Սիրելի՛ հայրենակիցներ եւ գործընկերներ,
Սիրով կը տեղեկացնենք, որ 20-24 հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակցողները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւ ի՞նչ ես անում Ղարաբաղի համար» խորագիրով համահայկական շարժումի մը:
Այս շարժումին նպատակն է կարելի բոլոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական ընկերային բարելաւման եւ բարեկեցութեան:
Այս նպատակով կոչ կ՛ուղղենք` 2017 թուականին սփիւռքի գաղութներուն կողմէ կազմակերպուող բոլոր նախաձեռնութիւնները նուիրել Արցախին (փառատօներ, մշակութային հանդիսութիւններ, մրցումներ, արեան տուչութեան արշաւներ, ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Կ՛ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար Արցախի տարի դառնայ…
Նախարարութիւնը այս առիթով բացած է Դիմատետրի էջ մը, ուր սփիւռքահայ գաղութներու եւ անհատներու կողմէն Արցախի նուիրուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն լուրերը պիտի հրապարակուին: Սոյն նախաձեռնութիւններուն մասին տեղեկատուութիւն պիտի փոխանցուի նաեւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքի համապատասխան բաժինին մէջ www.hayernaysor.am:
Միացէ՛ք մեր Դիմատետրի էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէ՛ք շարժումի գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական նախաձեռնութեան: Ձեռնարկներուն սկսելու եւ հայկական աշխարհի մէջ այս շարժումը ծանօթացնելու նպատակով իւրաքանչիւր հայորդիէ կը խնդրենք նկարուիլ «Դո՛ւ ի՞նչ ես անում Ղարաբաղի համար» պաստառը բռնելով եւ լուսանկարը ուղարկել մեզի` Դիմատետրի էջին մէջ եւ լրատուամիջոցներուն ճամբով հրապարակելու եւ տարածելու միտումով:
Մենք կը հաւատանք, որ հայկական սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնանք զօրավիգ կանգնիլ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ