Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայաստան Վերջապէս Կը Հակազդէ Փաքիստանի Հակահայկական Քաղաքականութեան

$
0
0

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Ուրախութեամբ իմացայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջապէս որոշած է հակազդել Փաքիստանի վարած ազրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայկական շարունակական քաղաքականութեան:

Անցեալ շաբաթ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հայաստան արգելք դրած է  Փաքիստանի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքին դէմ` ի պատասխան Փաքիստանի հակաարցախեան դիրքորոշման:

Հայաստան բացատրած է, որ «Փաքիստան հրաժարած է ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ Հայաստանի հետ, այլեւ վերջինս պաշտօնապէս ճանչնալէ` իբրեւ անկախ պետութիւն»` ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հաղորդման: Իրօք, Փաքիստան մէկն է աշխարհի այն փոքրաթիւ երկիրներէն, որոնք քառորդդարեայ անկախութենէն ետք դեռ չեն ճանչցած Հայաստանը…

Այս համեմատաբար փոքր դրուագը ողջունելի զարգացում է եւ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի ղեկավարները կը փափաքին ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրել իրենց վճռակամութիւնը: Նման քայլ մը կրնայ նաեւ իբրեւ նախազգուշացում ծառայել այլ երկիրներու համար, այն առումով, որ Հայաստան պատրաստ է եւ կը փափաքի պաշտպանել իր շահերը, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` խոչընդոտել իր հակառակորդներուն շահերը:

Փաքիստանի հակահայկական դիրքորոշումը կը նախորդէ Հայաստանի անկախութեան: Յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ են ՄԱԿ-ի մէջ Փաքիստանի դեսպաններու ելոյթները 1970-1980-ական թուականներուն, Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա), Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նիստերու ժամանակ` իբրեւ պաշտպանութիւն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումներուն:

1991 թուականին, Հայաստանի անկախացումէն ետք, Փաքիստան շարունակեց իր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ` ամուր կերպով պաշտպանելով Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան: Արցախեան պատերազմի տարիներուն Ազրպէյճան Փաքիստանէն եւ Աֆղանիստանէն վարձած էր մուժահետ ահաբեկիչներ` հայերու դէմ կռուելու համար: Այդ ժամանակէն ի վեր Փաքիստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները բազմաթիւ առիթներով փոխադարձ այցելութիւններ կատարած են` ամրապնդելով իրենց տնտեսական եւ ռազմական յարաբերութիւնները: Օրինակ, Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Սայէտ Աթհար Ալի 2010-ին Պաքու կատարած իր այցելութեան ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է «համագործակցութեան ամրապնդումը ռազմական բնագաւառէն ներս եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մէջ»` ըստ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատուական գործակալութեան: Ի պատասխան` նախագահ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Փաքիստանի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ «Ազրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն տիրող իրավիճակի բանաձեւի օգտին քուէարկելու եւ Ազրպէյճանի դէմ յարձակողականութեան հետ կապուած Հայաստանը չճանչնալու համար»:

2015-ի մարտին, Պաքու կատարած իր այցելութեան ընթացքին, Փաքիստանի նախագահ Մամնուն Հուսէյն յայտարարեց. «Մենք միշտ կողմ եղած ենք Ազրպէյճանի արդար դիրքորոշման` Լեռնային Ղարաբաղի հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան հարցով: Փաքիստան չի ճանչնար Հայաստանը իբրեւ պետութիւն»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ Փաքիստանի ծերակոյտը արցախեան պատերազմի ատեն հայերու կողմէ ազրպէյճանցիներու սպանութիւնները Խոջալուի մէջ ընդունած է իբրեւ ցեղասպանութիւն:

2016 ապրիլ 5-ին, Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի գիւղերու բնակիչներուն վրայ վայրագ յարձակման ընթացքին, Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կեղծ մեղադրանք ներկայացուց Հայաստանին` «հրետանային շարունակական ռմբակոծութեան» միջոցով «հրադադարը խախտելու» համար: Աւելի ուշ, նոյն ամսուան ընթացքին, Իսլամապատ կատարած իր այցելութեան ատեն Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալով ըսաւ Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆին, որ Ազրպէյճան կը ձգտի Փաքիստանէն ձեռք բերել ռազմական արհեստագիտութիւն: 2016-ի սեպտեմբեր 27-ին, Պաքուի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, նմանատիպ քննարկում տեղի ունեցաւ Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Ռանա Թանվիրի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ:

2016-ի հոկտեմբեր 14-ին, Ազրպէյճան կատարած իր փոխադարձ այցելութեան ընթացքին, Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ Ալիեւի յայտնեց համատեղ զօրավարժութիւններ կատարելու վերաբերեալ իր երկրի հետաքրքրութեան մասին: Նաուազ նաեւ «ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներու ամբողջական վերադարձման, հայկական զօրքերու դուրսբերման եւ տեղահանուած մարդոց եւ գաղթականներու վերադարձի կոչ ըրաւ»: Իբրեւ պատասխան` Ալիեւ իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց Ճամուի եւ Քաշմիրի վերաբերեալ Փաքիստանի դիրքորոշման` Հնդկաստանի դէմ: Մէկ ամիս անց, երբ Ազրպէյճանի առաջին փոխվարչապետ Եագուպ Էյուպով այցելեց Փաքիստան, նախագահ Մամնուն Հուսէյն անոր յիշեցուց, որ Փաքիստան երրորդ երկիրն է, Թուրքիայէն եւ Ռումանիայէն ետք, որ ճանչցաւ Ազրպէյճանը: Նախագահ Հուսէյն նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ազրպէյճանի` Ճամուի եւ Քաշմիրի շուրջ Հնդկաստանի հետ ունեցած վէճի մէջ Փաքիստանին սատարելու համար եւ խոստացաւ շարունակել աջակցութիւնը` «Լեռնային Ղարաբաղ»-ի (Արցախի) վերաբերեալ Ազրպէյճանի պահանջներուն:

Ազրպէյճանէն ետ չմնալու նպատակով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 2016-ի նոյեմբեր 17-ին այցելեց Փաքիստան, ուր վարչապետ Նաուազ Շարիֆ ողջունեց Էրտողանի այցը անոր «երկրորդ տունը»: Իբրեւ պատասխան` Էրտողան յայտարարեց. «Ամբողջ աշխարհը պէտք է ընդօրինակէ Փաքիստանը…»:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքը պէտք է շարունակեն հակազդել Փաքիստանի եւ հակահայ այլ պետութիւններու` հետագային Հայաստանի շահերուն վնաս պատճառելու մտադրութիւններէն ետ պահելու համար: Ստորեւ կը ներկայացնեմ քանի մը առաջարկներ.

ա.- Հայաստան պէտք է դէմ քուէարկէ Փաքիստանի օգտին որեւէ հարցի գծով, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ:

բ.- Հայաստան պէտք է խոչընդոտէ Փաքիստանի ջանքերը` Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ կապ հաստատելու համար:

գ.- Հայաստան պէտք է կողմ ըլլայ Հնդկաստանի` Ճամուի եւ Քաշմիրի գծով Փաքիստանի հետ ունեցած վէճին մէջ:

դ.- Ամերիկահայերը պէտք է յորդորեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը` լսումներ կատարելու Փաքիստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն վերաբերեալ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>