ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած «պետական հարուած»-ի փորձէն ետք, տարիներէ ի վեր օրէնք, ժողովրդավարութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ հաստատելու փորձերը աւազով շինուած տան մը պէս փուլ եկան:
Քաղաքակիրթ երկիրները աստիճանաբար կը համոզուէին, որ Թուրքիան կը յառաջդիմէր օրէնք եւ իրաւունք յարգելու մարզին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլար անոր անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան, որուն դարպասին առջեւ կանգնած է ան երկար տարիներէ ի վեր:
Փաստական իրողութիւն է, որ պատճառ-պատրուակը վար առաւ Ռեճեփ Էրտողանի դիմակը, հազարաւորներ` լրագրող, մտաւորական, զինուորական, քաղաքական գործիչ, բանտ դրուեցան, թերթեր եւ այլ լրատուամիջոցներ փակուեցան, համալսարաններու դասախօսներ հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն:
Այլ խօսքով, լախտի հարուածը իջաւ ժողովրդավարութեան, օրէնքին եւ ազատութիւններուն վրայ: Եւրոմիութեան անդամակցելու նախապայմաններէն մին` մահապատիժի վերացումը կրնայ յետս կոչուիլ եւ վերահաստատուիլ ամբոխի ճնշման տակ, ամէն կարգի ընդդիմութիւն անկարելի դարձնելու մոլեռանդութեան որպէս զէնք:
Նոյնիսկ եթէ արտակարգ վիճակ յայտարարուի երկրի մը մէջ, օրէնք եւ իրաւունք չեն վերանար, արդարադատութիւնը կը շարունակէ գործել, մարդկային իրաւունքները չեն անհետանար, եւ ամէն մարդ կրնայ ինքզինք ապահով եւ պաշտպանուած զգալ:
Եւրոմիութիւնը կը զգուշացնէ եւ կը դատապարտէ, բայց Ռեճեփ Էրտողանի համար այդ վերաբերումները կը համարուին Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտութիւն:
Հանրագրութիւններ եղան եւ կը շարունակուին: Անոնք կը պահանջեն, որ ազատ արձակուին բոլոր անոնք, որոնց դէմ հիմնաւորուած ամբաստանութիւններ չկան: Կարելի չէ կարծիքի տարբերութիւնը յանցանք համարել: Կը պահանջեն նաեւ, որ դատավարութիւնները ըլլան արդար:
Հանրագրութիւն մը կը խօսի բանտային չարչարանքներու մասին: Ոչ մէկ ձեւով ընդունելի են ֆիզիքական պատիժները, թէեւ անոնք թրքական բանտի սովորութիւններուն մաս կը կազմեն: Նոյնիսկ արտակարգ վիճակի պարագային թոյլատրելի չեն անոնք:
Միջազգային օրէնքով անկախ դէտեր իրաւունք պէտք է ունենան բանտարկեալներուն հանդիպելու, ուր որ ալ գտնուին անոնք: Արեւմտեան երկիրները կ’իմանան որ բանտային չարչարանքներ կան: Օրէնք է նաեւ, որ բանտարկեալները ունենան իրենց պաշտպան փաստաբանները եւ հերթական կերպով հանդիպում ունենան անոնց հետ, ինչպէս նաեւ` իրենց ընտանիքի անդամներուն: Միջազգային դէտերը այսօր կրնա՞ն հսկել այս իրաւունքի ճիշդ գործադրութեան:
Այսօր պարզ է, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ վիճակը պատճառ-պատրուակ է` ճնշելու եւ հալածելու մարդիկ, որոնք խաղաղ միջոցներով տարբեր կարծիքներ ունին, այլախոհ են: Արտակարգ վիճակը ազատութիւն չի տար լայնածիր մաքրագործումներ ընելու հասարակութեան, լրատուամիջոցներու, արդարադատութեան, կրթութեան եւ այլ մարզերու մէջ:
Մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու դէմ է գրաքննութեան ենթարկել այն բոլոր լրատուամիջոցները, որոնք քննադատական վերաբերում կը ցուցաբերեն իշխանութեան նկատմամբ, նոյնիսկ երբ երկրին մէջ արտակարգ վիճակ հաստատուած է:
Այս կացութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիան, եւ մոլեռանդ ամբոխը կը քաջալերուի` ծայրայեղ խստութիւն պահանջելով: Այդ ամբոխը կը պահանջէ մահապատիժի վերահաստատումը, եւ ոչ ոք կրնայ կասկածիլ, որ այդ պահանջը կը թելադրուի իշխանութեան կողմէ, որ հանդուրժէ` հակառակ երկրի գրուած օրէնքին:
Այս մտածումներով հանրագրութիւններ կան, նամակով դիմուած է երկրի նախագահին:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Անգարա կ’երթայ մեղմացնելու համար ճնշումը, մինչ իր երկրին մէջ ցոյցեր տեղի կ’ունենան բռնութիւններու դէմ: Ամերիկայի փոխնախագահը նախապէս արդէն գացած էր: Եւրոմիութեան պատասխանատուներ քննադատութիւններով հրապարակ կու գան, արեւմտեան մամուլը կ’անդրադառնայ բրտութիւններուն եւ ապօրինութիւններուն:
Բայց Թուրքիան կը շարունակէ իր նոր բռնատիրութեան ճամբան: Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ ինք չէ, որ տեղի պիտի տայ, այլ քաղաքական մրցակցութիւններ պատճառ պիտի ըլլան, որ հանդուրժուին մարդկային եւ միջազգային օրէնքներու խախտումները:
Թող թոյլ տրուի զարմանալ եւ խօսիլ միշտ գործող երկու չափ երկու կշիռի մասին:
Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Սատտամ Հիւսէյնի եւ Պաշշար Ասատի դէմ օրէնքի եւ իրաւունքի անունով պատերազմ կը յայտարարուի` առանց կանգ առնելու ծայրայեղութիւններու առջեւ, իսկ Թուրքիոյ հետ կը խօսուի զգուշութիւններով, փափկանկատութեամբ, չվշտացնելու ակներեւ հաճոյակատարութեամբ:
Հայերը լաւ գիտեն Թուրքիան չվշտացնելու եւ սիրաշահելու համար իրենց վճարած գինը: Այսօր այդ գինը կը վճարեն քիւրտերը եւ Թուրքիոյ յառաջադէմ ու լուսամիտ մարդիկը, որոնք թերեւս օր մը պիտի յաջողին արիւնարբու սուլթանի վերադարձին առջեւ թումբ կանգնելու:
Չեմ կարծեր, որ աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդները չեն ճանչնար Թուրքիան, տեղեակ չեն իրադարձութիւններէն:
Անցեալին ալ գիտէին, թէ հոն տեղի կ’ունենային ջարդեր, տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւն:
Կրնա՞նք մտածել, որ պատմութիւնը կը կրկնուի:
Իսկ թող թոյլ տրուի չզարմանալ, որ աւերներէ փրկուածներուն համար քաղաքակիրթ աշխարհը բարեսիրութեամբ հրապարակ պիտի գայ` միաժամանակ բարենիշ տալով նախնադարեան հրէշային արարքներու հեղինակներուն:
Եւ դեռ պէտք է յիշեցնել, որ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթին դէմ հալածանք կայ, անոր տնօրէնը բանտարկուեցաւ, որովհետեւ հրապարակեց այն փաստը, որ Թուրքիան մեղսակից էր կրօնամոլական ծայրայեղական պետութեան եւ անոր ահաբեկիչներուն:
Միշտ պէտք է մտածել քաղաքական կեանքի մէջ շահախնդրութեան ներշնչած երկու չափ երկու կշիռի մասին:
Իրաւունքը կը պատկանի անոր, որ կշիռքը իր ձեռքին մէջ ունի:
Եւրոմիութիւնը, ազատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Ամերիկան, մանաւանդ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը չհամարձակեցան քննիչ մարմին մը գործուղելու Թուրքիա, որպէսզի գիտնան, եթէ չեն գիտեր, եւ դիրքորոշուին:
Մի՞թէ շատ կը պահանջուի: Կամ դրամի կայսերապաշտութեան խա՞ղը կը խանգարուի, եթէ «դաշնակիցներ» արդարութեան եւ ճշմարտութեան լուսարձակ բանան:
Փարիզ
20/11/2016