Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Գաղութէ-Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Պոլիս

Վանի Նուիրուած Գիտաժողով` «Հրանդ Տինք» Հիմնարկին Նախաձեռնութեամբ

1115dink-foundation

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի կեդրոնին մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երկօրեայ գիտաժողով մը` «Վանի եւ շրջակայքի հասարակական, մշակութային ու տնտեսական պատմութիւն» խորագիրով:

Այս նպատակով հիմնարկին կողմէ հրաւիրուած էին բազմաթիւ պատմաբաններ ու գիտնականներ, որոնց կարգին անշուշտ կան նաեւ հայեր` գլխաւորութեամբ մեծանուն պատմաբան ու ցեղասպանութեան նիւթի մասնագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: Մասնակիցներուն շարքին էին նաեւ` Ռէյմոն Գէորգեան, Ռոնալտ Սիւնի, Միքայէլ Նշանեան, Անուշ Թամար Սիւնի, Պարպարա Մերկերեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Վազգէն Դաւիթեան:

Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ելոյթին նիւթն էր` «Աշխարհի վրայ Վան` անդենականի մէջ դրախտ. վերադարձի անձնական ուղեւորութիւն մը ու բերանացի պատմութենէ մնացորդներ»:

Բանախօսները շօշափած են Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ Վանի հայկական բնակչութեան, հայերու եւ Վանի իսլամ բնակիչներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ արտագաղթած հայերու ժառանգորդներուն կողմէ Վանի մասին ընկալումներուն առնչուող հարցեր: Խօսուած է նաեւ Վանի ասորի եւ եզիտի բնակչութեան մասին:

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը հաստատուած է 2007-ին` նպատակ ունենալով հետապնդել պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի առաքելութիւնը: Հիմնարկը նաեւ Հրանդ Տինքի մասին նիւթեր կը հաւաքէ եւ կը հրատարակէ, կ՛աջակցի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ կը զօրակցի փոքրամասնութիւններուն:

 

Իրաք

Քերքուքի Մէջ Նոր Եկեղեցւոյ Օծում

iraq_101416

14 հոկտեմբերին Իրաքի հիւսիսային շրջանը գտնուող Քերքուք քաղաքի մէջ կատարուեցաւ նորակառոյց Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նաւակատիքը եւ օծումը ձեռամբ իրաքահայոց առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի: Եկեղեցին կառուցուեցաւ պետութեան ծախսերով` ազգապատկան հողատարածքի մը վրայ:

Քերքուք քաղաքը կը գտնուի Մուսուլէն հարաւ-արեւելք, 177 քմ հեռաւորութեան վրայ: 1958-60  աւելի քան 120 ընտանիքներ, թիւով մօտաւորապէս` 1200 անձ, հոն կ՛ապրէին եւ ունէին եկեղեցի, դպրոց, միութենական հաստատութիւն: Սակայն տարիներու ընթացքին գաղութը նօսրանալով եւ վերջին տարիներուն անապահովութեան պատճառով շատեր հեռացան եւ ներկայիս 30 ընտանիք` շուրջ 120 անձ կ՛ապրի Քերքուքի մէջ:

 

Նոր Ջուղա

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրման 126-Ամեակի Տօնակատարութիւն

nor-jugha_hohita

Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 21 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ Մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 126-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադառնալով Դաշնակցութեան ծնունդին եւ 126-ամեայ գործունէութեան` նշեց, որ հայապահպանութիւնը եւ սփիւռքի կազմակերպումը ինքնանպատակ չդարձաւ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը բնաւ չդադրեցաւ հայրենակեդրոն ըլլալէն, աւելցնելով, որ իր հիմնադրութենէն մէկ դար վերջ ՀՅԴ-ն կրկին իր ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի վերանկախացման եւ նոր պետականութեան կերտման, արցախեան ազատագրական պայքարի ու միջազգային կարգավիճակի հաստատման` նեցուկ կանգնելով Ջաւախքին, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործը պետական մակարդակով հետապնդումին:

Օրուան բանախօսն էր ազգային-հասարակական գործիչ Նոէլ Մինասեան: Ան նկատել տուաւ, որ կուսակցութեան հիմնադրման տարեդարձներուն նշումը` անոր քաղաքական ու հասարակական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հաշուետուութիւնը ժողովուրդին ներկայացնելու օր է, նաեւ` անոր ձեռքբերումներն ու բացթողումները գնահատելու լաւագոյն առիթ:  Բանախօսը անդրադառնալով ՀՅԴ-ի գործունէութեան կարեւորագոյն աշխատանքներուն, ինչպէս` ինքնապաշտպանութեան կռիւներու եւ կամաւորական շարժումներու կազմակերպում, Արցախի ազատագրական պայքար, սփիւռքի կազմակերպում եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնօրէն ճանաչման ու դատապարտման, նաեւ Հայաստանի վերանկախացման ուղղութեամբ իրականացուած իրագործումներ, անոր առաքելութիւնը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.

ա) Հայաստանի պետականութեան հզօրացում, տնտեսութեան զարգացում եւ ժողովրդավարութեան հիմքերու ամրապնդում,

բ) Արցախի հարցին բանակցութիւններու լուծում,

գ) Սփիւռքահայութեան հարցերուն լուծում,  յատկապէս` սուրիահայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպում ու անվտանգութեան ապահովում,

դ) Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնօրէն ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ աշխատանքներու իրագործում:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Աւստրալիա

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Հաւաքոյթին Հանգանակուեցաւ 90.000 Տոլար

0000australia

Ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, Սիտնիի Թերի Հիլզ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան հաւաքոյթը, որուն ընթացքին «Ազատութիւն» մրցանակով մեծարուեցան շարք մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին` «Տի եունայթըտ չըրչ ին Օսթրալիա»-ն:

Տարեկան հաւաքոյթը սկիզբը հանդիսացաւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի «Ջատագովման շաբաթ»-ին, եւ անոր ընթացքին հանգանակուեցաւ 90 հազար տոլար` նպաստելու համար Աւստրալիոյ հանրային ասպարէզներու մէջ հայութիւնը հետաքրքրող աշխատանքները յառաջ տանելու աշխատանքին:

Հաւաքոյթի գլխաւոր բանախօսն էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, որ արժանացաւ յոտնկայս ծափահարութեան` համաշխարհային զօրակցութեան շուրջ համախմբուելու մասին իր ակնարկին համար:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ ԿԿ-ի Պատուիրակութեան Շնորհաւորական Այցելութիւնը Լիբանանի Հիւպատոսարան

gengen_111716

7 նոյեմբերին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Այտա Տիմեճեան, Հոլիվուտի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի անդամներ Գարօ Խանճեան ու Յարութ Մատէնեան, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հիւպատոսարան` շնորհաւորելու համար Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի ընտրութիւնը: Անոնք դիմաւորուեցան Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմիի կողմէ:

Պատուիրակութիւնը յատուկ շնորհաւորական գրքոյկին մէջ արձանագրեց իր շնորհաւորական խօսքը` յաջողութիւն մաղթելով նախագահ Աունին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրի անունով եւս շնորհաւորական գրքոյկին մէջ արձանագրեց իր շնորհաւորանքը` մաղթելով, որ վարչապետը,  Թաէֆի համաձայնագիրի կենսագործման ճամբով, կ՛ամրապնդէ երկիրի ներքին քաղաքական կայունութիւնը:

Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Նախագահի Ընտրութիւնը

lebanon_congrat

Վերջերս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի եւ զօր. Միշել Աունի Լիբանանի նախագահ ընտրուելուն առիթով` թեմի ու Ամերիկայի լիբանանեան գաղութին անունով իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց անոր: Հեռագիրին մէջ սրբազանը յոյս յայտնած էր, որ աւելի փայլուն եւ լաւ օրեր ունենայ Լիբանանը` շնորհիւ կարող, փորձառու եւ հզօր ղեկավարի մը, որ կը վարէ երկրին բարձրագոյն պաշտօնը, մաղթելով, որ զօր. Աուն վարէ երկիրը անկեղծօրէն եւ արժանավայել կերպով, նաեւ երկրի բոլոր համայնքները ցուցաբերեն սերտ գործակցութիւն եւ համերաշխութեամբ գործեն Լիբանանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման  համար:

Ազատուհի Զարուկեանի Չորս Միլիոն Տոլարի Աննախընթաց Նուիրատուութիւնը

azadouhi_101616

16 հոկտեմբերին Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն աւարտին «Փաշալեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան իր խօսքին մէջ օրինակ բերելով այրի կնոջ լուման` շեշտեց, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալի պարտականութիւնն է իր կարողութեան սահմաններուն մէջ իր լուման ընծայելու եկեղեցւոյ: Քահանայ հայրը յայտարարեց, որ Ազատուհի Զարուկեան, ի յիշատակ իր ծնողներուն` Գեղամ եւ Նեկտար Զարուկեաններու եւ եղբայրներուն` Արտաշէսի ու Յարութիւնի, կատարած է չորս միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը` Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ, աւելցնելով, որ բարերարուհիին փափաքով գումարը պիտի յատկացուի բարեսիրական եւ կրթական յատուկ նպատակներու:

Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցականի եւ մասնաւորաբար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան` աւելցնելով, որ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան 2006-ին ստանձնեց Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հովուական դժուար պաշտօնը եւ անխոնջ ծառայասիրութեամբ ձեռնարկած ու իր լրումին հասցուցած էր եկեղեցին ու սրահը վերանորոգելու եւ համայնքի հոգեւոր կեանքը վերականգնելու պատասխանատու առաքելութիւնները:

Աւարտին Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան Ազատուհի Զարուկեանին յանձնեց եկեղեցւոյ կողմէ յուշանուէր մը:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Ահաը) Որբերու Եւ Մանուկներու Խնամակալութեան Յանձնախումբի 25-Ամեակի Հանդիսութեան Գոյացաւ Շուրջ 3,4 Միլիոն Տոլար

dinner_100816

8 հոկտեմբերին Լոս Անճելըսի «Ճոնաթան Քլապ»-ին մէջ նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) որբերու եւ մանուկներու խնամակալութեան յանձնախումբին 25-ամեակը:

Ճաշկերոյթի համաատենապետներ Կերի Ֆիլիփս եւ Ճեք Մընչերեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, որմէ ետք ԱՀԱԸ-ի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ընկերակցութեան հարիւրամեակի մեկնարկը եւ 20 միլիոն տոլարի մարտահրաւէրը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ 1991-ին հիմնուած ԱՀԱԸ-ի որբերու եւ երեխաներու խնամակալութեան յանձնախումբի հիմնադիր անդամները ներկայացնող տեսերիզ մը:

ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց նուիրատուներու ցանկը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադիր անդամներուն, որոնց խիզախ եւ յառաջապահ արարքը 25 տարիներ առաջ պատմութիւն կերտեց` անկիւնադարձ մը յառաջացնելով ԱՀԱԸ-ի, ինչպէս նաեւ մայր հայրենիք Հայաստանի ընթացքին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու որբերու եւ մանուկներու խնամակալութեան յանձնախումբի համաատենապետ Ճոյս Սթայն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն տաղանդաւոր կիներու իւրայատուկ ջանքերուն համար, որոնցմով կարելի դարձաւ իրականացնել իրենց տարեկան հաւաքոյթները` մանուկներու տարազներու ցուցադրութիւն եւ աճուրդներ, որոնց շնորհիւ` տարիներու ընթացքին հանգանակուած է աւելի քան հինգ միլիոն տոլար:

Յանձնախումբի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համաատենապետներ Լորի Մընչերեան եւ Արսինէ Ֆիլիփս պատուեցին յանձնաժողովին բոլոր անդամները` անոնց յանձնելով շրջանակի մէջ առնուած գծագրութիւններ, պատրաստուած յատկապէս այս նպատակին համար` Հայաստանի մանուկներու կողմէ:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Պիտի Ներկայացնէ «Երկու Դայեակներու Պատմութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի «Հենրի Ք. Գազանճեան Գազան» այցելու դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան չորեքշաբթի, նոյեմբեր 30-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունենալիք հանրային ձեռնարկի մը ընթացքին պիտի ներկայացնէ «Երկու դայեակներու պատմութիւնը. Այնթապի Սիֆորա եւ Նուրիձա Շնորհոքեաններու օրագիրները (1890-1930)» նիւթով դասախօսութիւնը:

Դայեակներ Սիֆորա եւ Նուրիձա Շնորհոքեանները մօտաւորապէս կէս դար, նախ Այնթապի, ապա Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանուելէ ետք, Հալէպի մէջ հազարաւոր հայ, իսլամ եւ հրեայ երեխաներ իրենց ձեռքով լոյս աշխարհ բերած են, իրենց օրագիրներուն մէջ արձանագրելով իւրաքանչիւր ծնունդի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց առօրեայէն պատառիկներ:

Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Հայոց ցեղասպանութեան մասնագիտութիւնը հաստատած «Քլարք» համալսարանէն դոկտորի առաջին վկայականը ստացած է: Վերոնշեալ բանախօսութիւնը, որ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի` Ֆրեզնոյի մէջ դասախօս նշանակումէն օգտուելով կազմակերպուած հանրային երեք դասախօսական ձեռնարկներէն վերջինն է, տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի համալսարանի գործարարական բաժանմունքի «Փիթըրզ» սրահին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայի Դասաւանդում Պոսթընի Համալսարանին Մէջ

Վերջերս Պոսթընի համալսարանի Արուեստի եւ գիտութեան քոլեճին մէջ ներառուեցաւ  ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց մասին դասընթացք մը, որուն ծիրէն ներս ուսանողներուն պիտի ներկայացուի Հայոց ցեղասպանութեան թեման, ինչպէս նաեւ եւրոպական ֆաշականութիւնը, ցեղասպանութեան կանխարգիլում, մարդու միջազգային իրաւունքներու պատմութիւն եւ Ողջակիզումը:

Արուեստի եւ գիտութեան քոլեճի Ողջակիզման պատմութեան մասնագէտ փրոֆ. Նենսի Հարովից նկատել տուաւ, որ սոյն դասընթացքին ընդմէջէն ուսանողները պիտի սորվին, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած են 20-րդ դարու օսմանեան պետութեան կողմէ հովանաւորուած զանգուածային ցեղասպանութիւնները, աւելցնելով, որ 20-րդ դարուն եւ ներկայիս աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն մասին սորվելով` յիշողութիւնը կը պահպանուի:

 

Գերմանիա

Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ Եւ Հայ Համայնքի 35-րդ Տարեդարձներու Նշում

29 հոկտեմբերին Նիւրենպերկի մէջ նշուեցան Հայաստանի անկախութեան 25-րդ, Նիւրենպերկի հայ համայնքի 35-րդ, ինչպէս նաեւ Հայ բժշկական միութեան 25-րդ տարեդարձները:

Նիւրենպերկի հայ համայնքի եւ Հայ բժշկական միութեան անունով Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:

Օրուան պատգամը տուաւ Գերմանիոյ Պունտեսթակի երեսփոխան Կապրիէլա Հայնրիխ, որ անդրադարձաւ ամիսներ առաջ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հռչակուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին` անգամ մը եւս վերահաստատելով եւ շեշտելով անոր նշանակութիւնը Գերմանիոյ հասարակութեան համար:

Այնուհետեւ գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը:

Նշենք, որ Նիւրենպերկի հայ համայնքը դիմած էր դեսպան Աշոտ Սմբատեանին, որ անոր միջնորդութեամբ Հայաստանի պետական հաստատութեան մը կողմէ խրախուսական շքանշան մը շնորհուի Նիւրենպերկի Քաղաքային օփերայի մեներգչուհի Հրաչուհի Բասենցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հայկական շաբաթ մը կազմակերպած էր Նիւրենպերկի Քաղաքային օփերային մէջ եւ հանդէս եկած էր մենահամերգներով:

Առ այդ, ընդառաջելով համայնքի  խնդրանքին, դեսպան Սմբատեան  Հայաստանի  մշակոյթի նախարարութեան ոսկիէ մետալը յանձնեց Հրաչուհի Բասենցին` առ ի գնահատանք սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթը պատշաճ կերպով ներկայացնելուն:

Յայտնենք, որ գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկան Նիւրենպերկի Քաղաքային օփերայի մեներգչուհի Հրաչուհի Բասենց, նաեւ նոյն օփերայի երաժիշտներ Գոռ Յարութիւնեան եւ Սուրէն Մանուկեան` ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Թաթիանա Շափիրոյի, որոնք մեկնաբանեցին հայ եւ օտար երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն փունջ մը: Հանդէս եկաւ նաեւ պատանի դաշնակահար Յարութիւն Յարութիւնեանը, իսկ հայկական ազգային երգերով ելոյթ ունեցան Բաբգէն Գէորգեանը եւ Տիգրան Յովհաննիսեանը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>