Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Զոհրապ` գեղանկարչութեան արուեստի մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունեցող մարդը, արուեստագէտն ու հանճարը, այս տարուան իր երկրորդ ցուցահանդէսը կ՛ունենայ «Էկզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէ, «Աքքաուի» վայրէջքին վրայ:
Կը մտնեմ ցուցասրահ: Ընդունարանին մէջ կլոր սեղանի մը շուրջ նստած է Զոհրապ եւ բաներ մը կը ստուերագծէ թուղթի կտորի մը վրայ: Իրարու ձեռք կը սեղմենք: Ան զիս կը հրաւիրէ իր կողքը` զրուցելու: «Նախ պէտք է նկարները նայիմ, պարո՛ն Զոհրապ», կ՛ըսեմ ու կ՛անցնիմ ցուցասրահին խորքը:
«Երէկուան օրը» (Եսթրտէյ) խորագիրով ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Զոհրապին 38 գործերը:
«Այս մէկը այս տարուան երկրորդ ցուցահանդէսս է, նոյն քաղաքին նոյն ցուցասրահին մէջ: Միշտ չի պատահիր: Յառաջիկայ տարին կրնայ ուրիշ ձեւի տակ այլ տեղեր ըլլալ, որովհետեւ իմ գործերս աշխարհին չորս կողմերը տարածուած են վերի վարոյ. ես եկեղեցիներու մէջ ալ գործեր ունիմ, ատոնք իմ մնայուն ցուցահանդէսներս կարելի է համարել, քանի որ չեն փոխուիր, մինչեւ վերջ հոն են»:
«Ատոր համար, երբ նայեցայ ձեր նկարներու կիներուն, հարազատութիւն մը զգացի», կը մտածեմ բարձրաձայն:
«Առաջին անձը չես, որ այս տպաւորութիւնը կ՛ունենայ: Իմ կիներս ընդհանրապէս գեղակազմ ըլլալուն կողքին նաեւ սրբուհիներու կերպար ունին: Ատիկա իմ գիծս է, իմ նախընտրութիւնս եւ տեսանկիւնս. այնպէս որ, ես տգեղը կը գեղեցկացնեմ, իսկ գեղեցիկը աւելի գեղեցիկ կը դարձնեմ, քանի որ մարդ արարածը միշտ գեղեցիկը կը փնտռէ, լաւ անձը լաւը կը փնտռէ, միայն վատն է, որ չարութիւն կը փնտռէ»:
«Այս ցուցահանդէսս «Երէկուան օրը» ուզեցի անուանել, որովհետեւ այս գործերս կը պատկանին հին ստորագրութիւններուս, մինչեւ 27 տարի առաջուան գործեր կը ցուցադրեմ: Իւղանկարները սակայն, նոր են: Հոս տեղադրուած նիւթերը կը պատկանին անցեալին եւ կը հասնին մինչեւ մեր օրերը: Մեր կացութիւնը այսօրը նոյնն է, ուրեմն այս օրը երէկուան պէս է, այսօրը երէկ է, «Եսթրտէյ»: Երէկը անմիջական գոյութիւն ունի մեր կեանքին մէջ: Օրինակ աշխատցուած նկարները, ինչպէս` պզտիկ տունը, ծառը, ասոնք բոլորը տակաւին գոյութիւն ունին, բայց անցեալէն կու գան, երէկն ալ մէջն է, այսօրն ալ մէջն է. նոյնն է, փոփոխութիւն չկայ: Հետաքրքրական է, քանի որ կեանքը երկու օրէ բաղկացած է` երէկ եւ այսօր: Իւրաքանչիւր վայրկեան անցեալ կ՛ըլլայ: Երէկ էր տակաւին, երբ տունէն փախանք, պատերազմի ռումբերէն փախանք: Մեր մէջ գոյութիւն ունին բոլոր «երէկները», ատոր համար ալ մնայուն է: Իսկ ապագա՞ն, ապագան հոն է. այդ նկարին մէջ, մերկ փոքրիկն է ապագան, նոր սերունդն է: Ինչո՞ւ մենք այսօր նոր դպրոց կը հիմնենք, եթէ ոչ` նոր սերունդին համար»:

Infinity կամ Անեզրութիւն
«Սակայն եթէ արուեստը շարունակէ այնպէս, ինչպէս որ կ՛աշխատի այսօր, այսինքն` մութ եւ առանց հոգիի, կը դադրի ապագայ ունենալէ: Ժամանակին գեղանկարչութեան դպրոցներու մէջ ամէն բան մանրազնին ձեւով կը սորվեցնէին` ինչպէս մարդուն մարմինը գծել, ծաղիկը, անոր թերթիկները ինչպիսի թափանցիկութեամբ գծել եւ այլն: Արուեստագէտը հազար անգամ ճակատի քրտինքը կը սրբէր, բայց այսօր ստեղծագործելու համար ճակատ սրբելու պէտք չկայ, ամէն բան դիւրացուցին, կրճատեցին, եւ այս մէկը` ի վնաս ապագայ արուեստագէտին: Այսօր աշակերտը կարելիութիւն չունի սորվելու արուեստի բազմաթիւ հմտութիւններ, քանի որ ուսուցիչները ամբողջովին նուիրուած չեն: Այս մէկը կապ չունի արուեստի դպրոցին հետ, որովհետեւ եթէ նկատի առնէք իմ գործերս, հոն կը տեսնէք այլաբանական, դասական, վերացական, տպաւորիչ դպրոցներու խառնուրդը, որոնք միասին Զոհրապը Զոհրապ դարձուցած են. այսինքն արուեստի դպրոց մը չկայ, որ պակասաւոր է»:
«Զոհրապին գործերը չեն նմանիր այլոց գործերուն: Արուեստագէտը պէտք է իր կնիքը ունենայ, ինչպէս նաեւ` անձնական ոճը, ըսելու եղանակը եւ նիւթը: Այս բոլորը ունենալու համար ապրումներ պէտք են, առանց ապրումի` անկարելի է ստեղծագործել: Ուղեղ, սիրտ, հոգի եւ ապրումներ` կը կազմեն արուեստի գործին հիմնաքարը, բայց նաեւ` հմտութիւնը: Նախ եւ առաջ իմ հոգիս եւ միտքերս կը մղեն, որ ես ստեղծագործեմ: Նախքան աշխատանքի սկսիլս` ես արդէն վերլուծած ու ափիս մէջ պատկերացուցած կ՛ըլլամ ամէն բան: Ապա լաթին վրայ տեսնելով աշխատանքս` կը նետուիմ գործի: Որեւէ գործ յաջողցնելու համար ուսումնասիրութիւն պէտք է, ապա ապրում, յետոյ` կորով: Ես առաւօտ կանուխ ժամերուն արդէն արթնցած կ՛ըլլամ: Երբ մարդիկ տակաւին քնացած են, իմ զգայարանքներս ամբողջութեամբ գործիս մէջ մխրճուած կ՛ըլլան: Երբ կ՛աշխատիմ, որեւէ կապ չեմ ունենար դուրսին հետ: Ես իմ անձնական գիծս ունիմ, անձնական արուեստի դպրոցս, որ կը կոչուի Զոհրապեան դպրոց: Այս գիծը ինծի կը պատկանի. ոչ թէ ուրիշներ չեն կրնար նմանօրինակ գծել, բայց ասի իմ ոճս է, եւ ես կը գծեմ: Եթէ ուսումնասիրելու ըլլաք Զոհրապը, կը տեսնէք, թէ որքան ճամբայ կտրած է: Հինգ տարեկանէս սկսած եմ գծել, եւ եթէ օրական ութ ժամ կը ստեղծագործես, ուրեմն հոն կը դնես քու անձդ»:
«Իւրաքանչիւր գործ իր անունը, վերնագիրը ունի: Ատոնք կ՛ընտրեմ նիւթի հոգիին եւ նկարի հիմքին համեմատ: Անունը նկարին բանալին է, կ՛արտօնէ, որ մտնես նկարին մէջ ու պրպտես զինք»:

Preparing for the Journey կամ Ճամբորդութեան պատրաստելով
«Իմ երանգապնակս առատ գոյներ ունի: Կը գործածեմ բոլոր գոյները: Գոյները լեզուներու եւ տառերու կը նմանին, եւ երբ անոնք իրարու քով կու գան, նախադասութիւն մը կը կազմեն եւ ըսելիք մը կ՛ունենան: Ես ըսելիքներս գոյներով կ՛ըսեմ: Իւրաքանչիւր գոյն իր պատգամը ունի: Այս նկարներուն մէջ հողային գոյներ կը տեսնենք, հոս բոլոր ընտրութիւններս յոգնած գոյներու կ՛երթան, քանի որ կը խորհրդանշեն անցեալը: Մոխրագոյն, սրճագոյն, դեղին, օրինակ, կուշտ գոյներ են»:
«Ներկայիս նկարչութիւնը փնտռտուքի մէջ է: Նոր նկարչութիւնը կը ջանայ նորը բերել` հինը մշակելով. այդ պատճառով ալ շատ մը տեղեր կը նկատեմ, որ նկարչութիւնը ընդօրինակութեան մէջ է: Ընդօրինակութիւնը ինծի բան մը չ՛ըսեր: Ասոր կողքին, դժբախտաբար, կայ արուեստի գործը առեւտուրի առարկայ դարձնելու երեւոյթը, հոն արուեստը արուեստ ըլլալէ կը դադրի եւ հաց-պանիր ծախելու կը նմանի…»:

First day of school կամ Վերամուտ
«Երիտասարդութիւնը ջանք կը թափէ լաւագոյնը տալ: Այդ մէկը մէկ օրէն միւսը չի յաջողիր, լաւագոյնը ժամանակի կը կարօտի: Երբ 1972 թուականին ցուցահանդէս մը տուի, յօդուածագիր մը, որ միեւնոյն ատեն քննադատ էր, հետեւեալը գրեց իմ մասիս. «Զոհրապը շատ մելան հոսեցնել պիտի տայ իր մասին». ասիկա ինծի համար լաւագոյն փաստերէն մէկն է, որ ժամանակի բերումով եւ աշխատանքով արուեստագէտը իր կնիքը կը ձգէ եւ ներդրում կ՛ունենայ արուեստին եւ մարդկութեան բարձրորակ ճաշակին»:
Անգամ մը եւս կը դիտեմ Զոհրապին գործերը, ինքզինքս կը գտնեմ իր գործերէն երեքին` «Խուճապ», «Ծրագրում» եւ «Դէպի նոր կեանք» գործերուն մէջ: Կարծես Զոհրապ «Երէկուան օր»-ուան մէջ, երբ այս նկարները կը ստեղծագործէր, պիտի գիտնար, որ օրին մէկը այս երեք հոգեվիճակներս շալկած` պիտի գտնուիմ անոնց մարմնացումին մէջ: Ցուցասրահին խորքին աջ կողմը կը գտնեմ յուշատետրակ մը, ուր կ՛արձանագրեմ մտածումներս ու տպաւորութիւններս: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Զոհրապին ու կը մեկնիմ` հետս շալկած այդ նկարներուն արտացոլացումէն ծագած նոր ապրումներս:

Running to a New Life կամ Դէպի նոր կեանք
Զոհրապ իր գործերը պիտի շարունակէ ցուցադրել «Էկզոտ» ցուցասրահին մէջ, մինչեւ դեկտեմբեր 6, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան 8:00: