ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Ուշ գիշերին ստացանք գոյժը: Մովսէս Պչաքճեան ոչ եւս է: Չհաւատացինք: Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ հեռաձայնած էր Փարիզէն եւ յայտնած` կրկին Հայաստան այցելելու իր ծրագիրին մասին: Երեւանի մէջ «Հայաստան» հրատարակչութեան խնամքով եւ «ՎիվասէլևԷմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի հովանաւորութեամբ հրատարակուող իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ի ութերորդ հատորը պատրաստ էր տպարան երթալու: Պիտի գար այդ առիթով:
Հալէպ ծնած, ատեն մը Պէյրութ ապրած եւ ապա Փարիզ հաստատուած Պչաքճեան, իր օրապահիկը շահելու համար ստանձնած ուսուցչական, քարտուղարական եւ այլ պաշտօններու կողքին, առաջնահերթ նկատեց գրելը: Իր բեղուն գրչին կը պատկանին տասնեակ հատորներ: Փորձեց թատրերգութիւնն ու բանաստեղծութիւնը, հրապարակագրութիւնն ու օրագրութիւնը, ինչպէս նաեւ` թարգմանութիւնը, բայց մնաց գեղարուեստական արձակի վարպետը: Իր գրչին կը պատկանին բազմաթիւ պատմուածքներ եւ վէպեր: Անոր ստեղծած գրականութիւնը թաւալեցաւ սփիւռքահայ իրականութեան շուրջ: Սփիւռքահայու վտարանդի կեանքին վերաբերող հոգեկան եւ զգացական ներաշխարհը, օտար միջավայրի մէջ հայօրէն ապրելու մարտահրաւէրն ու անհեթեթ իրավիճակները, արեւմտահայերէնով ստեղծագործող գրողին վիճակուած դժուարին եւ ապերախտ կացութիւնը եղան իր գրականութեան առանցքը, սակայն` ոչ ամբողջութիւնը: Ան անդրադարձաւ ժամանակակից մարդկութիւնը յուզող ամէն թեմայի եւ արձագանգեց անոնց իր հայ գրողի յատուկ պրիսմակէն: Յատկանշական եղաւ անոր օգտագործած լեզուն: «Մեռնող» արեւմտահայերէնով ան կրցաւ ձեւակերպել ժամանակակից կեանքն ու շրջապատը` լեզուի հանդէպ մեծ բծախնդրութեամբ, հոգածութեամբ եւ գորովով:
Արդարեւ, Մովսէսի անակնկալ մահը խոր վիշտ պատճառեց զինք սիրողներուն ու իր երկերը գնահատողներու սրտերուն:
Հին օրերէն սկսեալ Հայաստան կ՛այցելէր ան` մեծ խանդավառութեամբ: Ինչպէս բովանդակ հայութիւնը, հայրենիքն ու յատկապէս հայ գիրն ու հայ խօսքը կիզիչ մղումներ դարձած էին իրեն համար, որ բնատուր առիթներով ու խոր ներշնչումներով դրսեւորեց զանոնք իր գեղարուեստական ու նաեւ իրապաշտ հատորներուն մէջ: Այլազան առիթներով երբ իրարու հանդիպէինք` Փարիզ, Թորոնթօ, Վենետիկ, Երեւան եւ այլուր, ինծի եւ Էլիզին յաճախ կը խօսէր Հայաստանի եւ հոն փոխադրուելու մասին եւ հայրենի հողին վրայ ստեղծագործել իր ապագայ երկերը:
Մովսէս բուռն կերպով կը հաւատար ազգային հողին ու միջավայրին ունեցած ստեղծագործական ուժին, եռանդին ու անսպառ աւիւնին: Դժբախտաբար, սակայն, տարօրինակ հիւանդութիւն մը քանդել ուզեց իր բնատուր առողջութիւնը: Երկար պայքարեցաւ գրելը, խօսիլը ու գիտցած լեզուները մոռցնել պատճառող այս անսովոր հիւանդութեան դէմ: Ճիշդ է, որ յաղթահարեց զայն, բայց միշտ մնաց առողջութեամբ դիւրաբեկ ու տկար: 2010-էն սկսեալ նոր երկեր ստեղծագործել չկարողացաւ: Իր հոգին աւանդեց ընթացիկ տարուան հոկտեմբերի կիսուն:
Մովսէս երիտասարդ տարիքէն երբ գրելու նուիրուեցաւ, իր ապրած կեանքի թանաքին մէջ թաթխեց իր գրիչը ու անոր ներշնչումով ալ ստեղծագործեց իր մնայուն գործերը: Փարիզի «Մենք»-ի անմոռանալի սերունդին` Շահնուրի, Որբունիի, Շուշանեանի եւ ուրիշներու արժանաւոր յաջորդներէն էր Մովսէս, որ քալեց անոնց ակօսած ուղիէն` աւելի զսպուած ու պահպանողական ընթացքով: Ազգային մայրուղիներէն չքալեց ան, ինչպէս Փարիզի «Մենք»-ի այս պաշտելի տղաքը ըրին, այլ մնաց լուռ ազգային լուսանցքներուն մէջ, համեստ, ինքնամփոփ ու բեղուն:
Սփիւռքի ու Հայաստանի մէջ Մովսէս Պչաքճեանին անունն ու գործը դեռ երկար պիտի յիշատակուին հայ մտքով ու գրականութեամբ զբաղողներուն եւ ընթերցողներուն կեանքին մէջ:
Հայաստանին մէջ արժանի կերպով քանի մը գրական շքանշաններու ու պատիւներու արժանացած է ան. «Մովսէս Խորենացի»` Հայաստանի նախագահի հրամանագրով, «Գրական վաստակի համար»` Հայաստանի Հայ գրողներու միութեան վարչութեան որոշումով, «Ուիլիըմ Սարոյեան»` սփիւռքի նախարարութեան միջոցով:
Արժանի հայ գրող մըն է Մովսէս ու այսպէս ալ պիտի յիշուի դեռ երկար:
Յարգանք ու սէր` իր անունին ու թողուցած վաստակին:
Արժանի՛ է:
Ուշի գ.