«Ռուսական ռուլեթ»-ին մէկ տարբերակն է «Պիելոռուսական ռուլեթ»-ը:
Տարբերակ ըսելով` իսկապէս կը տարբերի ռուսական նախատիպէն: Տարբերութիւնն ալ, իր կարգին, ունի երկու բոլորովին տարբերակներ. առաջինը` շրջահարին փամփուշտի բոլոր սենեակներն ալ կը պարունակեն փամփուշտներ, իսկ երկրորդը` անոնք բոլորովին դատարկ են: Այսինքն այս տարբերակները ցոյց կու տան, որ բոլորովին անյոյս է այդ խաղին մասնակցողը, եւ միայն ճակատագիրն է, որ կը տարբերի…
Այս բացատրականը լաւապէս կը ներկայացնէ Պիելոռուսիոյ վարած քաղաքականութիւնը` Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս նկատի ունենալով բռնատէր նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այցելութիւնը այլ բռնատէրի մը` Իլհամ Ալիեւին, այդ ալ այս շաբաթասկիզբին` նոյեմբեր 28-29:
Կրօնական եւ ընկերային ապրելակերպի պայմանները մէկդի դրած` յար եւ նման են Պիելոռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի բռնատիրական ղեկավարութեան ոճերը:
Տնտեսական սերտ կապ եւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մինսքի եւ Պաքուի միջեւ, եւ քաղաքական այլ դաշինքներ, համաձայնութիւններ կամ պարտաւորութիւններ բոլորովին երկրորդական եւ անկարեւոր կը նկատուին:
Արդէն իսկ «Պիելոռուսական ռուլեթ»-ն ու Լուքաշենքոյի ազրպէյճանամէտ քաղաքականութիւնն ու ընթացքը յստակօրէն պարզուած էր անցեալ հոկտեմբերի կէսերուն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) սեղմ կազմով խորհուրդի նիստին, երբ Պիելոռուսիոյ նախագահը չներկայացաւ լրագրողներու հետ սպասուած հանդիպում-զրոյցին` հակառակ տրուած խոստումներուն եւ համաձայնութիւններուն:
Հոս տեղին է նշել որ, յատկապէս Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ կատարուելիք այս մամլոյ ասուլիսն ու լրագրողներու հետ սպասուած զրոյցը կարեւոր էր այն իմաստով, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան խորհուրդի յառաջիկայ 2016-17 տարեշրջանի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ նոյնինքն Պիելոռուսիան:
Նոյեմբեր 28-ին Պաքուի մէջ նախագահներ Ալիեւ եւ Լուքաշենքօ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը յայտարարէին, թէ երկու երկիրներն ալ կը հաստատեն, որ առաջնահերթ է Արցախի հիմնահարցի կարգաւորումը, որ անպայմանօրէն պէտք է համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի կանոններուն, յատկապէս` ինքնիշխանութեան ապահովման, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետութեան սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերուն եւ որոշումներուն:
Վերոյիշեալ նախադասութիւններու շարադրումն ու բացատրականն իսկ Պաքուի յանկերգն է, որ կը կրկնուի Արցախի անկախութեան օրերէն… այսինքն` ահաւասիկ 25 տարիներէ ի վեր:
Այս միեւնոյն յայտարարութիւնը նաեւ կատարած էր Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը` քառօրեայ պատերազմի առաջին օրերուն, նոյնիսկ խեղաթիւրելով ռազմադաշտին վրայ պատահածը եւ անուղղակիօրէն քննադատելով հայկական կողմը` իբրեւ նախայարձակ:
Օրին Երեւանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպանը կանչուած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ եւ` ազդարարուած, որ նմանօրինակ յայտարարութիւններ անյարիր եւ անընդունելի են, յատկապէս` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկու երկիրներուն համար:
Այս անգամ, նախագահ Լուքաշենքոյի նոյնանման յայտարարութենէն ետք, ժամանակն է չէզոքացնելու «Պիելոռուսական ռուլեթ»-ը:
28 նոյեմբեր, 2016