Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պիտի Պահպանենք Արժէքները

$
0
0

bahbanenk_112916

Ասեղնագործութեան արուեստը միշտ եղած է հայ կնոջ հետաքրքրութիւնը: Ցարդ ասեղնագործութիւնը կը պահպանուի Ձեռարուեստի կեդրոնի գոյութեամբ` կազմակերպելով ձեռագործի դասընթացքներ եւ ցուցահանդէսներ:

Հայկական զանազան ասեղնագործութեան արդիականացումը կտորներու, նախշերու եւ գոյներու ընտրութիւնը, պատճառ հանդիսացաւ, որ երիտասարդ սերունդը մօտէն հետաքրքրուի, փափաքի սորվիլ եւ տան մէջ ունենալ այս գեղեցիկ, աւանդական ասեղներու ձեռագործներէն: Մեծ ազդեցութիւն ունի նաեւ տուներուն մէջ ձեռագործին ցոյց տրուած սէրն ու գնահատումը:

Ձեռարուեստի կեդրոնը նախընթաց ունեցած է եւ կազմակերպած ցուցահանդէսներ արտերկրի մէջ, սակայն ներկայ պայմաններով դժուարութիւններ կան: Կեդրոնը միշտ ի մտի ունի մասնակցիլ կամ կազմակերպել ցուցահանդէսներ այլուր, եթէ առիթ ներկայանայ:

Մենք պիտի շարունակենք գործել, քաջալերել եւ փոխանցել արժէքները յառաջիկայ սերունդներուն:

ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>