Ռ. Հ.
Ամէն անգամ որ լաւ բան մը կը պատահի կեանքիս մէջ, կ՛ուրախանամ անշուշտ, փառք կու տամ այդ պատահածին համար, կը գոհանամ անով:
«Աւելին մի՛ ուզեր, այսքանն ալ կը բաւէ քեզի, այսքանով ալ երջանիկ ես արդէն», կ՛ըսեմ ես ինծի:
Աւելին մի՛ ուզեր:
Գիտեմ, որ աշխարհի վրայ մեծ թիւ կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք քիչով չեն գոհանար, որոնք եղածով չեն բաւարարուիր, եղածը քիչ կը գտնեն, աւելիին կը ցանկան: Մեծ թիւ կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք կը շահին ու կը շահին եւ դեռ ալ աւելի շատը շահելու ճիգ կը վատնեն: Մեծ թիւ կը կազմեն այն մարդիկը, որոնք համբաւի ետեւէ կը վազեն ու իրենց ձեռք բերած համբաւը քիչ կը գտնեն, աւելին կը փնտռեն: Ամէն մարզէ ներս կան աւելին ցանկացողներ, աւելի շատը փնտռողներ: Անոնք չեն անդրադառնար, որ աւելիին սահմանը չկայ, աւելիին աւելին կայ անպայման, եւ այս երկրագունդի վրայ ապրող մահկանացուներէն ո՛չ մէկը պիտի կարենայ երթալ մինչեւ աւելիին վերջակէտը: Ան, որ շարունակ աւելին պիտի պահանջէ, օր մը անպայման յուսախաբ պիտի ըլլայ:
Ուրեմն աւելի իմաստուն ու խոհեմ մերձեցում է ամէն ուրախութեան դիմաց ողջունել այդ ուրախութիւնը, իր կուրծքին սեղմել այդ ուրախութիւնը, շնորհակալ ըլլալ անոր համար եւ ըսել. «Աստուա՛ծ իմ, այսքանն ալ կը բաւէ ինծի, ես աւելին ցանկացողը չեմ: Կը բաւէ, որ վայելեմ եղածը»:
Բայց մեր կրօնը մեզի ըսած է ու երբեմն եկեղեցւոյ խորաններուն վրայ ալ գրուած է:
«Ուզէ, եւ պիտի տրուի»:
Կրնա՞նք մենք այս խնդրին նայիլ նաեւ այս տեսանկիւնէն:
Ո՛վ որ ուզելու քաջութիւնն ու համարձակութիւնը չունի, ոչինչ պիտի ստանայ: Ժողովուրդներու իմաստութիւնը ըսած է, որ երեխան եթէ չլայ, եթէ չպահանջէ կաթ չի ստանար:
Բայց երեխան, անգամ մը կը կշտանայ, երբեք պիտի չըսէ.
«Աւելին կ՛ուզեմ»:
Երեխան այդ աւելիին դիմաց բերանը անդին պիտի դարձնէ, պիտի մերժէ:
Կ՛երեւի, թէ անոր փոքրիկ ստամոքսը տուփ մըն է, որ եթէ լեցուի, աւելին չի կրնար ընդունիլ:
Հիմա եթէ նստինք ու խորունկ մտածենք այս հոգեբանական ու կենսաբանական կնճռոտ հարցին մասին, պիտի ըսենք, որ «Աւելին ուզել»-ն ալ ունի իր երկու տեսակները, մէկը ժխտական, միւսը` դրական:
«Աւելին ուզել»-ու ժխտական տեսակը անկուշտ ու գձուձ մարդուն պարագան է: Ան կշտանալ չունի. անոր համար իր ունեցածը միշտ լաւ է, բայց քիչ է. ան ամէն վայրկեան կը մտածէ աւելին ունենալու մասին. եւ ինչ որ ամէնէն ժխտականն է, ան այդ աւելիին միշտ տիրանալ կ՛ուզէ միայն իր սեփական քսակին ու սեփական շահերուն համար, հակառակ որ իրականութեան մէջ այլեւս բնաւ պէտք չունի այդ աւելիով աւելիին եւ այդ աւելիով թերեւս կը յափշտակէ ուրիշներու իրաւունքն ու բաժինը:
Իսկ «Աւելին ուզել»-ու դրական տեսակը գաղափարապաշտ ու մարդասէր մարդուն պարագան է: Հոս ալ եղածով չգոհանալու, աւելին ձեռք բերելու տրամադրութիւն մը կայ, բայց ատիկա եսասիրական չէ, իր անձնական քսակին կամ դրամարկղին համար չէ, այլ մարդկութեան հետ բաժնելու համար է, մարդկութեան աւելի բան մը շահեցնելու համար է: Բոլոր տաղանդաւոր ու ստեղծագործ մարդիկը, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջ նոր բան ու աւելի բան կը փնտռեն, եւ որոնց դիմաց գլխարկ կը հանենք, այս դասակարգին կը պատկանին:
Այս պայմաններու մէջ որքա՞ն ճիշդ է արդեօք եղածով գոհանալ ու «Աւելին չեմ ուզեր» ըսել: Ասիկա իմաստութի՞ւն է, թէ՞ տկարութիւն. ասիկա յաղթանա՞կ է, թէ՞ պարտութիւն:
Է՛հ, հոս ալ պիտի ընդունինք, որ այս «Աւելին չեմ ուզեր»-ը պարագային համաձայն բան մը կը շահեցնէ մեզի, պարագային համաձայն ալ բանով մը մեզի կը վնասէ: Հոս ալ ամէն ինչ յարաբերական է, եւ այդ յարաբերականութիւնը մեզ կը զգուշացնէ ընդհանրացումներու երթալու վտանգին դէմ: Ես շատ բան կը շահիմ, կամ ճիշդ կ՛ընեմ, եթէ, ինչպէս ըսի, իրականացած լաւ բանին համար ուրախանամ ու «Աւելին չեմ ուզեր» ըսեմ: Այս կերպով կը խաղաղացնեմ հոգիս ու զայն կը պաշտպանեմ ապագայ յուսախաբութիւններէ: Աւելին թերեւս բնաւ պիտի չգայ, աւելին թերեւս երբեք այսքան լաւ պիտի չըլլայ: Բայց ատոր փոխարէն` շատ բան կրնամ կորսնցնել կամ սխալ գործ տեսած կ՛ըլլամ, եթէ, օրինակ, ստեղծագործական կամ արտադրական աշխատանքի մը արդիւնքով գոհանամ ու «Ասկէ աւելին ստեղծել կամ արտադրել չեմ ուզեր» ըսեմ: Ո՛չ: Այն ատեն ասիկա հրաժարում կը դառնայ, պարտութիւն կը դառնայ:
Վերջին հաշուով, այս բոլորը կապ ունին մարդուն խառնուածքին ու անոր մարմինին մէջ դրուած հոգեբանութեան հետ: Կեանքը արդէն ինքնին ցանկութիւններու, ձեռքբերումներու, նաեւ ձախողութիւններու ու յուսախաբութիւններու փոթորիկ մըն է: Այս փոթորիկին մէջ մարդուս երջանկութիւնը կախեալ է աւելին ուզելու կամ աւելին չուզելու միջեւ հաստատուած տրամաբանական հաւասարակշռութենէ մը: Եւ այդ հաւասարակշռութիւնը մենք իւրաքանչիւրս պիտի հաստատենք մեր խառնուածքին համաձայն: Եւ այսպէս, մենք երբեմն պիտի ծափահարուինք «Աւելին չուզել»-ու մեր տրամադրութեան համար, երբեմն ալ պիտի ծափահարուինք, ընդհակառա՛կը, «Աւելին ուզել»-ու մեր տրամադրութեան համար:
Աստուած մեզի հետ ըլլա՛յ: