Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աուն …Բոլորին Հայրը

$
0
0

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Զօր. Միշել Աուն

Զօր. Միշել Աուն

Նախագահական պալատ վերադառնալու յոյսով 1990-ին Պաապտան լքած զինուորականը` զօր. Միշել Աուն երէկ իրականացուց իր երազը եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ ետք վերադարձաւ «Ժողովրդի տուն»` հաւատարիմ մնալով Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերուն հանդէպ բաց քաղաքականութիւն վարելու եւ համայնքայնութիւնը մերժելու իր սկզբունքներուն եւ անոնց ի խնդիր որդեգրած իր ռազմավարութեան:

Շուրջ երեք տասնամեակ այս երազով ապրած աունականներուն եւ զօր. Աունի վրայ համարում ունեցող մեծ թիւով լիբանանցիներուն համար այս մէկը պատմական նուաճում է, ինչպէս նաեւ յուսադրիչ իրականութիւն` աւելի կայուն, բարգաւաճ եւ նուազ փտած երկիր մը ու սահմանադրական հաստատութիւններ ունենալու առումով:

Ո՞վ է հանրապետութեան նոր նախագահը:

Զօր. Աուն իր ընտանիքին հետ

Զօր. Աուն իր ընտանիքին հետ

Բուն անունով` Միշել Նայիմ Աուն: Ծնած է 17 փետրուար 1933-ին: Ամուսնացած է Նատիա Շամիի հետ եւ ունի երեք դուստրեր` Միրէյ, Քլոտին եւ Շանթալ: Եղած է զինուորական, ապա` քաղաքական անձնաւորութիւն, Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավար: 23 յունիս 1984 – 27 նոյեմբեր 1989 եղած է լիբանանեան բանակի հրամանատար, ինչպէս նաեւ` 1988-ի զինուորական կառավարութեան վարչապետ:

Միշել Աուն իբրեւ կամաւոր յաճախած է Սպայից վարժարանը 1 հոկտեմբեր 1955-ին: Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետեւած է զինուորական ծառայութեան եւ ստացած` բազմաթիւ մետալներ: Իբրեւ զինուորական` բազմաթիւ աստիճանաւորումներէ եւ 29 տարուան ծառայութենէ ետք նշանակուած է բանակի հրամանատար:

Ամին Ժեմայէլի հետ` Պաապտայի մէջ. 22 սեպտեմբեր1988

Ամին Ժեմայէլի հետ` Պաապտայի մէջ. 22 սեպտեմբեր1988

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի յաջորդող այլ նախագահի մը չգոյութեան պատճառով Ժեմայէլ զօր. Աունը, որ օրին բանակի հրամանատար էր,  նշանակեց վարչապետ:

Զօր. Աուն ստանձնեց իշխանութիւնը` կազմելով զինուորական կառավարութիւն, ընդդէմ` քաղաքացիական կառավարութեան մը, որ կը գլխաւորէր Սելիմ Հըս: Այդպիսով Լիբանան ունեցաւ երկու կառավարութիւն:

Զօր. Աունի նպատակը սկիզբէն ի վեր եղած է լիբանանեան համայնքներուն միջեւ բախումներուն եւ տագնապներուն վերջ տալ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանը ազատագրել սուրիական զինուորական եւ քաղաքական լուծէն:

Զօր. Աուն կ՛ողջունէ նախագահական պալատ հասած լիբանանցիներու բազմութիւնը:

Զօր. Աուն կ՛ողջունէ նախագահական պալատ հասած լիբանանցիներու բազմութիւնը:

Այս առումով, 14 մարտ 1989-ին զօր. Աուն Պաապտայի նախագահական պալատի իր նստավայրէն «Ազատագրումի պատերազմ» յայտարարեց սուրիական բանակին դէմ:

Զօր. Աուն պատերազմի յայտարարութիւնը կատարեց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որուն լոյսին տակ 1975-էն ի վեր քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնուող լիբանանցիները` բոլոր շրջաններէն եւ բոլոր համայնքներէն, միասնաբար ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ եւ միաբերան պահանջեցին սուրիական ուժերուն Լիբանանէն հեռացումը: Անոնց որդեգրած հիմնական լոզունգն էր ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն կարգախօսը, որ 16 տարի ետք դարձեալ հնչեց նոյն հրապարակին վրայ, 14 մարտ 2005-ին:

«Ազատագրումի պատերազմ»-ը մղելէն ամիսներ ետք, 22 հոկտեմբեր 1989-ին,  Սէուտական Արաբիոյ միջնորդութեամբ,  կարելի եղաւ յանգիլ Թաէֆի համաձայնագիրին, որով պիտի աւարտէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:

Զօր. Աուն մերժեց Թաէֆի համաձայնագիրին արտաքին պայմանները, որոնց համաձայն,  ամբողջ Լիբանանի տարածքին պիտի տեղակայուէին սուրիական ուժեր` առանց   յստակ ժամկէտ մը ճշդելու, թէ անոնք ե՛րբ պիտի հեռանան Լիբանանէն:

«Ազատագրուած շրջաններուն» մէջ զէնք կրելու իրաւունքը միայն բանակին իրաւասութիւնը նկատելու շրջագիծին մէջ 31 յունուար 1990-ին զօր. Աուն «Ջնջումի պատերազմ» յայտարարեց Լիբանանեան ուժերուն դէմ:

Մղուած բուռն պատերազմէն ետք, 13 հոկտեմբեր 1990-ին զօր. Աուն ձայնագրուած յայտարարութեամբ մը զինուորական պարտութիւն յայտարարեց եւ լիբանանեան բանակէն պահանջեց հրահանգները ստանալ զօր. Էմիլ Լահուտէն:

Նոյն օրն իսկ սուրիական օդուժին եւ Լիբանանեան ուժերուն թնդանօթներուն կողմէ ռմբակոծուեցաւ նախագահական պալատը, ամերիկեան եւ իսրայէլեան օրհնութիւնը վայելող լիբանանեան-սուրիական միացեալ գործողութեամբ մը զօր. Աուն Պաապտայէն փոխադրուեցաւ ֆրանսական դեսպանատուն, ուրկէ ան մեկնեցաւ Ֆրանսա` իբրեւ քաղաքական ապաստանեալ:

Ֆրանսա մեկնելէ առաջ գրաւոր նամակի մը մէջ ան իր հետեւորդներուն հաստատեց, որ անոնց սկսած աշխատանքը անպայման պիտի արդիւնաւորուի:

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ զօր. Աուն կը նկատուի քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն եւ իբրեւ այդպիսին` ան 15 տարի ետք` 2005-ին, Փարիզի իր աքսորավայրէն վերադարձաւ Լիբանան:

Մէկուկէս տասնամեակ գաղտնօրէն գործած, սուրիական ուժերու գոյութեան դէմ պայքարած եւ 14 մարտ 2005-ին, Մայրիներու յեղափոխութենէն ետք, 26 ապրիլ 2005-ին սուրիացի վերջին զինուորին Լիբանանէն հեռացումը վկայած, իրենց ղեկավարին սկզբունքներուն հաւատարիմ եւ ուղեգիծին յանձնառու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններու պատերուն վրայ «Աունը պիտի վերադառնայ» արձանագրութիւններ ձգած  աունականներու ծովածաւալ բազմութիւն մը 7 մայիս 2005-ին ողողեց երկրին փողոցները, յատկապէս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան ու Նահատակաց հրապարակը` դիմաւորելու համար զօր. Աունն ու անոր ընտանիքը:

Աունականները կը նկատեն, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն ետք, 14 մարտ 2005-ին արձանագրուած Մայրիներու յեղափոխութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ զօրակցութիւն էր 15 տարի շարունակ իրենց առանձինն մղուած պայքարին:

Հարիւր հազարաւոր աունականները իրենց ղեկավարին համար ջերմ հիւրընկալութիւն ապահովեցին` անոր վերադարձին տալով հետեւեալ բանաձեւումը. «Հայրենիքին վերադարձը դէպի հայրենիք»:

7 մայիս 2005-ին Ազգային ազատ հոսանքը կը դիմաւորէ իր ղեկավարը` զօր. Աուն:

7 մայիս 2005-ին Ազգային ազատ հոսանքը կը դիմաւորէ իր ղեկավարը` զօր. Աուն:

7 մայիս 2005-ին զինք դիմաւորող հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներու ուղղած իր խօսքին մէջ զօր. Աուն ըսաւ. «Ձեզի խոստացած էի, որ աշխարհը կրնայ ճզմել զիս, սակայն չի կրնար ձեռք ձգել իմ ստորագրութիւնս: Ահա այսօր կը գտնուիմ ձեր մէջ եւ կը հաստատեմ, որ աշխարհը չկրցաւ զիս ճզմել եւ ոչ ալ կրցաւ ստորագրութիւնս ձեռք ձգել»:

Նախքան Պէյրութ ժամանումը, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զօր. Աունը որակեց ծովաշարժ (ցունամի):

Լիբանան ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք զօր. Աուն մասնակցեցաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցած անոր վեց ընտրացանկերէն երեքը պարտութեան մատնուեցան Հըզպալլա-Ամալ-Մուսթաքպալ-Ժոմպլաթ քառակողմ ընտրական դաշինքին պատճառով:

Զօր. Աուն խորհրդարան մուտք գործեց 21 երեսփոխան հաշուող պլոքով մը, որ խորհրդարանին երկրորդ ամենամեծ պլոքն էր:

Հոս նշենք, որ 2005-էն ի վեր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօր. Միշել Աունի քաղաքական դաշնակիցն է եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին:

Ապա ան հիմնեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ ղեկավարեց զայն մինչեւ 2015, երբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար դարձաւ զօր. Աունի փեսան` Ժըպրան Պասիլ:

2005-ի ընտրութիւններէն ետք Ֆուատ Սինիորա նշանակուեցաւ վարչապետ եւ ստանձնեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու պարտականութիւնը:

Զօր. Աուն մերժեց Սինիորայի կառավարութեան մաս կազմել` տարբեր պատճառներով: Անոր մերժումին լոյսին տակ, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի այցելեց զօր. Աունի եւ փորձեց զայն համոզել, որ մասնակցի կառավարութեան: Սակայն Հարիրի չյաջողեցաւ համոզել զօրավարը, եւ կառավարութիւնը կազմուեցաւ առանց անոր մասնակցութեան:

Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ, սէյիտ Նասրալլա եւ զօր. Աուն կը ստորագրեն փոխըմբռնումի համաձայնութիւն. 6 փետրուար 2006

Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ, սէյիտ Նասրալլա
եւ զօր. Աուն կը ստորագրեն փոխըմբռնումի համաձայնութիւն.
6 փետրուար 2006

6 փետրուար 2006-ին զօր. Աուն Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ:

Այդ հանդիպումին ընթացքին զոյգ ղեկավարները ստորագրեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն շնորհիւ` Լիբանանի մէջ կարելի եղաւ իրականացնել իսլամ-քրիստոնեայ յաւելեալ մերձեցում եւ համերաշխութիւն:

21 մայիս 2008-ին զօր. Աուն մասնակցեցաւ Տոհայի խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան մասնակցեցաւ ընտրական օրէնքի բարեփոխումին, ինչպէս նաեւ մաս կազմեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան:

Զօր. Աուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ. 3 դեկտեմբեր 2008

Զօր. Աուն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ.
3 դեկտեմբեր 2008

3 դեկտեմբեր 2008-ին զօր. Աուն արձանագրեց պատմական հսկայ նուաճում մը, երբ ան բարելաւեց Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները` այցելելով Դամասկոս եւ հանդիպում մը ունենալով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Այսպիսով, զօր. Աուն իրականացուց զինուորական կառավարութիւնը ղեկավարած օրերուն իր կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ հետ ինք հեզասահ եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ հաստատել, պայմանաւ որ սուրիական ուժերը հեռանային Լիբանանէն:

2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին զօր. Աունի նախագահած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին թիւը բարձրացաւ 27 երեսփոխանի: Համախմբումը 5 նախարարներով մաս կազմեց 2009 նոյեմբերին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութեան:

2011 յունիսին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ կազմուած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը մասնակցեցաւ 11 նախարարով:

2014 փետրուարին, վարչապետ Թամմամ Սալամի նախագահած կառավարութեան մէջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն թիւը 4 էր:

2 յունիս 2015-ին Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ կատարուեցաւ նպատակներու մօտեցման յայտարարութիւն:

Այդ յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը յանձնառութիւն յայտնեցին` հսկելու Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին, երկրին սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին, շրջանային եւ միջազգային առումով գերիշխանական սկզբունքներու որդեգրումին, օրէնքի միջոցով հարցերու լուծման` առանց զէնքի ուժի դիմելու, լիբանանեան բանակին նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, Լիբանանի ամբողջ տարածքին բանեցնելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը, Լիբանանի նկատմամբ յարգանք պարտադրող արտաքին քաղաքականութեան նախանձախնդրութեան, բոլոր երկիրներու` յատկապէս արաբական երկիրներուն հետ լաւ եւ բարեկամական յարաբերութիւններ մշակելու, Իսրայէլը թշնամի պետութիւն նկատելու եւ անշեղ մնալու պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը պահանջելէ, միջազգային օրէնքներն ու ՄԱԿ-ի բանաձեւերը յարգելու, ազգային երկխօսութեան նիստին որոշումները գործադրելու եւ իսկական հաւասարութիւն ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու:

Զօր. Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ մղուած արիւնալի եւ եղբայրասպան պատերազմին, պատերազմական ոճիրներուն եւ սպանդներուն պատկերները իր յիշողութեան մէջ վառ պահած լիբանանցին,

Մեհրապի մէջ պատմական հաշտութեան պահուն. 18 յունուար 2016

Մեհրապի մէջ պատմական հաշտութեան պահուն.
18 յունուար 2016

18 յունուար 2016-ին գտնուեցաւ այլ պատկերի մը դիմաց, երբ Սամիր Ժահժահ զօր. Աունը հրաւիրեց Մեհրապ եւ պաշտօնապէս առաջադրեց անոր թեկնածութիւնը` նախագահական ընտրութեան: Ժահժահ կոչ ուղղեց նաեւ, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը որդեգրեն զօր. Աունի թեկնածութիւնը:

Ժողովուրդին համար այս քայլը  նկատուեցաւ գերիրապաշտ կեցուածք մը, սակայն քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ յայտարարուած նպատակներուն հիման վրայ վերջ գտաւ թշնամանքը:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու հիմնասիւներէն Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի Ժահժահի կատարած կոչէն 9 ամիս ետք այցելեց Ռապիէ եւ հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ:

Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս կ՛որդեգրէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը. 20 հոկտեմբեր 2016

Սաատ Հարիրի պաշտօնապէս կ՛որդեգրէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը.
20 հոկտեմբեր 2016

20 հոկտեմբեր 2016-ին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս որդեգրեց զօր. Աունի թեկնածութիւնը` հաստատելով, որ այդ իմաստով կան շրջանային եւ միջազգային երաշխիքներ:

Արդէն իսկ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող զօր. Աունի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս որդեգրուեցաւ նաեւ Հարիրիի կողմէ:

Այդ քայլին յաջորդեց քաղաքական այլ ուժերու կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան նկատմամբ զօրակցութիւնը եւ 31 հոկտեմբեր 2016-ին զօր. Միշել Աուն դարձաւ Լիբանանի 13-րդ նախագահը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17132

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>