Հարաւային Քալիֆորնիոյ թուրք-ամերիկացիներու միութեան կողմէ վերջերս կազմակերպուած էին Աթաթիւրքին նուիրուած շարք մը հաւաք-տօնակատարութիւններ, որոնց նպատակն էր վարդագոյն գոյներով ներկայացնել Թուրքիան, ուր այլախոհներու եւ մամլոյ ազատութեան դէմ հալածանքը հետզհետէ բռնատիրութեան մը կը վերածէ երկիրը:
Այս առիթով ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ն ու Համահայկական ուսանողական միութիւնը կազմակերպած էին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին դատապարտուեցան Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի փորձերը եւ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները:
Նոյեմբեր 10-ին «Թուրքիա յանցաւոր է ցեղասպանութեամբ» եւ «Ցեղասպանութեան ուրացող» վանկարկող հայ ուսանողները կրցան կասեցնել Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ կազմակերպուած ներկայացումը, որուն ընթացքին «պատմաբան» Ճորճ Կաուրիչ հազիւ քանի մը նախադասութիւն կրցած է արտասանել Աթաթիւրքի մասին եւ չէ կրցած իր «Երիտասարդ Աթաթիւրքը. օսմանեան զինուորէն մինչեւ Թուրքիոյ ղեկավար» գիրքին մասին խօսիլ, եւ դուրս եկած է սրահէն:
Ցուցարարներէն մէկը` Էրիկ Պատիւեան, նշած է, որ իրենց ուղերձն է` վերջ տալ Ցեղասպանութեան ուրացման: «Ցեղասպանութիւնը միլիոնաւոր կեանքեր խլած է, իսկ հիմա այս դասախօսը կը պնդէ, թէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած. ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է: Փաստերը յստակ են», ըսած է ան:
Թուրքերը աւելի վայրագ հակադարձութիւն ցուցաբերեցին նոյն օրը երեկոյեան, «Չեթմըն» համալսարանին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին` պոռալով եւ նոյնիսկ թքնելով հայ ուսանողներուն վրայ, որոնք դարձեալ յաջողեցան չարտօնել, որ ձեռնարկը իրականանայ:
Ուսանողները նաեւ բողոքած են համալսարանի տնօրէնութեան, որ պատմութիւնը խեղաթիւրող նման ձեռնարկներ կազմակերպելու առիթ տուած է:
Այս մասին տեսանիւթերը դիտելու համար այցելել www.facebook.com/ayfwest կայքէջը: