Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Էրտողանեան Սպառնալիքներ, Հայ Նահատակներ Եւ…Հայկական Լռութիւն

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Վերջերս քաղաքական մեկնաբան մը շատ ճիշդ ձեւով դիտել կու տար, որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան «բազմաթիւ պատերազմներ»: Այսինքն Ռուսիա` ընդդէմ Արեւմուտքի, Սուրիա` ընդդէմ Ծոցի երկիրներու եւ` Թուրքիա, Իրան եւ Ծոցի երկիրներ եւ այլն: Այս «բազմաթիւ»-ներուն վրայ հիմա աւելցած է (աւելի ճիշդ` «տաքցած» է) իրաքեանը` Մուսուլի հարցով:

Մուսուլի մէջ Արեւմուտքը իբր թէ կը պայքարի «գէշ»-երուն դէմ, իսկ Հալէպի պարագային, նոյն «գէշ»-երը իր զինակիցներն են…

Ասոր վրայ աւելցնենք ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ իրականութեան մէջ… «քաղաքականութիւններ» են: Այսպէս, տուեալները ցոյց կու տան, որ գէթ Մ. Արեւելքի մէջ, կան բազմաթիւ «ամերիկեան քաղաքականութիւններ», որոնք շատ յաճախ մրցակից են ու իրերամերժ*, Սպիտակ տունը եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի անմիջական շրջապատը ունին իրենց քաղաքականութիւնը, նոյն նախարարութեան միջին պաշտօնատարները` իրենցը, Փենթակոնը` իրը, «Սի. Այ. Էյ.»-ը` իրը, իրենց ենթազինակիցներով (Ուոլ Սթրիթ, զինուորական ճարտարարուեստ, ուսումնասիրական կեդրոններ եւ այլն): Ու այս բոլորը` «նախագահութեամբ» նախագահի մը, որ արտաքին յարաբերութիւններու բնագաւառէն ներս տակաւին կը մնայ 8 տարի առաջուան իր սիրողական մակարդակին վրայ:

Գումարենք այս բոլորը իրարու վրայ ու առանց բառարան բանալու կրնանք լրիւ ըմբռնել, թէ «թնճուկ» կամ «տագնապ» բառերը որքան թոյլ են ու տկար…

Այս սարսափազդու մեծ պատկերին վրայ է ահաւասիկ, որ Էրտողան սկսած է բացէ ի բաց խօսելու Իրաքէն իր երկրի «պատմական» հողային պահանջներուն մասին, Մուսուլի եւ յարակից շրջաններու մասով (որոնք կ՛ընդգրկեն նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները, թերեւս` Հալէպն ալ), ըսելով, որ ասոնք Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէին: «Փա՞ստ»` օսմանեան շրջանէն արխիւներ կան, կալուածաթուղթեր կան, որոնք այդ «կը հաստատեն»:

Տարբեր խօսքով, Էրտողան բացէ ի բաց կը խօսի Սուրիան եւ Իրաքը անդամահատելու թրքական ախորժակին մասին:

Տրամաբանօրէն կարելի է ակնկալել, որ ըլլա՛յ Արեւմուտքը, ըլլա՛յ Անգարայի հետ տակաւին մեղրալուսինի մէջ գտնուող Ռուսիան պէտք է հակազդէին Էրտողանի այս միտումներուն:

Արեւմուտքը (գլխաւորաբար` Մ. Նահանգներ) չհակազդեց. Ռուսիա` նոյնպէս: Լոզանի դաշնագիրը ստորագրած եւրոպական երկիրները եւս, բերանները ջուր լեցուած եւ «դոդ» աչքերով, միայն նստած են:

Մէկ խօսքով, ճատրակի այս մեծ խաղատախտակին վրայ կը նշմարուի Սուրիոյ եւ Իրաքի անդամահատումի օրակարգ մը, որ յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ կողմէ, բնականաբար` ի շահ իր սահմաններու ընդարձակումին: Այսինքն քարտէսի փոփոխութեան մասին կը խօսուի:

Մեզի համար, իբրեւ հայութիւն եւ Հայաստան, բնականաբար կարեւորութիւն պէտք է ներկայացնէ այս հարցը, մանաւանդ` իր երկսայրի բնոյթով:

Հո՛ս է, որ պէտք է գործէ «մեզի հետ խաղ չկայ» մօտեցումը: Տեսէ՛ք` Ազրպէյճան ամէնօրեայ կշռոյթով եւ անդադար կը խախտէ զինադադարը: Հայկական բանակը նորանոր նահատակներ կու տայ, իսկ հայկական կողմի պաշտօնական լրատւութիւնը սկսած է նմանելու ծոյլ աշակերտներու (կամ լրագրողներու) copy-paste-ին: Նոյնիսկ Լոս Անճելըս նստած մէկը կրնայ գրել հայկական կողմի այդ հաղորդագրութիւնները` զինադուլի խախտումներուն մասին:

Չմեղադրենք Մինսքի համանախագահները, որ նոյն հարթութեան վրայ կը դնեն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը: Մեր ազգային նպատակը այս համանախագահներուն գոհունակ ժպիտին արժանանալը չէ: Արդէն իսկ անոնց այս անգոյն, անդիմագիծ եւ մանաւանդ անհասցէ յայտարարութիւնները կը քաջալերեն Ազրպէյճանը, որ ամէնօրեայ կշռոյթով խախտէ զինադուլը եւ անպատիժ մնայ: Պաքուի մէջ կը հաշուարկեն, որ եթէ իրենց ռազմավարական սերտ դաշնակից Թուրքիա զէնքի ուժով Մուսուլը իրեն կցելու  յայտարարութիւններ կ՛ընէ եւ անպատասխան կը մնայ, ուրեմն… կարելի է նոյնը ընել` այս անգամ Արցախին «ինքնավարութիւն» խոստանալու քողին տակ: Չկասկածիք. Թուրքիոյ` Մուսուլը կցելը եւ Արցախին «ինքնավարութիւն» տալու ազրպէյճանական ճարպիկութիւնը էապէս նոյն բաներն են:

Ուզենք կամ չուզենք` դաժան իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան այսօր փաստօրէն կը գտնուի վերոնշեալ նոյն խաղատախտակին վրայ:

Տարբերութիւնը այն է, որ մինչ Թուրքիոյ պարագային Stop! նշանը ցոյց տուող չկայ (ցարդ), Արցախի պարագային կա՛յ եւ… չկայ: Չկայ, որովհետեւ հայկական կողմը, այս յօդուածագիրին կարծիքով, անհրաժեշտ պատասխանը չի տար ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, իր սաղմին մէջ չի խեղդեր զանոնք` համարժէք ու ազդու պատասխան տալով: Սկսած ենք յօրանջելու ԼՂՀ Պաշտպանական բանակի ամէնօրեայ եւ նոյն կրաւորական բովանդակութեամբ  հաղորդագրութիւններէն. «Իրավիճակը վերահսկում ենք…»:

Դարձեալ այս յօդուածագիրին համոզումով, հայկական դիւանագիտութիւնը ըսելիք պէտք է ունենայ Իրաքի ու Սուրիոյ նկատմամբ Էրտողանի վերջին կեցուածքներուն կապակցութեամբ: Անգարայի սուլթանին առնուազն յիշեցնելու համար, որ եթէ Մուսուլի կապակցութեամբ կան կալուածային «փաստաթուղթեր», մեր պարագային եւս կան թէ՛ կալուածային եւ թէ միջազգային օրէնքի փաստաթուղթեր:

Մինչ իրաքեան կողմը քաղաքական եւ զինուորական կարելիութիւնները չունի Թուրքիոյ հակազդելու, նոյնը չէ պարագան Հայաստանի` ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի:

Անհրաժեշտ է զսպել ազրպէյճանական սանձարձակութիւնները սահմանին վրայ, որպէսզի, ժողովրդային խօսքով, Պաքուի միտքէն «չախալ չանցնի»: Չի բաւեր «ձեր ինքնավարութիւնը ձեզի պահեցէք» խօսքը բերանացիի սահմաններուն մէջ պահել: Այդ յայտարարութիւնը աւելի ազդու կը դառնայ, երբ կը կատարուի ոչ թէ Ստեփանակերտէն կամ Երեւանէն, այլ` Թալիշէն մինչեւ Ջաբրայիլ երկարող սահմանի որեւէ մէկ հատուածէն, «խրամատային» լեզուով:

Բոլորս ալ գիտենք, որ քաղաքական դաշտը դաժան է, եւ հոն հաշուի կ՛առնուի միայն ուժը` իր բոլոր արտայայտութիւններով: Միայն թէ երբեմն պէտք է դիմացինին ալ յիշեցնել այս չոր իրականութիւնը:

* Այս իրերամերժութեան վերջին օրինակը. ամիս մը առաջ Լաւրով եւ Քերրի զինադուլի եւ անոր յաջորդելիք քայլերու շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցին Սուրիոյ հարցով: Երկու օր ետք… ամերիկեան օդուժը, Փենթակոնի հրահանգով, յարձակեցաւ Հասաքէի մէջ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ կռուող սուրիական բանակի դիրքերուն վրայ: Վերէն վար «ցեխոտած» (ուրիշ բառ չգործածելու համար) Քերրի ստիպուեցաւ յայտարարելու. «Սխալ մըն էր, եղաւ»:

 

Լոս Անճելըս
27  հոկտեմբեր 2016

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles