ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Մինչեւ 1960-ական թուականներուն առաջին կէսը Լիբանանի բոլոր գիշերային վայրերն ու ամառնային զբօսավայրերը ճոխացնողները օտար նուագախումբեր եղած են, մեծամասնութեամբ` իտալացիներ:
Ինչպէս գիտենք, 1960-ական տարիներուն սկիզբը Անգլիոյ Լիվըրփուլ քաղաքէն ծնունդ առաւ երաժշտական շարժում մը, որ սկսաւ «Պիթըլզ» եւ «Ռոլինկ սթոնզ» նուագախումբերու գլխաւորութեամբ եւ շուտով տարածուեցաւ համայն աշխարհի մէջ:
Այդ շարժումը կոչեցին «Տը պրիթիշ ինվէյժըն»:
Կարճ ժամանակ ետք Լիբանանի մէջ սկսաւ նման շարժում մը, որուն յաջողութեան մեծապէս նպաստեց լիբանանեան հեռատեսիլի ֆրանսական կայանէն երաժշտական «Բել-Մել» յայտագիրը, ուր ամէն շաբաթ օր երեկոյեան տեղի կ’ունենար երգիչներու եւ նուագախումբերու մրցում: Երիտասարդութեան խիստ հաճելի այս յայտագիրը ձեւով մը պատճառ դարձաւ, որ շուտով Լիբանանի մէջ կազմուին արեւմտեան ոճով եւ նուագարաններով խումբեր:
Անհամբեր կը սպասէինք շաբաթ օրուան երաժշտական սոյն յայտագրին, որուն հանդիսավարն էր քանատացի Փիեռ Գեդէոն:
Հայ ծնողները, գրեթէ բոլորը, իրենց զաւակներուն երաժիշտ դառնալուն դէմ էին եւ կու տային, թրքերէն «չալղըճը» (նուագածու) «տիտղոս»-ը, որ կը գործածուէր նուաստացուցիչ իմաստով:
1965-ին, երբ առաջին անգամ Արա Քեքեճեանի «Les Lunettes Noires» նուագախումբով ելոյթ պիտի ունենայինք հեռատեսիլի սոյն յայտագիրէն, ծնողներս տակաւին տեղեակ չէին, որ նուագախումբի մը մաս կը կազմէի: Չէի համարձակեր տեղեկացնել իրենց: Ընտանիքէս միայն քոյրս լուր ունէր: Իրեն յայտնեցի այդ օրուան ելոյթին մասին, որպէսզի ծնողներս «պատրաստէ», որպէսզի փոքրիկ պաստառէն զիս տեսնելով` անակնկալի չգան:
Տակաւին դպրոցական աշակերտ էի:
Այսօր, երբ նոյնօրինակ «Տը վոյս» յայտագիրին կը հետեւիմ ու կը տեսնեմ մասնակցող արուեստագէտներու ծնողները, որոնք եկած են քաջալերելու իրենց զաւակները, կը յիշեմ հեռատեսիլէն իմ առաջին ելոյթս, երբ նոյնիսկ չհամարձակեցայ ծնողներս տեղեկացնել:
Օրերը որքա՜ն փոխուած են:
* * *
Գրեթէ ամէն տարի «Փել Մել» յայտագիրի մրցումին առաջնութիւնը խլողները եղած են հայեր, որոնցմէ կարելի է յիշել` Պետիկ Քահվեճեան (ներկայիս Քանատա), Գէորգ Խաչերեան, ճանչցուած` Էտի Քէվ անունով (քանի մը տարի առաջ մահացաւ Իտալիոյ մէջ), Մանուէլ Մենենկիչեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ Վիգէն Դարբինեան (Ֆրանսա):
Հետագային այս արուեստագէտները դարձան յայտնի անուններ, փնտռուած երգիչներ:
Քանի մը տարի ետք մեծ թիւով լիբանանեան նուագախումբերու ներկայութիւնը զգալի էր Պէյրութի մէջ: Այս շարժումը կարելի է կոչել «Տը լիպենիզ ինվէյժըն», կամ, ինչո՞ւ ոչ, «Տի արմինիըն ինվէյժըն», որովհետեւ այդ շարժումը ստեղծողներուն մեծամասնութիւնը հայ տղաք էին, մեծ մասամբ` տակաւին դպրոցական աշակերտներ:
Նուագախումբերուն երգացանկը ամբողջութեամբ օտար երգերէ կը բաղկանար, եւ բոլորը անխտիր կը կրէին օտար անուններ:
«Տը թօփ ֆայվ», «Լէ լիւնեթ նուար», «Տը քինկզ», «Տը ուանտըրզ», «Տը ֆայվ ֆինկըրզ», «Տը տարք այզ», «Տը նիուզ», եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Այս երաժշտական շարժումը պատճառ դարձաւ, որ կամաց-կամաց լիբանանեան նուագախումբերը մուտք գործեն գիշերային վայրերէն ներս` օտար նուագախումբերու ներկայութիւնը իջեցնելով նուազագոյնի:
Քանի մը լիբանանցի նուագախումբեր փորձեցին միջազգայնօրէն ճանչցուիլ եւ, նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, արդէն հաստատուած էին եւրոպական կարգ մը երկիրներ:
«Փաթրիք Սամսոն (Սուլէյման Խուրի) et les phéniciens» եղաւ Լիբանանի առաջին նուագախումբը, որ չգոհանալով Լիբանանի մէջ արձանագրած իրենց յաջողութենէն, մեկնեցան Ֆրանսա, ուր արձանագրեցին ֆրանսերէն յաջող ձայնապնակ մը`Տէօ զ՛ամուրէօ տէօ փլիւս, որուն երաժշտութեան յօրինումը կը պատկանի հայազգի նշանաւոր երգահան Ժորժ Կառվարենցի:
Կարճ ժամանակ ետք անցան Իտալիա, ուր իտալերէն եւ անգլերէն լեզուներով արձանագրեցին տասնեակ մը ձայնապնակներ, ապա կամաց-կամաց մարեցան:
«Տը թոփ ֆայվ» նուագախումբին տղաքը նոյնպէս ուզեցին ընդլայնել իրենց ժողովրդականութիւնը եւ դառնալ միջազգային նուագախումբ: Մեկնեցան Անգլիա (Անգլիա հաստատուելէ ետք կոչուեցան The Sea-Ders), ուր արձանագրեցին յաջող ձայնապնակ մը` «Թէնքս ը լաթ», սակայն մրցակցութիւնը այնքան ալ դիւրին չէր անգլիական խումբերուն հետ, եւ կարճ ժամանակ ետք նուագախումբի անդամներուն մէկ մասը վերադարձաւ Լիբանան, իսկ քանի մը հոգին մնացին Անգլիա, եւ փորձեցին աշխատիլ անգլիական գիշերային վայրերու մէջ:
Վերադառնալով Լիբանան, որակաւոր նուագախումբերը շատ էին, սակայն հայ տղոցմէ կազմուած միայն երկու նուագախումբեր իրենց երգացանկին մէջ ունէին անձնական յօրինումներ:
«Տը նիուզ» նուագախումբը 1969-ին առաջին անգամ արձանագրեց «Պէյպի եուր օնլի մայն» երգը, որուն յաջորդեցին քանի մը անգլերէն ձայնապնակներ, բոլորն ալ` խումբի կիթառահար Ժան Թասլաքեանի յօրինումներէն:
«Տը նիուզ» նուագախումբը նոյնպէս մեկնեցաւ Անգլիա եւ բաւական գնահատուեցաւ անգլիացի երիտասարդութեան կողմէ: Անոնց իւրայատուկ ոճը նորութիւն մըն էր: Անգլերէն բառերով, հայկական նուագարաններով, ինչպէս` սազ, տուտուկ, հայկական ոճով անգլերէն երգերը մեծապէս գնահատուեցան, մինչեւ իսկ կրցան համաձայնագիր մը ստորագրել անգլիական նշանաւոր Էմի ձայնապնակի արտադրութեան ընկերութեան հետ, որ պիտի հրապարակէր որոշ թիւով ձայնապնակներ: Շատ լաւ ճամբու մէջ էին եւ` հաւանականութիւններով լեցուն, որ դառնան միջազգային նուագախումբ, սակայն անակնկալ դէպք մը պատճառ դարձաւ, որ վերադառնան Լիբանան:
Շատ հաւանաբար, այսօր «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» նուագախումբի կողքին, ունենայինք միջազգային ճանաչում ունեցող հայ տղոցմէ կազմուած երկրորդ նուագախումբ մը` «Տը նիուզ»:
«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբը նոյնպէս իր երգացանկին վրայ ունէր տասնեակներով անձնական յօրինումներ: 1969-ին արձանագրեցին իրենց առաջին ձայնապնակը` ֆրանսերէն լեզուով, «Էօն ժուր տ՛եթէ», որուն հեղինակն է խումբի երգիչ Միմօ (Միհրան) Գռուզեան, ապա արձանագրեցին տասնեակ մը ձայնապնակներ` ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, բոլորը` իրենց յօրինումներէն:
1972-ին արձանագրեցին անգլերէն լեզուով «Արմինիա» երգը, որուն հեղինակն է խումբի թմբկահար Վագօ Տէլալեան: «Արմինիա»-ն, եղաւ օտար լեզուով առաջին երգը` իբրեւ բողոք Հայոց ցեղասպանութեան եւ Խորհրդային Միութեան դէմ: Իբրեւ քաղաքական բնոյթի երգ` դժբախտաբար ձայնասփռումը արգիլուեցաւ Լիբանանի պետական ռատիոկայանէն:
Նուագախումբեր եւ երգիչներ ընդհանրապէս յօրինած են սիրային երգեր: «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ի տղաքը, սիրային երգերու կողքին, իրենց երգացանկին մէջ ունէին նաեւ հայրենասիրական երգեր: «Արմինիա» երգէն քաջալերուած եւ նկատելով Լիբանանի պատերազմի պատճառով օտարութեան գիրկը նետուող հազարաւոր հայորդիները, յօրինեցին հայերէն երգ մը` «Հայորդիք»-ը` յիշեցնելով հայերուն, որ չմոռնան մեր անուշ հայ լեզուն, սակայն, նախքան ձայնագրութեան հրատարակուիլը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով խումբի անդամներուն մէկ մասը գաղթեց արեւմտեան երկիրներ, եւ խումբը ցիրուցան եղաւ: Տարբեր երգիչներ սկսան երգել այդ երգը, որ բաւական ժողովրդականութեան արժանացաւ: Դժբախտաբար հայութեան մեծ տոկոսը տակաւին տեղեակ չէ, թէ այս երգը կը պատկանի «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբին: «Հայորդիք»-ի (ֆրանսերէն բնագիրը «Էօն կրեն տէօ պլէ), եղանակը կը պատկանի Էնրիքօ Մասիազի, իսկ հայերէն բնագրին բառերը գրուած են խումբի երգիչ Միմօ Գռուզեանի եւ այս յօդուածագրին կողմէ:
Հոս` պզտիկ փակագիծ մը: Միջազգային օրէնք է: Ոեւէ երգիչ իրաւունք ունի մեկնաբանելու ուրիշ երգիչի մը կամ նուագախումբի մը յօրինումները, պայմանաւ որ յիշէ հեղինակին անունը եւ նիւթապէս հատուցէ: Հայ երգիչներու պարագային, ոչ միայն կ՛անտեսեն նիւթական հատուցումները, նաեւ կը զլանան յիշելու հեղինակներուն անունները: Հայ աշուղներու յօրինումներուն գրեթէ բոլորը երգուած են ու տակաւին կ՛երգուին հայ երգիչներու կողմէ:
«Վերջին կիրակին» Յարութ Պալեանին համար գրուած էր, խօսք` Թաթուլ Այնեճեան, երաժշտութիւն` Ժաք Գոճեան:
Չմնաց երգիչ մը, որ չերգէ այդ հիանալի երգը: Քանի՞ հոգի ազնւութիւնը ունեցաւ յիշելու Թաթուլն ու Ժաքը:
Քանի՞ հոգի ազնւութիւնը ունեցած է յիշելու մեր նշանաւոր երգահաններուն ու աշուղներուն անունները:
Հաւատացէ՛ք. ո՛չ ոք:
Տարիները անցան, լիբանանահայ նուագախումբերն ու երգիչները բազմացան եւ յանկարծ, դիպուածով մը, նոր շարժում մը սկսաւ Լիբանանի մէջ, որուն միջոցով սկսաւ տարածուիլ հայ երգը:
Որո՞ւ մտքէն պիտի անցնէր, որ օտար անուններ կրող հայ երգիչներ պիտի հայացնեն իրենց անունները եւ երգեն հայերէն:
Այս շարժումին տրուեցաւ «Էսդրատային» երաժշտութիւն անունը:
Լոս Անճելըս, 2016
(Շար. 1)