Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Ազդակ» –Ազգային Գրադարան Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր. ՀՅԴ Մամուլի 26 Անուն Թերթեր Կը Թուայնացուին

$
0
0

archives_111616Ստորեւ ներկայացուած ցանկը` դաշնակցական մամուլի 26 անուն հաւաքածոներ, արդէն «Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ են, նկարահանուած վիճակով: Ազգային գրադարանին մօտ պահուող եւ այնտեղ նկարահանուած այս հաւաքածոները «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ շուտով յատուկ ծրագրաւորումի փուլէն անցնելէ ետք կ՛օժտուին որոնողական համակարգով եւ այսպիսով կը նկատուին թուայնացուած: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը առաջին քայլերը կ՛առնէ. ծրագրուած է յատկապէս մամուլի հաւաքածոներուն ուղղութեամբ միացեալ աշխատանքներ իրականացնել: Այս առնչութեամբ կը ներկայացնենք նաեւ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի նամակը` ուղղուած «Ազդակ»-ին, ուր կը կատարուի «Ազդակ»-ի թուայնացման աշխատանքին գնահատականը.

Ստացանք Ձեր կողմից ուղարկուած «Ազդակ» պարբերականի 2009-2010 թուականների Թուայնացուած տարբերակները եւ գրանցուած լազերային պնակիտի վրայ, մշակուած նիշերի տեսագիտական ճանաչման համակարգով (OCR-Optical Character Recognition):

Ցանկանում եմ նշել, որ ստուգելով նիշերի ճանաչման որակը, հասկացանք, որ դուք ապահովել էք շատ բարձր արդիւնքներ, պատկերները գործնականում վերծանուած են անսխալ, որի համար ընդունէք իմ շնորհաւորանքները:

Իրականացրել էք եզակի աշխատանք, որի արդիւնքները մեծապէս կը նպաստեն հայագիտական նիւթերի որոնման եւ արդիւնաւէտ օգտագործման հնարաւորութիւնների ընդլայնմանը, ինչպէս նաեւ հայալեզու բովանդակութեան տեսանելիութեան ապահովմանը համացանցում:

«Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ գտնուող նկարահանուած թերթերու ցանկը: Շուտով կը սկսի թուայնացման աշխատանքը.

«Ազատ Հայաստան» – խմբագիր` Ա. Չիլինգարեան
«Ազատամարտ» – Պոլիս ՀՅԴ օրկան, հիմնուած` 10-6-1909 թուականին
«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ, Պոլիս, 1910-1911
«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ – Փարիզ, 1978
«Ազդակ» – Պոլիս
«Ալիք» օրաթերթ – Թիֆլիս, 1906 թուական
«Ալիք» Կարին, 1914 թուական
«Այգ» եռօրեայ, Թաւրիզ, 1914-1921
«Աշխատանք» շաբաթաթերթ – Վան, 1910-1915
«Աշխատանք» – Իզմիր, 1913-1914
«Աշխատանք» – Երեւան, 1916-1919
«Աշխատաւոր» Թիֆլիս, 1919-1920
«Աշխատաւոր»-ի լրատու, Թիֆլիս
«Աշխատաւորի ձայն» օրաթերթ, Կարս
«Ապառաժ» Ամասիա, 1911
«Ապառաժ» Շուշի, 1917
«Առաջամարտ» – 1912
«Արդարամարտ» – Պոլիս – 1918
«Արեւ» – Պաքու, 1914-1918
«Արիամարտ» – Պոլիս, 1918
«Արօր», Թիֆլիս – 1907
«Բագին» յաւելուած «Ազատամարտ»-ի, 1911-1912
«Գործ» – Պաքու
«Գործ» ամսագիր, Պաքու, 1917
«Գործ» – Թիֆլիս, 1908-1909
«Երկիր» օրաթերթ, Թիֆլիս, 1906 – «Յառաջ»-ի շարունակութիւնը
«Զանգ», Երեւան, 1917-1919, խմբագիր` Վրացեան
«Զանգ» – Թիֆլիս
«Հայաստանի Աշխատաւոր» – ՀՅԴ օրկան
«Հայկաշէն», Փարիզ, 1942-1943
«Հայրենիք» ամսագիր – Պոսթըն
«Հորիզոն» – Թիֆլիս – ՀՅԴ օրկան, 1909-1914
«Ճակատամարտ» Պոլիս
«Յառաջ» – Թիֆլիս, 1906
«Յառաջ» – Պաքու, 1917
«Յառաջ» – Փարիզ 1950-1960
«Յարդգող» – գրական յաւելուած «Ազդակ»-ի – Պէյրութ
«Նոր Ալիք», Թիֆլիս, 1907
«Նոր աշխատաւոր», Թիֆլիս – 1919-1920
«Շիրակի աշխատաւոր» – ՀՅԴ օրկան
«Վէմ» – Փարիզ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>