ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, լաւապէս գիտակցելով համաշխարհային սկաուտական կարգերուն մէջ «փայտէ պեճ»-ի (Վուտպէճ) կարեւորութիւնը, ծրագրեց կազմակերպել համաշխարհային առաջին կարգի` «փայտէ պեճ»-ի գիտելիքներու տեսական սեմինար մը (հարկ է յիշել, որ այս կարգերուն գործնական հանգրուանները կը կազմակերպուին միայն Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ):
Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերէն 50 խմբապետներ մասնակցեցան Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած «Փայտէ պեճ»-ի գիտելիքներու տեսական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ 24 եւ կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2016-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Սեմինարը ընթացք առաւ յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին: Դրօշակի արարողութենէն առաջ խմբապետները իրենց ճիւղերուն համապատասխան խումբերու բաժնուեցան` գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլի ճիւղերու խմբապետները կազմեցին վոհմակին կարմիր, կապոյտ եւ կանաչ վեցեակները, արի-արենուշներու խմբապետները կազմեցին սկաուտական խումբի` առիւծ եւ աղուէս խմբակները, իսկ երէց-պարմանուհիներու խմբապետները կազմեցին փաղանգին 2 տասնեակները: (Հարկ է յիշել, որ նախապէս 2 փայտիկի տիրացած քոյրեր ու եղբայրներ ստանձնած էին սեմինարի ընթացքին խումբերու պատասխանատւութիւնը. Լոռի Պիլալեան նշանակուած էր պատասխանատու վոհմակին, Մենար Պոյաճեան` սկաուտական խումբին, Մելքոն Պապէեան` փաղանգին, իսկ Մկրտիչ Գէորգեան` օժանդակ սիմինարի գործադրութեան): Ապա 4 փայտիկի տիրացած եւ սեմինարի պատասխանատու, շրջանային պարմանուհի ճիւղի խմբապետ Ռուբինա Խայեաթ խմբապետներուն բացատրեց համաշխարհային «փայտէ պեճ»-ի կարգերուն ու անոնց կարեւորութեան մասին: Ապա տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:
Դրօշակի արարողութեան յաջորդեց դասախօսական շարք մը. առաջին դասախօսն էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր խմբապետ Հասան Համուտը, որ ներկայացուց «Սկաուտական գործելակերպ» նիւթը: Անոր յաջորդեց 4 փայտիկի տիրացած, շրջանային արծուիկ ճիւղի խմբապետ Լենա Գրիգորեանին ներկայացումը` «Սկաուտական` գայլիկական, արիական եւ երէցական շրջանները» նիւթը, ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց համաշխարհային սկաուտութեան պատմութիւնն ու համաշխարհային սկաուտութեան կառոյցը, իսկ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի գայլիկ-արծուիկ ճիւղերու խմբապետ Ռուբինա Խայեաթ ներկայացուց արաբական աշխարհի սկաուտական եւ յատկապէս Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի կազմութեան պատմութիւնը:
Դադարէ մը ետք շարունակուեցան դասախօսական շարքերը. Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի ներկայ ընդհանուր խմբապետ Ճորճ Նիսի ներկայացուց «Սկաուտական շարժման սկզբունքներն ու նպատակը», ապա ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Արտա Զէյթունլեան խմբապետներուն բացատրեց սկաուտութեան ամէնէն կարեւոր հիմքերէն 2-ը` խմբակային դրութիւնն ու կարգապահութիւնը, որմէ ետք 3 փայտիկի տիրացած շրջանային արի ճիւղի խմբապետ Պետիկ Գասպարեանին հետ միասին կատարեցին գործնական կարգապահական հրահանգներ:
Երեկոյեան ընթրիքին յաջորդեց 3 փայտիկի տիրացած նախկին շրջանային լրատուական եւ հաղորդակցութեան պատասխանատու խմբապետ Թամար Քէշիշեանին դասախօսութիւնը` «Բանակցութեան եւ հաղորդակցութեան» մասին, որմէ ետք խումբերը պատրաստուեցան խարուկահանդէսին եւ հաճելի պահեր անցուցին` երգելով, կանչերով, հանելուկներ լուծելով եւ խաղերով:
Սեմինարին երկրորդ օրուան առաջին դասախօսն էր Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախկին ընդհանուր խմբապետ Ուասիմ Զէյնը, որ խօսեցաւ սկաուտական յայտագիրներու կազմակերպումի եւ նպատակներ ճշդումին մասին, ապա «Սքութ տիւ Լիպան»-ի խմբապետ Մարի Քլոտեւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Ֆարես Խալիֆէ ներկայացուցին ինչպէս պատրաստել սկաուտական տարեկան ծրագիրը եւ խմբակներու հետ գործնական աշխատանքներէ ետք կատարեցին իրենց ցուցմունքները:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ սկաուտական կարգ մը գիտելիքներու վերաքաղ, ինչպէս` մորսի այբուբենը, կապեր ու հանգոյցներ, նաեւ` խմբակային խաղեր:
Դասախօսութիւններու շարքին էր նաեւ աշխատանքներու քննարկում ու տեղեկագիր պատրաստելու կարեւորութեան մասին նիւթը, որ ներկայացուց քոյր Ռուբինա Խայեաթ:
Ճաշի դադարէն ետք ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նախկին Շրջանային ընդհանուր խմբապետ, 4 փայտիկի տիրացած Ժանօ Քեչեճեան դասախօսեց «Անհատի մը տարիքային շրջաններու» մասին:
Հարկ է յիշել նաեւ, որ սեմինարին ընթացքին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները եւ Շրջանային խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն տուին մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդները:
Սեմինարի աւարտին տեղի ունեցաւ սեմինարի արժեւորում եւ վկայականներու բաշխում: Սեմինարը պաշտօնապէս աւարտեցաւ դրօշակի արարողութեամբ ու «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգի երգեցողութեամբ:
Այս սեմինարը կը միտէր քաջալերել մասնակիցները եւ վերաքաղ մը կատարել խմբապետներու գիտելիքներուն մասին, որպէսզի խմբապետները աւելի ինքնավստահ մասնակցին ու տիրանան համաշխարհային կարգերուն` «փայտէ պեճ»-ի փայտիկներուն: