներկայ պիտի գտնուի «Պէյրութ չենց» փառատօնի բացման հանդիսութեան: Ան ողջունեց այդ փառատօնը կազմակերպողները` շեշտելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը կը մարմնաւորէ միասնականութիւնը, եղբայրութիւնը եւ խաղաղութիւնը: «Այս մէկը պատգամ մըն է ամբողջ աշխարհին, որովհետեւ ամբողջ աշխարհը խիստ կարիքը ունի միասնականութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղութեան», ընդգծեց ան:
Ազեւետօ եպս. վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ ներկաներուն բարեմաղթութիւններ կատարեց եւ Հարիրիի յանձնեց յուշամետալ մը:
Ժան Քրիսթոֆ Փոսել. «Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները Դժուար Փուլ Մը Կը Դիմագրաւեն»
Լիբանան այցելող բարձրաստիճան հոգեւորականներուն շարքին հարկ է յիշել նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կրօնական հարցերու խորհրդատու Ժան Քրիսթոֆ Փոսելը, որ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` քննարկումի հիմնական նիւթ ունենալով Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն հարցը, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ` շրջանին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւնները:
«Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները դժուար փուլ մը կը դիմագրաւեն, եւ այդ կացութիւնը բարելաւելու համար հարկ է աշխատիլ», ըսաւ Փոսել` աւելցնելով, որ պէտք է աշխատիլ ի խնդիր Արեւելքը բզկտող տագնապին լուծման: «Անշուշտ լուծումներու յանգիլը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ անիկա ճիգեր կ՛ենթադրէ` զօրաշարժի ենթարկելու համար բոլորին բարի կամեցողութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղութիւն հաստատել», ըսաւ ան:
Փոսել ընդգծեց նաեւ ահաբեկչութեան դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը, քաղաքական եւ զինուորական տագնապներու լուծումը, գաղթականներուն օժանդակութիւնը եւ քաջալերանքը` զանոնք պահելու իրենց հողերուն վրայ, ինչպէս նաեւ` արմատականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով երկխօսութեան սկսելու կարեւորութիւնը: