Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մտորում` Հայ Եւ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութեանց Ցեղասպանութեանց Գերմանիոյ Կողմէ Ճանաչումէն Ետք

$
0
0

Hagop-Balian-Ed1Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հարիւրմէկ տարի ետք Գերմանիոյ խորհրդարանը, մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահութեամբ, վերջապէս կը ճանչնար հայոց եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ Ա. Աշխարհամարտի իր դաշնակիցին` Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը` դիւանագիտական լարուած կացութիւն ստեղծելով: Այդ ճանաչումը ցանկացող չէր Գերմանիոյ հզօր վարչապետը` Անկելա Մերքել, եւ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հետ մենաշնորհեալ կապեր ունէր:

Ճանաչման բանաձեւը պարզ էր եւ յստակ, ինչպէս Ֆրանսայի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային, առանց քաղաքական բովանդակութեան, եւ առանց Ցեղասպանութեան հեղինակի անուան յիշատակութեան: Արձանագրենք այդ բանաձեւը. «Յուշ եւ ոգեկոչում Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու` 101 տարի առաջ»: Նման բանաձեւերու եթէ Թուրքիան չհակազդէ, անոնք կը մնան թուղթի վրայ, անարձագանգ եւ կը յուզեն յաղթանակ երազող հայերը:

Բայց աւանդական կերպով Թուրքիան զայրացաւ: Արեւմտեան կարգ մը լրագրողներ չվարանեցան խօսելու «Անգարայի սուլթանի զայրոյթի» մասին: Յաճախ կը խօսուի «սուլթան»-ի մասին: Կը խօսին լրագրողներ, բայց` ոչ պետութիւններ: Կարճատեւ զայրոյթ մը: Այդ զայրոյթին արձագանգելու կրնան ծառայել Գերմանիոյ աւելի քան երեք միլիոն թուրքերը:

Բայց միջոցին գերմանացի երեսփոխաններու դէմ եղան մահուան սպառնալիքներ: Գերմանիոյ իշխանութիւնները չհետապնդեցին այդ սպառնալիքները թելադրողները եւ հեղինակները, որոնք պատմութենէն սորված են «անպատժելիութիւն»-ը: Ճանաչման թեր քուէարկողները ինչո՞ւ դատական հետապնդում չպահանջեցին: Յաճախ լորձնաշուրթն կը խօսինք հայկական «լոպի»-ի մասին, որ ճառ զարդարելու կը ծառայէ: Թող թոյլ տրուի հարցնելու, թէ ո՞ւր կը գտնուի այդ «լոպի»-ն, պաշտպանելու համար մահուան սպառնալիք ստացող Գերմանիոյ Պունտեսթակի անդամները` շարժման ենթարկելով միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները:

Հանրային կարծիքին յիշողութիւնը կարճ է:

Բայց Ռեճեփ Էրտողանի յիշողութիւնը, ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, միշտ արթուն է ամբոխային մտայնութեան կեր հայթայթելու համար: Երբեմն պէտք է յիշել, մանաւանդ յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիան կը դարպասեն չանհանգստանալու համար, թէ ի՛նչ ըսած էր ան 2008-ին, Գերմանիոյ մէջ, երբ դեռ վարչապետ էր, որ` «Ձուլումը մարդկութեան դէմ ոճիր էր»: Ի՞նչ ըսել ուզած էր Էրտողան: Ի՞նչ պէտք էր, որ հասկցած ըլլային Գերմանիոյ ղեկավարները: Գերմանիա բնակող շուրջ երեք միլիոն թուրքերը հոն կ’ապրէին Թուրքիա ապրելու պէս: Թուրքիոյ ընտրութիւններուն առիթով հոն կը կազմակերպուէին հանրաժողովներ: Այդ երեք միլիոն թուրքերը գրաւման բանա՞կ էին:

Իրաւական եւ օրէնքով առաջնորդուող կազմակերպուած Գերմանիան չէր կրնար չիմանալ այդ յայտարարութիւնը եւ անոր մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակները: Քաղաքական կեանքին հետեւող զարմացած անձը հարց կրնայ տալ, թէ ինչպէ՞ս առանց հակազդելու կը մնան այդ երկրի ղեկավարները:

Հակազդեցութեան բացակայութիւնը եւ անպատժելիութիւնը միշտ հրաւէր եղած են կրկնելու ոտնձգութիւնները, չարագործութիւնները: Երբեմն կը յիշեցնեն Հիթլերի խօսքը` Լեհաստան ներխուժման նախօրեակին, թէ` «Ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը»: Այդպէս ալ, Գերմանիայէն ետք, Ֆրանսա, Լիոնի մէջ, 2014-ին, նոյն Ռեճեփ Էրտողանը Ֆրանսայի թուրքերուն կ’ըսէր այն, ինչ որ ըսած էր Գերմանիոյ թուրքերուն: Եւ որովհետեւ հակազդող չկար, ոչ ոք զինք կարգի կը հրաւիրէր, որ միջամուխ կ’ըլլար այլ երկրի մը ներքին գործերուն: 2015-ին, կրկին Ֆրանսայի մէջ, Սթրազպուրկ, թրքական սփիւռքին իր խօսքը ուղղելով` Էրտողան կ’ըսէր, որ Թուրքիան իսկական քաղաքակրթութեան պաշտպանն էր, ընդդէմ Եւրոպայի, որ վարակուած էր այլատեացութեամբ, իսլամատեացութեամբ եւ ցեղապաշտութեամբ: Այս չէր կրնար լսած չըլլալ Եւրոպան: Բայց ինչո՞ւ կը լռէր, ինչո՞ւ կ’ընդունէր զրպարտութիւնը, վիրաւորանքը:

Շնորհակալ կ’ըլլանք, որ Գերմանիա, Ֆրանսա եւ ուրիշ երկիրներ, քաղաքապետութիւններ, կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բայց ո՞ւր պատահած ցեղասպանութիւնը, որո՞ւ կողմէ, ինչո՞ւ: Նման հասցէներու ճշդումը շրթներ կ’այրէ:

Ի՞նչ եղած է իրաւունքի վերականգնման տեսակէտէ բոլոր ճանաչումներու արդիւնքը: Երբեմն մենք մեզի պէտք է ուղղենք այս պարզ հարցումը, գէթ` մենք մեզի համար, ազգի քաղաքականութիւնը մշուշէ դուրս բերելու համար:

Ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները ակնկալուած «ճանաչում»-ներու, որո՞նց համար ուժ եւ ժամանակ կը մսխենք: Ի՞նչ բանի եւ որո՞նց կը ծառայէ ճանաչումներու աղմուկը: Հայելիին դիմաց կանգնելով` «էսթէպլիշմընթ»-ը երբեմն ալ կրնայ մտածել այս հարցման պատասխանին մասին:

Յաճախ կը յիշեմ մեծ բանաստեղծ Վիքթոր Հիւկոն, որ ըսած է. «Կարմիր գլխարկ դրի հին բառարանին»:

«Կարմիր գլխարկ»-ի ռազմավարութիւն եւ քաղաքականութիւն կը վարե՞նք մենք մեզի եւ մեր բարեկամներուն հետ:

Ճշմարտութեան աստեղային պահու մը պէտք է պատասխանել…առանց «ղեկավարական» ճապկումներու:

Յիշողութեան ինքնամտարկումէն անդին` ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի հաստատենք եւ հաստատեն արդարութիւնը եւ իրաւունքը:

Ո՞վ չի տեսներ, որ նոյն Թուրքիան կը շարունակէ իր «սուլթանական» քաղաքականութիւնը` կրկնելով այն, ինչ որ ըրած է անցեալին, մարդկային իրաւանց եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման մունետիկ հաւկուրութենէ տառապող քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ:

Ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու` չգիտցանք, չէինք գիտեր:

6 սեպտեմբեր 2016, ք. Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>