ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խորհուրդի հովանաւորութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային շեփորախումբի յանձնախումբի առաջարկով եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ 15 եւ կիրակի 16 հոկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ երկօրեայ դաստիարակչական սեմինար մը՝ ՀՄԸՄ-ի Ժունիի ակումբին մէջ:
Այս սեմինարին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբի անդամները: Սեմինարը ընթացք առաւ «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք մասնակիցներուն բացատրուեցաւ սեմինարին նպատակը: Շեփորախումբին անդամները սեմինարին ընթացքին ստացան միութենական եւ սկաուտական զանազան գիտելիքներ, ինչպէս` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան պատմութիւնն ու գործունէութիւնը, որ ներկայացուց Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան, «ՀՄԸՄ-ի պատկանելիութիւն»-ը նիւթը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ սկաուտական ներկայացուցիչ Վաչէ Նաճարեան, «ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կարգերը, աստիճանները, պաշտօնները եւ սկաուտական տարազը» նիւթը ներկայացուց Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ քոյր Աննա Քէօմպեճեան, ինչպէս նաեւ «ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր կառոյցը` ժողովներն ու մարմինները» նիւթը ներկայացուց Շրջանային պարմանուհի ճիւղի խմբապետ Ռուբինա Խայեաթ: Սեմինարը աւարտեցաւ կիրակի կէսօրին, «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով:
Հարկ է յիշել նաեւ, որ սեմինարին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային շեփորախումբի յանձնախումբին անդամները: Սեմինարի մասնակիցներուն այցելեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներն ու ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդը:
Շեփորախումբի անդամները երկու օրերու ընթացքին հարստացուցին իրենց միութենական եւ սկաուտական գիտելիքներն ու ընկերային մթնոլորտի մը մէջ անցուցին հաճելի պահեր: