«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին համար» նշանաբանէն մեկնած` 86 տարիներ շարունակ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը գործեց ի նպաստ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ փորձեց հասնիլ անոր կարիքներուն:
Ժողովուրդին կարիքներուն ընդառաջելու զուգահեռ, ԼՕԽ-ը փորձեց նաեւ տէրն ու պահապանը հանդիսանալ հայկական արժէքներուն, յատկապէս` ձեռագործներուն:
Հայկական ասեղներու մեծարժէք ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը 1976-ին հիմը դրաւ ձեռագործներու աշխատանոցին:
Այսօր ԼՕԽ-ի փոքրիկ աշխատանոցի հիմնադրութենէն 40 տարիներ անցած են:
Հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, հակառակ երկրիս մէջ տիրող բոլոր դժուարութիւններուն, ընկերային, տնտեսական, քաղաքական տագնապներու, մարդուժի անբաւարարութեան եւ այլն, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը մնաց միշտ պատնէշի վրայ եւ ջատագովը հանդիսացաւ հայ մշակոյթին եւ արժէքներուն պահպանման:
Ձեռարուեստի փոքրիկ աշխատանոցը վերածուեցաւ ձեռարուեստի կեդրոնի մը, ուր 4 տասնամեակներ շարունակ պահպանուեցան հայկական ասեղները, եւ այդպիսով մեր մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցուեցաւ հայ կիներուն: Աւելի՛ն, ան մնայուն եկամուտի աղբիւր դարձաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ընկերային եւ առողջապահական ծրագիրներուն յաջողութեան:
Շնորհիւ Շրջանային վարչութիւններու աչալրջութեանց եւ ձեռարուեստի յանձնախումբերու հետեւողական ճիգերուն, 40 տարիներ առաջ հիմնուած փոքրիկ աշխատանոցը այսօր վերածուած է պատկառելի կեդրոնի մը:
Մշակութային ժառանգութիւններու սերունդէ սերունդ փոխանցումը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է անկասկած: Այդ պարտականութեան գիտակցութեամբ գործած են ձեռարուեստի յանձնախումբերը 4 տասնամեակներէ ի վեր:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը Ձեռարուեստի Կեդրոնին հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով կը խոնարհինք ամէն հայուհիի առջեւ, որ բծախնդրօրէն եւ գիտակցօրէն տէր կը կանգնի իր մշակութային արժէքներուն:
Շրջանային վարչութիւնը նոր 40-ամեակներու նուաճումներ կը մաղթէ հայկական ձեռարուեստին եւ հայկական ասեղներու, հայ մամիկէն իր երիտասարդ թոռան փոխանցումը կենսական համարելով, ԼՕԽ-ականի մեծ յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր երթը:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ