ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Քելբաջարի Ազատագրումը
Արցախի հայ ազատամարտիկները 1993-ի փետրուարի առաջին օրերէն սկսեալ կազմակերպուած յարձակողականով մը յաջողած էին ազատագրել Մարտակերտի շրջանի Կիչան-Վաղուհաս գիծէն հիւսիս տարածուող գիւղերը, ներառեալ` Հաթերքն ու Սարսանգի ամբարտակին ռազմագիտական կարեւորութեամբ շրջանը: Հայ ազատամարտիկները արդէն կը գտնուէին Մարտակերտ քաղաքի դուռներուն: Մինչ այդ, ազերիները այրած էին Մարտակերտը, ինչ որ ցուցանիշ մըն էր թէ անոնք կը պատրաստուէին նահանջել նաեւ այդ գօտիէն:
Միւս կողմէ, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան Անգարայի մէջ համաձայնագիր մը ստորագրեցին, որուն հիման վրայ Պաքուէն դէպի Թուրքիոյ Միջերկրականի ափը երկարող քարիւղատար խողովակ մը պիտի կառուցուէր:
«Ազդակ»-ի 10 մարտ 1993-ի թիւով եւ «ի՞նչ կը հետապնդէ Պաքու-Թուրքիա քարիւղատարին ծրագիրը» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ այդ խողովակը, ըստ պաշտօնական յայտարարութեանց, Ազրպէյճանէն եւ Ղազախստանէն քարիւղ պիտի փոխադրէր դէպի Միջերկրական եւ անկէ` դէպի Արեւմուտք:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ եթէ պահ մը մտածենք, որ քարիւղ արտածելը Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի բնական իրաւունքն է, յետոյ, եթէ նաեւ մտածենք, որ անոնց քարիւղին կարիքը ունեցող արեւմտեան երկիրներու ընկերութիւնները բնականաբար հետաքրքրուած պիտի ըլլան այդ քարիւղատարին իրագործումով եւ, հետեւաբար, բնականօրէն մրցակցութեան մէջ պիտի մտնեն իրարու հետ, հսկայական այդ ծրագիրին իրագործումը ձեռք ձգելու համար, Անգարա-Պաքու այս գործակցութեան մէջ պէտք է տեսնել քանի մը կողմերու տնտեսական շահերու զուգորդումը:
Բայց արդեօք բացարձակապէս տնտեսակա՞ն մտահոգութիւններով ճամբայ կ՛ելլէր այդ ծրագիրը, հարց կու տար Մահսէրէճեան եւ կը շարունակէր. թաքուն նպատակներ կան, եւ կ՛արժէ կանգ առնել մէկ քանի կէտերուն վրայ.
ա.- Պաքու-Միջերկրական խողովակը պիտի անցնէր նաեւ իրանեան հողերէ, որովհետեւ հայ-ազերի տագնապին պատճառով, պէտք էր ետ կենալ խողովակը Հայաստանէն անցընելու փորձութենէն:
բ.- Իրանը կատարուած իրողութեան դէմ յանդիման դնողը` ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիան էր, որ իր արեւմուտքցի դաշնակիցներուն իբրեւ մէկ գործակիցը` կը վերածուէր Իրանի վրայ արեւմտեան ճնշումներու մէկ լծակին:
գ.- Կեդրոնական Ասիոյ քարիւղի աղբիւրները դէպի միջազգային շուկայ հոսեցնելու փորձով, Արեւմուտքի դաշնակից Թուրքիա նաեւ պիտի աշխատէր քանի մը թռչուն մէկ քարով զարնել: Նաեւ` ՕՓԷՔ-ի երկիրները պիտի դիմագրաւէին նոր մրցակիցներ, հետեւաբար նաեւ` նոր ճնշումներ: Յետոյ, Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի քարիւղի հանքերուն արտադրութիւնը յիշեալ խողովակին ճամբով առաջադրած «արեւելեան մանր ՕՓԷՔ-ին» կանխարգիլումը:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. Արեւմուտքին համար խիստ շահեկան եւ գրաւիչ պիտի ըլլար Պաքու-Միջերկրական քարիւղատարի մը ծրագիրը, որուն իրականացման համար կրնային խաղցուիլ «մեծ խաղեր», կրնային ի գործ դրուիլ մեծ ճնշումներ եւ, հայկական հարցերու դիտանկիւնէն` ամէնէն վտանգաւորը` Արցախի դատը կրնար վերածուիլ քաւութեան նոխազի:
* * *
Մինչ Մարտակերտի հիմնական ռազմաճակատներուն վրայ օրերէ ի վեր հանդարտ վիճակ կը տիրէր, հայդուկային ջոկատներ 1993 մարտի 10-ին անակնկալ յարձակում մը գործեցին Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային գօտիին մէջ եւ ազատագրեցին Դաստակերտ, Տոնաշէն եւ Գետիգոմեր գիւղերը (Թարթառ գետի ձախ ափին): Ազերիները մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ տուին:
Յաջորդող օրերուն հայ ազատամարտիկները Մարտակերտի շրջանին մէջ կարեւոր յառաջխաղացք մը եւս կատարեցին եւ ազատագրեցին Ջանեաթաղ եւ Գիւլեաթաղ գիւղերը: Այսպիսով, հայկական ուժերը երեք կողմէ պաշարած եղան Մարտակերտը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի սահմանային գիւղերը եւս թիրախ էին յաճախակի ռմբակոծումներու: Լարուածութիւն ստեղծուած էր Մեղրիի, Իջեւանի եւ Արարատի շրջաններուն մէջ:
Արցախի գրաւեալ հողամասերուն ազատագրական կռիւը կը շարունակուէր քայլ առ քայլ յառաջխաղացքով: Մարտ 25-ին հայ ազատամարտիկները, Մարտակերտի եւ Աղտամի սահմանային շրջաններուն մէջ գրաւեցին ռազմական կարեւորութեամբ երկու բարձունք: Անոնք նաեւ Մարտակերտի հիւսիսային գօտիին մէջ ազատագրեցին Մաղաւուզ եւ Յակոբ Կամարի գիւղերը: Միւս կողմէ, ազերիները, օդուժի օգնութեամբ, յարձակման անցան Ներքին Հոռաթաղի ուղղութեամբ, սակայն հայ ազատամարտիկներու ուժգին հակահարուածին տակ, նահանջեցին մեծ կորուստներով: Յաջորդ օրը անոնք դարձեալ յարձակման անցան, սակայն մարդկային եւ նիւթական վնասներու կողքին, կորսնցուցին նաեւ ուղղաթիռ մը:
Ազերիական ուժերը միաժամանակ յարձակման անցան Հայաստանի հարաւային շրջանին վրայ եւ ռմբակոծեցին Կապանի սահմանային գիւղերը: Ազերիական յարձակումները կատարուեցան ալիք առ ալիք. նախ օգտագործուեցան հեռահաս հրթիռներ, ապա նաեւ` օդանաւեր: Հայկական ուժերը ձեռնարկեցին բնակչութեան անվտանգութիւնը պաշտպանելու գործողութիւններու: Անոնք յաջողեցան լռութեան մատնել թշնամիին կրակի կէտերը, ապա հակայարձակողականով մը, սահմանային երկու շրջաններու մէջ գրաւեցին ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող բարձունքները: Ազերիական ուժերը, խուճապի մատնուած, փախուստի դիմեցին, իրենց ետին ձգելով ահագին քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
* * *
«Ազդակ»-ի 27 մարտ 1993-ի թիւով եւ «Թուրքիոյ խօսքն ու գործը» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Վրաստանի հողերէն անցնող եւ դէպի Հայաստան կազ փոխադրող խողովակը քանի մը անգամ ականահարուեցաւ ձմրան ցուրտ օրերուն: Նոյն շրջանին մէջ, ականահարուցաւ նաեւ շոգեկառքի կամուրջ մը, որուն վրայով, Հայաստան սննդանիւթ ու այլ կենսանիւթեր կը ներածէր Պաթումի նաւահանգիստին ճամբով: Մառնէուլի մէջ տեղի ունեցած այդ ականահարումէն առաջ, Ազրպէյճանի ուժերը Հայաստանի հարաւային Կապանի սահմանային շրջանին վրայ մեծ յարձակում մը գործեցին, որ խորտակուեցաւ: Գրեթէ նոյն օրերուն, Իգտիրի քաղաքապետը յայտարարեց, որ Թուրքիա պէտք չէ արտօնէ Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութեանց թրքական հողերու ճամբով փոխադրութիւնը, այնքան ատեն որ Հայաստան եւ հայերը «ձեռքերը չեն լուացած» Արցախէն: Միշտ նոյն օրերուն, Ժընեւի մէջ, Թուրքիա իր մասնակցութիւնը կը բերէր հայ-ազերի տագնապին խաղաղ լուծման ճիգերուն, յառաջ քշելով Ռուսիոյ հետ իր պատրաստած ծրագիրը:
Ի՞նչ կապ` այս իրադարձութեանց միջեւ, հարց կու տար Մահսէրէճեան եւ կը շարունակէր ըսելով: Կապը ակներեւ է: Թուրքիա արեւմտեան աշխարհէն եւ միջազգային հանրային կարծիքէն կը ներկայանայ իբրեւ չէզոք, հաշտարար եւ խաղաղասէր միջնորդ, այնքան ատեն որ այդ բոլորը չեն անցնիր խօսքի սահմանէն անդին եւ ունկնդիրները տրամադիր չեն այդ խօսքերէն անդին` իրականութիւնները տեսնելու: Գործնապէս, միւսն էր իրականութիւնը, այսինքն` Իգտիրի քաղաքապետին յայտարարութեամբ դրսեւորուած քաղաքականութիւնը, որուն կիրարկման համար օգտագործուող «աքցան»-ին երկրորդ թեւը կը գտնուի ազերիներուն ձեռքը, դերերու յստակ բաժանումով:
Աւելի պարզ բառերով, Թուրքիա կը փորձէր աշխարհը համոզել, թէ ինք խաղաղարար եւ անկողմնակալ միջնորդ է, մինչդեռ գործնապէս ինք եւ իր դաշնակիցը` Ազրպէյճան, կարելի ամէն միջոց ի գործ կը դնէին, Հայաստանը խեղդելու եւ իրենց պայմանները անոր պարտադրելու համար:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով որ այս բոլորին դիմաց, հայկական դիւանագիտութիւնը կը մնար ձեռնածալ, Երեւանի վարիչները կը շարունակէին կիրարկել ջայլամի քաղաքականութիւն եւ յայտարարել, որ Հայաստան եւ Թուրքիա կրնան բարի դրացնութեան յարաբերութիւններ ունենալ եւ գործակցիլ:
***
Ազերիական բանակները ոչինչ կը խնայէին Արցախի մէջ ետդարձի մատնելու համար հայ ազատամարտիկներուն արձանագրած յառաջխաղացքները, սակայն անոնց փորձերը կը բախէին հայ ազատամարտիկներուն արժանի հակահարուածներուն եւ ետ կը մղուէին:
Մարտակերտի եւ Մարտուն-Հատրութ շրջաններուն վիճակը զգալիօրէն սրած էր մարտի վերջաւորութեան: Ազերիական ուժերը Մարտակերտի շրջանին մէջ երկու առանցքներով յարձակման անցան, սակայն մարդկային եւ զինական մեծ կորուստներով ետ մղուեցան:
Ֆիզուլիէն` ազերիական հրետանին կը ռմբակոծէր Մարտունիի եւ Հատրութի սահմանային դիրքերը:
Ազերի բանակները մարտ 30-ին լայնածիր յարձակում մը շղթայազերծեցին Լաչինի անցքին ուղղութեամբ, Հայաստանը Արցախէն խզելու բացայայտ դիտաւորութեամբ: Հայկական ուժերը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տային ազերիական յարձակումին դէմ, որուն համար, ազերիները կը գործածէին թնդանօթներ եւ հրասայլեր:
Միւս կողմէ Մարտակերտի շրջանին մէջ ազերիական հակայարձակումի փորձը ձախողութեան մատնելէ ետք, հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը, իրենց կարգին, հակահարուած տուին թշնամի ուժերու յենակէտներուն եւ յառաջխաղացք արձանագրելով, ազատագրեցին հինգ գիւղ եւս:
Կասեցուեցաւ նաեւ Ներքին Հոռաթաղի վրայ կատարուած ազերիական յարձակումը:
Հայկական հայդուկային խումբերը ազատագրեցին Գիւլիստանը` Շահումեանի սիրտը։ Ազատագրուեցաւ նաեւ Թալիշը:
Սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենային Վերիշէնի համար: Հայկական ուժերը նաեւ յաջողեցան փախուստի մատնել Տօնաշէն եւ Դաստակերտ գիւղերը գրաւող ազերիական ուժերը:
Արցախի հիւսիսային գօտին ազատագրող ազատամարտիկները այսպիսով յաջողեցան միանալ Գիւլիստանի շրջանին մէջ ֆետայական կռիւներ մղող անձնազոհ ֆետայիներուն, որոնք ազերիական գրաւման օրերուն, անընդհատ ահ ու սարսափի մատնած էին թշնամի ուժերը, իրենց ֆետայական յաճախակի գործողութիւններով:
Հայկական ուժերը միաժամանակ մեծ յարձակում մը գործեցին Հայաստանը Արցախէն բաժնող հողամասին վրայ, Քելբաջարի ուղղութեամբ:
Հայկական ուժերը, հրասայլերով եւ օդանաւերու օժանդակութեամբ, երկու առանցքներով յարձակման անցան Քելբաջարի շրջանին վրայ: Անոնք Քելբաջարի մօտ գրաւեցին 12 գիւղ, իսկ Լաչինի հիւսիսային գօտիին մէջ, մեկուսացուցին 20 գիւղ:
Հայկական ուժերը մարտ 31-ին մինչեւ հինգ քիլոմեթր մօտեցան Քելբաջարի եւ ռմբակոծեցին քաղաքը, որ Հայաստանը Արցախէն բաժնող հողամասին մէջ ազերիական մեծագոյն քաղաքն էր: Գիշերը հայկական ուժերը պահ մը դադրեցուցին յարձակումները, որպէսզի շրջանի բնակիչները առիթ ունենան հեռանալու գօտիէն: Միաժամանակ մեծ հրդեհներ ծագեցան քաղաքին մէջ:
Հայկական ուժերը ապրիլ 2-ին մտան Քելբաջար, քաղաքի փողոցներուն մէջ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան: Շրջակայ 25 գիւղերը եւս գրաւուեցան հայկական ուժերուն կողմէ:
Ազրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյ ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարեց Ազրպէյճանի մէջ, դիմագրաւելու համար «հայկական զինուորական յարձակումը»:
Քելբաջարի ազատագրումով, Արցախ երկրորդ ուղիղ գիծով մը միացաւ Հայաստանի, իսկ հիւսիսային եւ հարաւային (Լաչինի) այդ գիծերուն միջեւ գտնուող գիւղերը, շուրջ 55 հազար բնակիչներով, պաշարման օղակի մէջ առնուեցան: Այդ գիւղերու բնակիչները սկսան հեռանալ շրջանէն, անցնելով ձիւնածածկ լեռներէն, ոմանք ալ ուղղաթիռներով տեղափոխուեցան: Անոնք ապաստանեցան աւելի հիւսիս գտնուող շրջաններ` Գանձակ, Դաշքեսան, Խանլար եւ Շահումեանի շրջանը: Գիւղացիներէն շատեր իրենց ոչխարներու հօտերով հեռացան: Հայկական ուժերուն հրահանգ տրուեցաւ կրակ չբանալ հեռացող ազերիներուն կամ զանոնք փոխադրող ուղղաթիռներուն վրայ:
Արցախի ուժերը յարձակման անցան նաեւ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ:
«Հայկական յարձակումները» դիմագրաւելու համար, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները նոր զօրաշարժի ձեռնարկեցին եւ մինչեւ իսկ կիներ զինուորագրեցին, յատուկ ջոկատներ կազմելու համար:
Քելբաջարի շրջանի ազատագրումով Հայաստանի արեւելեան շրջանի Գորիս-Վարդենիս գօտին փրկուեցաւ ազերիական ամէնօրեայ յարձակումներէն, ռմբակոծումներէն եւ աւազակային գործողութիւններէն:
«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Հայաստանը պաշարման հեղձուցիչ օղակի մէջ առած Ազրպէյճան ու զայն հովանաւորող Թուրքիան անհանգիստ են եւ ձեռնարկած` Հայաստանի ու Արցախի դէմ քարոզչական արշաւներու, առանց մէկդի ձգելու սպառնալիքները, որոնք, խորքին մէջ, իրենց իսկական դիմագիծը բացայայտող եւ ինքզինք իրողապէս դատապարտող արտայայտութիւններ են:
Յաջորդող օրերուն Քելբաջար քաղաքին ու անոր շրջակայ գիւղերուն բնակիչները կը շարունակէին խաղաղօրէն հեռանալ Արցախի ուժերուն ենթակայ դարձած գօտիէն: Անոնք կ՛ուղղուէին դէպի Արցախի հիւսիսային շրջանները: Գանձակ հասնող գաղթականներ գանգատեցան, որ միջազգային ընտանիքը լքած է զիրենք. անոնք նաեւ խոստովանեցան որ հայկական Կարմիր խաչի տարրերը օգնութեան հասած են ազերի գաղթականներուն: