Քանատայի Շրջանային Հայ դատի յանձնախումբը բոլորեց իր յիսնամեակը:
21 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիսնամեակի հանգանակային հիւրասիրութիւն մը, որ կը նպատակադրէր հանգանակութեամբ հաւասարակշռել յանձնախումբին պիւտճէն` կարենալ շարունակելու համար տարուող աշխատանքները:
Քանատայի Շրջանային Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Մարիան Դաւիթեան վարեց ձեռնարկը: Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց քաջալերանքին եւ ներկայութեան համար, ապա հիմնաւորեց Հայ դատի աշխատանքները եւ խնդրեց նիւթական եւ ֆիզիքական զօրակցութիւն ցուցաբերել:
Յաջորդ խօսք առնողն էր ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանը, որ անգամ մը եւս հաստատեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հովանաւորութիւնն ու նեցուկը` Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ շատ հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց վերջին 15 տարիներուն տարուած աշխատանքներուն եւ անոնց նշանակութեան` շեշտելով Օթթաուայի մէջ գործօն գրասենեակի մը կարեւորութիւնը: Տօնապետեան ներկայացուց նաեւ յանձնախումբին պիւտճէն` տարեկան 125 հազար տոլար, ընդդէմ թուրք-ազերիական միլիոններուն: Ան յայտնեց, որ տարբեր հանգանակային ձեռնարկներ կատարած են եւ պիտի կատարեն քանատահայ տարբեր գաղութներուն մէջ` հանգանակելու համար 250 հազար տոլար: Խօսքի աւարտին Տօնապետեան ներկայացուց Հայ դատի գրասենեակի նորանշանակ գործավար Սեւակ Պէլեանը:
Քանատայի Հայ դատի աշխատանքները ներկայացուց Շրջանային Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան: Ան խօսեցաւ տարուած աշխատանքներուն մասին` մատնանշելով յատկապէս անոնք, զորս կարելի չէ եղած իրականացնել նիւթական պատճառներով: Ան շեշտեց, որ հայութեան յաջողութիւնները հասած են իրենց գագաթնակէտին, երբ միասնական եւ հաւաքական աշխատանք տարուած է, երբ իւրաքանչիւր անհատ կամ կազմակերպութիւն ի մի բերած է իր գիտելիքը եւ տաղանդը` հաւաքական աշխատանքի յաջողութեան համար:
Թորոնթոյի Հայ դատի աշխատանքները ներկայացուց ատենապետ Զոհրապ Սարգիսեան. անոր յաջորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանին ելոյթը: Մէջբերելով Մարթին Լուտեր Քինկէն դրուագներ եւ խօսքեր, որոնք կ՛առնչուին նպատակաուղղած եւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան, Համբարեան յորդորեց ներկաները` նուիրել, մղիչ ուժ հանդիսանալ, նաեւ վեր առաւ Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան համար սփիւռքի մէջ տարուած աշխատանքները` շեշտելով սփիւռքի կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկի վերջին խօսք առնողն էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի աշխատանքներու պատասխանատու Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որ ներկայացուց Հայ դատի սահմանումը եւ համաշխարհային կառոյցը` շեշտելով` «Մեր կամաւորները եւ հաւատքը` իրենց գումարներուն դէմ» գաղափարը:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին ներկաները մտերմիկ մթնոլորտի մէջ շարունակեցին երեկոն եւ հանգանակեցին 60.000 տոլար: