Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Գիտաժողով` Նուիրուած Հաշմանդամութիւն Ունեցող Անձերու Հարցերուն

1021handicapped

20 հոկտեմբերին սկսած է «Աշխարհն առանց արգելքներու» խորագրով անդրանիկ միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած է հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներուն մասին ՄԱԿ-ի ուխտի իրականացման:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ գիտաժողովը համախմբած է բազմաթիւ բարձրաստիճան գործընկերներ` ազդարարելով հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքներու աջակցութեան, պաշտպանութեան եւ երաշխաւորման ուղղութեամբ լուրջ քայլերու ձեռնարկման վերջիններուս վճռակամութիւնը:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Ճեմմա Պաղտասարեան կարեւոր նկատելով գիտաժողովը` ըսած է, որ կառավարութիւնը ուխտը վաւերացուցած է 2010-ին` այդպիսով իսկ ստանձնելով հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու  հիմնարար ազատութիւններու, քաղաքական, տնտեսական,  ընկերային-մշակութային կեանքին  այդ անձերուն մասնակցութիւնը ապահովելու պարտականութիւնը:

Նախարարի տեղակալը ողջունած է  ոլորտի հարցերով  մտահոգ պետական եւ հասարակական կառոյցներու  միացեալ ջանքերը, որովհետեւ անոնք համակողմանիօրէն իրենց ամէնօրեայ գործունէութեամբ եւ նուիրումով քայլ առ քայլ կ՛երթան հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու  իրաւունքներու պաշտպանութիւնը բարձր մակարդակի հասցնելու, ընկերային ծառայութիւնները մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ:

«Հաշմանդամութիւն ունեցող մարդոց  ընկերային ներառումը  Հայաստանի կառավարութիւնը ճանչցած է գերակայ ուղղութիւն.  ուստի, այսօր միջգերատեսչական բոլոր ծրագիրներն ու ընելիքները ուղղուած են հռչակուած ուղղութիւնը լիարժէք կեանքի  կոչելուն», իր խօսքին մէջ ըսած է  Ճեմմա Պաղտասարեանը եւ միջազգային գործընկերներուն անգամ մը եւս յիշեցուցած է տարուան կարեւորութիւնը. արդարեւ, Հայաստանի  կառավարութիւնը  2016-ը հռչակած է  հաւասար կարելիութիւններու տարի:  Այս պարունակին մէջ նախարարին տեղակալը նշած է, որ ոլորտին մէջ տակաւին կան բազմաթիւ ընելիք աշխատանքներ, սակայն համագործակցութիւնը, յատկապէս` հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներուն հետ, տուած է  շօշափելի արդիւնքներ:

Գիտաժողովին ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող Պրետլի Պուզեթթոն, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար  Տեպըրա Կրիզըրը եւ տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գիտաժողովի աւարտին արտասահմանէն եկած գործընկերները պիտի այցելեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Գիտաժողովին մասնակցած են տարբեր գերատեսչութիւններու, միջազգային եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Միջազգային գիտաժողովի իրականացման աջակցած են ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրը, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնարկը եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ ֆինանսաւորուող Կենսաթոշակային բարեփոխումներու իրականացման ծրագիրը:

«Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի Հայաստանեան Երգի Եւ Տեսահոլովակի Անդրանիկ Ներկայացումը Կայացած Է

eurovision2016

Կայացած է «Մանկական եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթի հայաստանեան երգի եւ տեսահոլովակի անդրանիկ ներկայացումը: 2016-ին միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթին Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը պիտի ներկայանան «Տարբեր» երգով:

Ներկայացուած տասնեակ երգերէն Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբին որոշումով` «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի բեմին վրայ այս տարի պիտի հնչէ Նիկ Եգիբեանի եւ Աւետ Բարսեղեանի հեղինակած երգը: Մրցութային «Տարբեր» տեսահոլովակի բեմադրիչը Արամայիս Հայրապետեանն է, յայտնած է Հանրային հեռուստաընկերութեան կայքը:

«Երբ ծանօթացայ պատանիներու ձայնային տուեալներուն եւ ոճային առանձնայատկութիւններուն, անմիջապէս հասկցայ, թէ ի՛նչ երգ կը ցանկամ գրել անոնց համար: Իբրեւ արդիւնք` ստացանք այս տարբերակը, որ կը կարծեմ` լաւագոյնս կը համապատասխանէ իրենց: Թէեւ անոնք երգեցողութեան առումով տարբեր են, այնուամենայնիւ, կայ ընդհանուր տրամադրութիւն, որ կը միաւորէ զանոնք», նշած է երաժշտութեան հեղինակը:

Աւետ Բարսեղեանի խօսքով, երգին համար ընտրուած է նիւթ մը, որ պատանիներուն հետաքրքրութեան եւ քննարկումներուն նիւթն է, ինչպէս նաեւ նորաձեւութեան ոլորտի յաւերժական տարբերակումն է` դասականի եւ մարզականի: «Երգը պէտք էր հակադրութիւններու հիման վրայ կազմուէր, պարզ էր առաջին վայրկեանէն, որ աղջիկները արտաքնապէս շատ տարբեր են, զանոնք միաւորած է երգը, ժպիտն ու սէրը», նշած է Ա. Բարսեղեանը:

«Մանկական եւրոտեսիլ-2016»-ը պիտի իրականացուի 14-րդ անգամ ու պիտի կայանայ նոյեմբեր 20-ին` Մալթայի մայրաքաղաք Վալետայի մէջ, որ 2-րդ անգամն է, որ կը հիւրընկալէ մրցոյթը:

Ի դէպ, մրցոյթի կանոններուն մէջ այս տարի քանի մը փոփոխութիւններ մտած են: Մրցոյթին կարելիութիւն ունին մասնակցելու 9-14 տարեկան պատանիները, նախապէս` 10-15-ի փոխարէն: Այս տարի հանուած է հեռուստադիտողի քուէարկութիւնը: Մրցանակակիրին պիտի որոշեն մասնակից երկիրներու մասնագէտ եւ պատանեկան դատական կազմերը, ինչպէս նաեւ` փորձագէտներու դատական կազմի քուէարկութիւնը: Դատական կազմին մէջ պիտի ըլլան 3 եւրոպացի յայտնի արուեստագէտներ: Վերջնականօրէն փոխուած են նաեւ մրցոյթի հեռարձակման ժամերը. Եւրոտեսիլի երկրպագուները կարելիութիւն պիտի ունենան դիտելու զայն ո՛չ թէ գիշերը, այլ` երեկոյեան:

Յայտնենք, որ այս տարի մրցոյթին պիտի մասնակցին 17 երկիրներ` Ալպանիան, Հայաստանը, Աւստրալիան, Պիելոռուսիան, Պուլկարիան, Կիպրոսը, Վրաստանը, Իրլանտան, Իսրայէլը, Իտալիան, Մակեդոնիան, Մալթան, Հոլանտան, Լեհաստանը, Ռուսիան, Սերպիան, Ուքրանիան:

Շէյքսփիրեան 12-րդ Թատերական Փառատօն. 9 Բեմերու Վրայ Աւելի Քան 15 Ներկայացում Ցուցադրուած Է

shakespeare_102016

Հոկտեմբեր 20-26  Երեւանի մէջ կայացած է Շէյքսփիրեան միջազգային 12-րդ թատերական փառատօնը, որ եզրափակուած է «Մասթերսքայա» թատրոնի «Մի անգամ Էլսինորում. Համլեթ» ներկայացումով:

Շէյքսփիրեան միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի հիւրընկալած է մօտաւորապէս 130 մասնակիցի եւ հիւրի 15 երկիրներէ` Մեծն Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Սլովաքիայէն, Լեհաստանէն, Ռումանիայէն, Նիկերիայէն, Ալճերիայէն, Մոնկոլիայէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ այլ երկիրներէ:

Թատերասէր հանրութիւնը կարելիութիւն ունէր դիտելու տրամաթիքական, երաժշտական, մենաներկայացումներ, ֆիզիքական շարժման ներկայացումներ:

Երեւանեան 9 բեմերու վրայ ցուցադրուած է աւելի քան 15 ներկայացում: Փառատօնի ծիրին մէջ ցուցադրուած են Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթաւելիի անուան պետական ակադեմական թատրոնի «Յուլիոս Կեսար», Ուլեանովսքի Ի. Կոնչարովի անուան տրամաթիքական թատրոնի «Եակօ կամ Թրաքթաթ թաշկինակի մասին», Վոլոտիմիր Զաւալնիւկի «Փերետվորենիէ» թատրոնի «Համլեթ», «Մասթերսքայա» թատրոնի «Մի անգամ Էլսինորում. Համլեթ», Սթանիսլավ Սոյքա եւ Քրաքովի երգիչներ երաժշտական խումբի «Շէյքսփիր աքապելլա» ներկայացումները:

Երեւանեան թատրոններէն` Շէյքսփիրեան փառատօնի ծրագրին մէջ հանդէս եկած են` Հ. Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական, Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային, «Փոքր» եւ այլ թատրոններ:

Այս տարի Շէյքսփիրեան փառատօնը հանդէս եկած է տարբեր ծրագիրներով. կայացաւ միջազգային թատերական նախագիծ` գեղարուեստական ղեկավար Յակոբ Ղազանչեան, որուն նպատակն էր միացեալ ներկայացման միջոցով միաւորել տարբեր ժողովուրդներու թատերական մշակոյթները Հայաստան, Ալճերիա, Ռումանիա, Նիկերիա, Պրազիլ, Մոնկոլիա: Բեմ բարձրացաւ թատերական ֆանթազիա Ու. Շէյքսփիրի «Փոթորիկ» ներկայացումի մոթիւներով:

Երեւանի Շէյքսփիրեան փառատօնի պատուաւոր հիւրերու շարքին էին` աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ռոպերթ Ստուրուան, անգլիացի դերասան եւ թատերագիր, Էտինպըրկի թատերական փառատօնի դատական կազմի պատուաւոր անդամ Փիփ Աթթոնը, գերմանացի երաժշտագէտ, տեսաբան, մշակութային տնօրէն Տիեթեր Թոփը, Քրայովայի Շէյքսփիրեան միջազգային փառատօնի տնօրէն, բեմադրիչ Ալեքսանտրու Փրունոն եւ այլ պատուաւոր հիւրեր: Անոնց ղեկավարութեամբ իրականացուած են վարպետութեան դասեր:

Փառատօնի բոլոր մասնակիցներուն տրուած են մասնակցութեան հաւաստագրեր: Հիմնական ներկայացումներու մուտքը եղած է հրաւիրատոմսերով: Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարն է Յակոբ Ղազանչեանը:

Ելեկտրոնային Եւ Դասական-Սիմֆոնիք Երաժշտութեան Համատեղում` Երեւանի Եւ Թիֆլիսի Երաժիշտներու Մասնակցութեամբ

Միւզիք քոլապորէյշըն փրոճէքթ նախագիծը ներկայացուցած է ելեկտրոնային եւ դասական-սիմֆոնիք երաժշտութեան համատեղում, որուն նպատակն է զարգացնել ժամանակակից երաժշտութիւնը եւ երաժշտական նոր միտումներ հասցնել ունկնդիրին:

Նախագիծին առաջին նուագահանդէսը, որուն մասնակցած էին Թիֆլիսի երաժշտանոցի ուսանողական նուագախումբը եւ TSU-ART խումբը, տեղի ունեցած է Թիֆլիսի երաժշտանոցի մեծ դահլիճին մէջ:

Նուագահանդէսի ընթացքին ներկայացուած են TSU-ART Tbilisi State University ելեկտրոնային խումբի ստեղծագործութիւնները, որոնք նուագախումբին համար մշակած է երգահան Յովհաննէս Համբարձումեանը:

Նախագիծին յաջորդ նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Անոր մասնակցած էին Երեւանի եւ Թիֆլիսի երաժշտանոցներու ուսանողական նուագախումբերը, «Անկախութեան սերունդ» համահայկական նուագախումբի երաժիշտները, որոնք Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանողներն են, ինչպէս նաեւ TSU-ART խումբը: Խմբավարը եւ երգահանը Յովհաննէս Համբարձումեանն է:

Երեւանեան նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 24-ին` սենեկային երաժշտութեան տան Իսահակեան 1-ի մէջ:

Երեկոյի հովանաւորներն ու աջակիցներն են` Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութիւնը, Թիֆլիսի քաղաքապետարանը, Թիֆլիսի Վ. Սարաճիշվիլիի անուան պետական երաժշտանոցը, Թիֆլիսի Ի. Ճավախիշվիլիի անուան պետական համալսարանը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը, «Դասական երաժշտութեան աջակցութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, Վրաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերու նախարարութիւնը, Վրաստանի զբօսաշրջութեան վարչութիւնը, DSLR Production-ը:

 «Կլենտէյլ-Էտվենթիսթ» Կեդրոնի Եւ «Հայաստան» Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Միացեալ Ջանքերով` Մարդասիրական Ծրագիր

glendale-adventist_101616

Ամերիկեան «Կլենտէյլ-Էտվենթիսթ» բժշկական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի աջակցութեամբ, Միացեալ Նահանգներէն ժամանած շուրջ հինգ տասնեակ բարձրակարգ մասնագէտներու խումբը 16-21 հոկտեմբերին Նոյեմբերեանի հիւանդանոցին մէջ անվճար բժշկական ծառայութիւններ մատուցեց Տաւուշի ու Լոռիի մարզի աւելի քան 1000 հիւանդի: Մասնաւորապէս կատարուեցան ընդհանուր վիրաբուժական, ակնաբուժական, դիմածնօտային, կնախտաբանական վիրահատութիւններ, բուժական ծառայութիւններ, հետազօտութիւններ: Նախաձեռնութիւնը գլխաւորեց կեդրոնի նախագահ Քեւին Ռոպըրթսը:

Հայաստան ժամանած մասնագէտներու առաջին խումբը տեղւոյն վրայ պատրաստեց բժշկական սարքաւորումները, գործիքները, դեղորայքը, որոնք նախապէս առաքուած են Միացեալ Նահանգներէն եւ նուիրուած հիւանդանոցին: Նախապատրաստական աշխատանքները կատարուեցան ամերիկեան առողջապահական չափանիշներուն համապատասխան:

Մարդասիրական այս առաքելութեան շնորհիւ «Կլենտէյլ-Էտվենթիսթ» կեդրոնի մասնագէտները նախորդ տարի հիւանդանոցին մէջ կատարած են քառասուն տարբեր բարդութիւն ունեցող վիրահատութիւն եւ սպասարկած աւելի քան 900 բնակիչի: Նախաձեռնութեան ծիրին մէջ ամերիկացի գործընկերները 2015-ին հիւանդանոցին նուիրաբերած են բժշկական օգնութեան սարքերով համալրուած շտապ օգնութեան ինքնաշարժ, սարքաւորումներ, ախտաբանական եւ քննութեան սարքեր, վիրահատական գործիքներ, դեղորայք: Շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մըն ալ հիւանդանոցին նուիրած է հիմնադրամի բարերար, ամերիկաբնակ  Անդրանիկ Պաղտասարեանը:

Նոյեմբերեանի քաղաքային հիւանդանոցի հիմնովին նորոգութիւնը այն ձեռնարկներէն է, որ իրականութիւն դարձած է «Հայաստան» հիմնադրամի քանի մը տեղական մարմիններու` Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Աւստրալիոյ, Լիբանանի միացեալ ջանքերով: Սահմանէն ընդամէնը 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գործող բժշկական հաստատութեան առկայութիւնը ռազմավարական եւ բարոյա-հոգեբանական մեծ կարեւորութիւն ունի մարզին համար:

«Երեւան» Տօնավաճառին Մէջ Պիտի Բացուի Մօտաւորապէս 1000 Աշխատատեղ

yerevan_102716

Հայաստանի մէջ մատչելի գինի եւ սպասարկման բարձր որակի համադրութեամբ նախադէպը չունեցող «Երեւան» տօնավաճառը 27 հոկտեմբերին պաշտօնապէս իր դռները բացաւ այցելուներուն դիմաց` ներկայութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Տօնավաճառին փոքրաքանակ առեւտուրի համար նախատեսուած 400 տաղաւարներու մէջ ներկայացուած են Հայաստանի արտադրող եւ ներածող մեծագոյն ընկերութիւնները: «Մենք արդէն իսկ ունինք 95 տոկոս ծանրաբեռնուածութիւն: Մանրամեծածախ առեւտրի համար նախատեսուած 6 ազատ տաղաւար մնացած է: Ցանկացողները շատ են, մօտ օրէն անոնք նոյնպէս կը տրամադրուին: Բոլոր տաղաւարները օժտուած են հակահրդեհային, տաքացման, հովացման համակարգերով», ըսած է «Երեւան» տօնավաճառի գործադիր տնօրէն Էտկար Առաքելեան:

Անոր համաձայն, տօնավաճառին մէջ վարձու տարածքներուն համար ճշդուած են յարմար գիներ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապրանքը վաճառել մատչելի գիներով: «Այս հանգամանքը մեր տօնավաճառը շատ յաճախորդներ կը բերէ: Ան կը գտնուի նաեւ բանուկ հատուածի մէջ` մեթրոյի կայարանի, միջքաղաքային երթեւեկի միջոցներու հարեւանութեամբ: Տօնավաճառի կայանատեղին նախատեսուած է աւելի քան 1000 ինքնաշարժի համար», ըսած է ան` աւելցնելով, որ տօնավաճառին մէջ կայ նաեւ դրամատուն, ապահովագրական ընկերութիւն, զբօսաշրջական գործակալութիւն, դեղարան, ինքնաշարժ լուալու կայարան, սրճարաններ, ժամանցային տարբեր վայրեր, գրասենեկային տարածքներ, շարժապատկերի սրահ:

«Սիլ Կոնցեռն» ընկերութեան հիմնադիր նախագահ, գործարար Խաչատուր Սուքիասեանի համաձայն, տօնավաճառը կառուցելու համար ուսումնասիրուած է արեւմտեան երկիրներու փորձառութիւնը: 2017 թուականին նախատեսուած է նաեւ պանդոկային տնտեսութիւն կառուցել:

«Երեւան» տօնավաճառը կը գտնուի Սմբատ Զօրավար 11/1 հասցէին վրայ, անոր կառուցումը սկսած է այս տարուան յունուարին, տեղակայուած է 6 հեկտար հողատարածքի վրայ: Ներկայիս եռայարկ է, իւրաքանչիւր յարկ 4 հազար 300 քառ. մեթր տարածքով:

Այս տօնավաճառի գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն է կառուցուած տաղաւարներուն որակի եւ սահմանուած վարձքի բացառիկ համադրութիւնը, այն է` 1 քառակուսի մեթր տարածքի արժէքը ընդամէնը 8 հազար դրամ` մէկ ամսուան համար, ինչպէս նաեւ քաղաքային փոխադրամիջոցներու կարեւորագոյն հանգոյցներուն մօտ գտնուիլը` Երեւանի մեթրոյէն «Սասունցի Դաւիթ» կայարանը, Հայաստանի մարզերէն մայրաքաղաք եկող եւ մայրաքաղաքէն մեկնող փոխադրամիջոցներու կայարան է:

Կառուցման երկրորդ փուլին, 2017-ի ամրան, Երեւան պիտի ունենայ 43 հազար քառակուսի մեթր տարածքով, 850 փոքրաքանակ եւ մեծաքանակ առեւտուրի համար նախատեսուած վաճառքի տաղաւարներով յագեցած, ժամանակակից բոլոր պահանջներուն համապատասխանող տօնավաճառ, որ պիտի ստեղծէ մօտաւորապէս հազար աշխատատեղ` ամսական 150 հազար դրամ միջին աշխատավարձքով:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>